Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Համաձայն Գտնուեցաւ Եւրոպական Դրամատուն Հիմնելու Համաձայնագիրին Միանալու
Արտաքին եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբը երէկ` նախագահութեամբ երեսփոխան Ապտել Լաթիֆ Զէյնի եւ ներկայութեամբ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի ու երեսփոխաններ Ֆարիտ Խազենի, Խտըր Հապիպի, Խալետ Զահրամանի, Ժոզեֆ Մաալուֆի, Մոհամետ Քապպանիի, Քասեմ Հաշեմի, Ալի Պազզիի, Ուալիտ Խուրիի, Նաուաֆ Մուսաուիի, Անթուան Սաատի, Ալի Ամմարի եւ Ֆատի Քարամի, գումարեց իր ընթացիկ նիստը: Նիստին ընթացքին յանձնախումբը վաւերացուց Լիբանանի կառավարութեան եւ...



















