Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան «Նաշրա» կայքին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ կառավարութիւնը բաղկացնող լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն առաջադրանքն է կարճ ժամանակամիջոցի մը ընթացքին վաւերացնել 2017-ի պետական ամավարկը:
«Այս նպատակով կառավարութիւնը ուրբաթ օր (երէկ), ինչպէս նաեւ յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին երկու կամ երեք նիստ պիտի գումարէ», ըսաւ Ա. Կիտանեան:
Պետական ամավարկի քննարկումներուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` նախարար Կիտանեան շեշտեց, որ այդ մասին տարակարծութիւն արձանագրուած է, սակայն անոնք հիմնական եւ լուրջ տարակարծութիւններ չեն եւ անոնց շրջանցումը կարելի է:
«Կառավարութիւնը բաղկացնող բոլոր ուժերը կը ջանան ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին վաւերացնել եւ խորհրդարան փոխանցել պետական ամավարկը, որպէսզի խորհրդարանը իր կարգին վաւերացնէ զայն: Ինչ կը վերաբերի պետական պաշտօնեաներու աշխատավարձի յաւելումներուն եւ անոնց` պետական ամավարկին մաս կազմելու կարելիութեան, տակաւին ոչինչ յստակ եւ վերջնական է: Այս հարցը քննարկումի առարկայ է, մանաւանդ որ 11 տարիէ ի վեր Լիբանան պետական ամավարկ չէ ունեցած: Ամէն ինչ անյստակ է եւ կարիքը ունի ժամանակի ու բծախնդրութեան», հաստատեց Կիտանեան:
Պատասխանելով երկրին տնտեսական եւ ելեւմտական կացութեան մասին հարցումի մը` նախարար Կիտանեան շեշտեց, որ տնտեսական կացութիւնը բաւական դժուար է եւ երկիրը կը նմանի սնանկանալու սեմին գտնուող ընկերութեան մը: «Եւ իբրեւ այդպիսին, պէտք է հիմնուիլ ճշգրիտ տուեալներու վրայ` նախքան որեւէ քայլի դիմելը: Հետեւաբար այս մարզին պատասխանատու նախարարներէն պահանջուեցաւ ուսումնասիրել տուեալները` զանոնք յառաջիկայ նիստերուն ներկայացնելու նպատակով», ըսաւ ան:
«Պետական Ամավարկը` Առաջնահերթութիւն»
Նախարար Կիտանեան ընդգծեց, որ կառավարութեան համար պետական ամավարկի վաւերացումը առաջնահերթութիւն է, եւ անոր կը յաջորդէ ընտրական օրէնքի վաւերացումը` նկատի ունենալով, որ գրեթէ համախոհութիւն գոյացած է երեսփոխանական ընտրութիւնները ընտրական նոր օրէնքի հիման վրայ կատարելու: «Այս պատճառով ալ երեսփոխանական ընտրութիւնները կրնան մէկ կամ երկու ամսուան թեքնիք յետաձգում արձանագրել` առանց ոեւէ կողմի յուսախաբութիւն կամ ընդվզում պատճառելու», նշեց ան:
Ա. Կիտանեան հաստատեց, որ ընտրական օրէնքին մասին քննարկումները լուսարձակներէ հեռու ընթացքի մէջ են, որպէսզի կարելի ըլլայ երաշխաւորել քաղաքական բոլոր ուժերը գոհացնող ընտրական օրէնքի մը մշակումը:
«Զբօսաշրջութեան Մարզը` Դէպի Բարելաւում»
Անդրադառնալով զբօսաշրջութեան մարզին` Ա. Կիտանեան շեշտեց, որ կան շօշափելի տուեալներ, որոնք կը փաստեն, թէ զբօսաշրջութիւնը կ՛ուղղուի դէպի բարելաւում, «յատկապէս երբ Ծոցի երկիրներու օդանաւային ընկերութիւններ դէպի Լիբանան կատարելիք իրենց թռիչքներուն թիւը աւելցուցած են, ինչպէս նաեւ Ծոցի եւ այլ երկիրներու ճամբորդական գրասենեակներ դէպի Լիբանան ճամբորդութիւններ կը կազմակերպեն», յայտնեց ան:
Նախարար Կիտանեան ընդգծեց, որ նախարարութիւնը զբօսաշրջութեան մարզը բարելաւելու իմաստով ամէն ջանք ի գործ կը դնէ, ինչպէս նաեւ լիբանանեան զբօսաշրջութիւնը ծանուցելու նպատակով քարոզչական լուրջ արշաւի նախաձեռնած է` ընկերային ցանցի վրայ, արաբական եւ Ծոցի երկիրներու արբանեակային պատկերասփիւռի կայաններուն ընդմէջէն, ինչպէս նաեւ կը կազմակերպէ հանդիպումներ եւ խորհրդակցութիւններ` երաշխաւորելու համար զբօսաշրջիկներուն Լիբանան վերադարձը: