Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Եւ Ապտալլա Բ. Թագաւոր Ընդգծեցին Երկկողմանի Գործակցութիւնը Ամրապնդելու Կարեւորութիւնը

Փետրուար 16, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն նախանցեալ օր պաշտօնական այցելութեամբ մը Եգիպտոսէն ուղղուեցաւ Յորդանան, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Ապտալլա Բ. թագաւորին հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները աշխուժացնելու հեռանկարները` ընդգծելով բոլոր մարզերուն մէջ լիբանանեան-յորդանանեան գործակցութիւնը ամրապնդելու կարեւորութիւնը:

Նախագահ Աուն եւ Ապտալլա Բ. թագաւոր ընդգծեցին նաեւ Արաբական լիկային կողմէ արաբական միացեալ կեցուածքի որդեգրման անհրաժեշտութիւնը` ընդգծելով, որ պէտք է միջարաբական զօրակցութիւն գոյացնել` դիմագրաւելու համար բոլոր մարտահրաւէրները, յատկապէս ահաբեկչութեան դէմ պայքարը:

Հանդիպումին ընթացքին համաձայնութիւն գոյացաւ լիբանանեան եւ յորդանանեան ապահովական կառոյցներուն միջեւ գործակցութիւն ապահովելու, ինչպէս նաեւ ընդգծուեցաւ սուրիացի գաղթականներուն տունդարձին շուրջ խորհրդակցութիւններ կատարելու կարեւորութիւնը:

Երեկոյեան նախագահ Աուն հանդիպում մը ունեցաւ Յորդանանի լիբանանեան գաղութի ներկայացուցիչներուն հետ:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց, որ Լիբանանի վերակառուցման եւ բարգաւաճման շուրջ գոյացած քաղաքական համաձայնութիւնը պիտի վերանորոգուի` մէկդի դնելով քաղաքական բոլոր տարակարծութիւնները:

Նշենք, որ նախքան Յորդանան մեկնիլը, նախագահ Աուն Գահիրէի մէջ այցելեց Արաբական լիկայի կեդրոնատեղին, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ապուլ Ղէյթի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն յայտնեց, որ արաբական աշխարհը խիստ կարիքը ունի, որ Արաբական լիկան վերստանձնէ իր դերակատարութիւնը եւ վերստին նախաձեռնէ, առանց իրենց վրայ լուծումներ պարտադրելու, այլ` բոլորը իր եւ իր ուխտին շուրջ հաւաքելու:

Նախագահ Աուն յայտնեց, որ աշխարհը դարձեալ պատերազմ կը դիմագրաւէ եւ անիկա Համաշխարհային Գ. պատերազմն է, որ սակայն մասնատուած է եւ անոր մղիչ ուժը ահաբեկչութիւնն է, որ կրօնի ետին պահուըտած է, սակայն իւրաքանչիւր կրօն ահաբեկչութեան պատասխանատուութեան առումով անմեղ է:

Նախագահ Աուն հաստատեց արաբական շրջանակներն ու ընկերութիւնը վերակազմակերպելու անհրաժեշտութիւնը` շեշտելով, որ կարիքը կայ վերատեսութեան ենթարկելու ամէն բան եւ բարեկարգումներ իրագործելու:

Ան նշեց, որ սիոնական մտայնութիւնը յաջողած է արաբական-սիոնական պատերազմը վերածելու միջարաբական պատերազմի եւ միջհամայնքային ու միջյարանուանական արիւնահեղութեան` նոյն ժողովուրդին զաւակներուն միջեւ:

Նախագահ Աուն Լիբանանի պատրաստակամութիւնը յայտնեց` ներդրում ունենալու փոփոխութիւններ յառաջացնելու եւ շինիչ ծրագիրներու նախաձեռնելու առումով:

 

 

Նախորդը

«Ռաֆիք Հարիրիի Անունը Քաղաքական Վրէժխնդրութեան Նպատակով Պիտի Չօգտագործուի» Շեշտեց Վարչապետ Հարիրի

Յաջորդը

Ամալ Շարժումի Ընդվզած Երիտասարդ Համախոհներ Կը Յարձակին «Ժատիտ» Պատկերասփիւռի Կայանին Դէմ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Պէյրութը Բոլոր Համայնքներուն Մայրաքաղաքն Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Պէյրութը Բոլոր Համայնքներուն Մայրաքաղաքն Է

Մայիս 14, 2025
ՀՅԴ-ի Այնճարի Քաղաքապետական Խորհուրդի  Առաջադրած Ցանկը Ընտրուած Է` Մրցակիցի  Չգոյութեան Բերումով
Գաղութային

ՀՅԴ-ի Այնճարի Քաղաքապետական Խորհուրդի Առաջադրած Ցանկը Ընտրուած Է` Մրցակիցի Չգոյութեան Բերումով

Մայիս 14, 2025
Թրամփ. «Պատրաստ Ենք Լիբանանին Օգնելու  Տնտեսական Բարգաւաճման Եւ Իր Դրացիներուն Հետ  Խաղաղութեան Ապագայ Կառուցելու Համար»
Լիբանանեան

Թրամփ. «Պատրաստ Ենք Լիբանանին Օգնելու Տնտեսական Բարգաւաճման Եւ Իր Դրացիներուն Հետ Խաղաղութեան Ապագայ Կառուցելու Համար»

Մայիս 14, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?