«Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին կողմէ սփռուած «Տումա Քարասի» յայտագիրին ընթացքին անյայտ կորսուած իմամ սէյիտ Մուսա Սատըրի թղթածրարին եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի մասին կատարուած անդրադարձները ընդվզեցուցին Ամալ շարժումի երիտասարդ համախոհները, որոնք նախանցեալ երեկոյեան յարձակեցան «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին վրայ եւ նիւթական մեծ վնասներ պատճառեցին կայանին` շէնքը քարկոծելու եւ զայն քոքթէյլ մոլոթովներու եւ պայթուցիկներու թիրախ դարձնելու քայլերով:
Արձանագրուեցան նաեւ մարդկային վնասներ: Կայանը հաղորդեց, որ թեթեւօրէն վիրաւորուած են «Ժատիտ»-ի անձնակազմի անդամ քամերամեններ:
Պաշտպանութեան եւ ներքին գործոց նախարարներուն ցուցմունքներով բանակն ու ներքին ապահովութեան ուժերը անմիջապէս փութացին դէպքին վայրը, ուրկէ յաջողեցան ցրուել ցուցարարները, որոնց արարքները վերածուած էին խուլիկանութեան:
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն, վարչապետ Սաատ Հարիրի, ներքին եւ արտաքին գործոց նախարարներ Նուհատ Մաշնուք եւ Ժըպրան Պասիլ, Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն, ինչպէս նաեւ այլ անձնաւորութիւններ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցան «Ժատիտ» կայանի տնօրէնութեան հետ եւ դատապարտեցին կայանին դէմ գործուած յարձակումը:
Պաշտպանութեան նախարար Եաագուպ Սարրաֆ իր ցուցմունքները տուաւ բանակի հրամանատարութեան եւ համապատասխան կառոյցներուն` վերջ տալու համար կատարուող անկարգութիւններուն եւ հակակշռելու համար կացութիւնը:
Իր կարգին, ընդհանուր դատախազ Սամիր Համմուտ շեշտեց, որ ապահովութեան ուժերը պիտի ձերբակալեն բոլոր ցուցարարները, որոնք յարձակում գործած են «Ժատիտ» կայանին դէմ:
Տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշի իր կարգին շեշտեց, որ որեւէ լրատուամիջոցի դէմ գործուած յարձակում մերժելի է եւ դատապարտելի` աւելցնելով, որ ինք բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիէն խնդրած է միջամտել եւ վերջ տալ յարձակումին` աւելցնելով, որ ինք ճիգ պիտի չխնայէ արգիլելու համար նմանօրինակ օրինազանցութիւնները:
Խորհրդարանի նախկին նախագահ Հիւսէյն Հիւսէյնի «Ժատիտ» կայանի կամ որեւէ լրատուամիջոցի դէմ յարձակումը նկատեց ցաւ պատճառող ամօթալի արարք մը:
Փաղանգաւոր եւ Համայնավար կուսակցութիւնները, ինչպէս նաեւ նախկին երեսփոխան Հասան Եաագուպ իրենց կարգին դատապարտեցին «Ժատիտ» կայանին դէմ յարձակումը եւ շեշտեցին, որ ոչինչ կ՛արդարացնէ լրատուամիջոցի մը դէմ նման յարձակումի գործադրութիւնը:
ՄԻՒՍ կողմէ, Շիիներու գերագոյն խորհուրդը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ խստիւ դատապարտեց «Ժատիտ» կայանին կողմէ իմամ սէյիտ Մուսա Սատըրի թղթածրարը կապկելու յանդգնութիւնը:
Խորհուրդը անպատշաճ եւ անբարոյ նկատեց ազգային խորհրդանիշ իմամ Մուսա Սատըրի մասին նման յայտագիրի մը սփռումը: