ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան եւ Կեդրոնական կոմիտէի ընկերներ Յակոբ Հաւաթեան եւ Րաֆֆի Աշգարեան երէկ «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեցին Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին երեսփոխաններ Ղազի Արիտի, Անթուան Սաատ, Էլի Աուն եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Զաֆեր Նասեր:
Հանդիպումին ետք երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ ՀՅԴ-ի դաշնակից Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւնը իր կատարած այցելութեամբ իր կեդրոնն է, որ կ՛այցելէ:
«Հանրապետութեան նախագահին նոր իշխանութեան սկզբնաւորութեան մեր յոյսերը բարձր են երկրին ապագային նկատմամբ: Սակայն յստակ է, որ կան քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական շարք մը հոլովոյթներ, որոնք քննարկումի առարկայ դարձան Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան մեր բարեկամներուն հետ», ըսաւ Յ. Բագրատունի:
Ան շեշտեց, որ իրենց քննարկած կարեւորագոյն թղթածրարը եղած է ընտրական օրէնքը, ինչպէս նաեւ երեսփոխանական ընտրութիւնները ճշդուած թուականին կայացնելու անհրաժեշտութիւնը: «Այս շրջագիծին մէջ մեր տեսակէտները նոյնն էին` արդար օրէնք մը, ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն ապահովող եւ բազմազանութիւնը պաշտպանող ընտրական օրէնք մը վաւերացնելու կարեւորութեան առումով` հիմնուելով այն իրականութեան վրայ, որ բազմազանութիւնը Լիբանանը կը վերածէ ամբողջ աշխարհին համար ուսանելի օրինակի մը», ըսաւ ան:
Երեսփոխան Բագրատունի դիտել տուաւ, որ երկրորդ կէտը, որ քննարկած են հանդիպումին ընթացքին, դարձեալ ընտրական օրակարգով եղած է: «Ընտրական օրէնքը պէտք չէ լիբանանեան քաղաքական այս կամ այն ուժը ջնջէ, եւ կամ զայն լուսանցքայնացնէ: Մենք` իբրեւ ՀՅ Դաշնակցութիւն եւ հայ համայնք, ընտրական անարդար օրէնքներուն պատճառով լուսանցքայնացումէ տառապեցանք 2000-ի երեսփոխանական ընտրութիւններէն սկսեալ, մինչեւ օրս: Կը մերժենք, որ այդ փորձառութիւնը կրկնուի նաեւ այսօր, ո՛չ մեզի եւ ո՛չ ալ ուրիշին համար: Մեզի համար լիբանանեան քաղաքական իւրաքանչիւր կողմէ ճշգրիտ ներկայացուցչութիւնը անհրաժեշտութիւն մըն է, որ պէտք է գործադրուի ուրիշը յարգելու եւ ուրիշը չջնջելու սկզբունքներուն հիման վրայ», ըսաւ ան:
Ընկերային առումով, երեսփոխան Բագրատունի շեշտեց աշխատավարձի յաւելումները վաւերացնելու կարեւորութիւնը` ընդգծելով, որ անիկա լիբանանցի քաղաքացիներուն եւ աշխատող դասակարգին իրաւունքն է:
«Մենք այդ իրաւունքին նեցուկ կը կանգնինք եւ կոչ կ՛ուղղենք կառավարութեան նկատի ունենալու աշխատավարձի յաւելումներու թղթածրարը: Իսկ խորհրդարանին մէջ մենք այդ յաւելումները պիտի վաւերացնենք, պայմանով որ այդ թղթածրարին վաւերացումը չկատարուի քաղաքացիներուն վրայ յաւելեալ տուրքերու պարտադրումով», յայտնեց ան:
Երեսփոխան Բագրատունի հաստատեց, որ աշխատավարձի յաւելումները կարելի է կատարել տուրքերը հաւաքելու հոլովոյթը աշխուժացնելով, ինչպէս նաեւ փտածութեան եւ մսխումին վերջ տալով:
«Պաշտօնեաներուն աշխատավարձի յաւելումները կարելի չէ տրամադրել քաղաքացիներուն տուրքերը աւելցնելով», ըսաւ ան` հաստատելով, որ կառավարութեան եւ ելեւմուտքի նախարարութեան դերակատարութիւնն ու պատասխանատուութիւնն է դրամական աղբիւրներ տրամադրել եւ երկրին ընկերային իրավիճակը բարելաւել:
Իր կարգին, Արիտի շնորհակալութիւն յայտնեց Կեդրոնական կոմիտէին` անոր ցուցաբերած հիւրընկալութեան համար, դիտել տալով, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին հետ իրենց ունեցած հանդիպումը կարեւոր եւ շատ շինիչ եղած է` նկատի ունենալով կատարուած քննարկումներն ու երեսփոխան Յ. Բագրատունիի յայտարարութիւնները:
Արիտի նշեց, որ ընտրական օրէնքին մասին գոյանալիք որեւէ համաձայնութիւն պէտք է կատարուի կարճ ժամանակի ընթացքին, որպէսզի երեսփոխանական ընտրութիւնները կարելի ըլլայ կատարել` խորհրդարանին պաշտօնավարութիւնը թեքնիք կերպով երկարաձգելով:
«Այդ երկարաձգումը պիտի կատարուի, որպէսզի ներքին գործոց նախարարութիւնը կարենայ արհեստագիտական եւ թեքնիք իմաստով պատրաստուիլ այդ ընտրութիւններուն կայացումին: Հետեւաբար ընտրական նոր օրէնք մը վաւերացնելու պարագային խորհրդարանը իր պաշտօնավարութիւնը կրնայ երկու – երեք ամիսով երկարաձգել, որպէսզի Լիբանան հեզասահ կերպով ոստում մը կատարէ դէպի ընտրական նոր օրէնք եւ դէպի երեսփոխանական իսկական ընտրութիւններ», ըսաւ ան:
Արիտի նշեց, որ ընտրական նոր օրէնքը պէտք է գոհացնէ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը եւ համակերպի անոնց կեցուածքներուն:
Ան դիտել տուաւ, որ ընտրական օրէնքին շուրջ քննարկումները կը կատարուին` աւելցնելով, որ այդ քննարկումներուն կողքին նաեւ կան այլ հանդիպումներ եւ խորհրդակցութիւններ, որոնք կը կատարուին` ընտրական օրէնքին շուրջ համաձայնութեան մը յանգելու նպատակով:
Արիտի մաղթեց, որ ընտրական օրէնքը ամէնէն մօտիկ ապագային վերջնականանայ, որպէսզի կարելի ըլլայ երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարել եւ Թաէֆի համաձայնագիրը գործադրել` հիմնելով Ծերակոյտ մը, ջնջելով քաղաքականութեան մէջ համայնքային դրութիւնը, ընտրելով նոր խորհրդարան մը եւ վաւերացնելով վարչական ապակեդրոնացեալ դրութիւնը:
Արիտի ընդգծեց աշխատավարձի յաւելումը վաւերացնելու կարեւորութիւնը` նշելով, որ յաւելումներուն վաւերացումը պէտք է կատարուի ապահովելով նիւթական աղբիւրները: «Անշուշտ այդ աղբիւրները կարելի չէ ապահովել քաղաքացիներուն վրայ տուրքեր պարտադրելով, այլ` երկրին մէջ արձանագրուած մսխումին ու փտածութեան վերջ դնելով», յայտնեց ան:
Արիտի իր յայտարարութիւնները եզրափակեց նշելով, որ այս իմաստով Կեդրոնական կոմիտէին հետ իրենց կեցուածքները ամբողջովին իրարու կը համապատասխանեն` աւելցնելով, որ պետական ամավարկի ծրագիրը եւ աշխատավարձի յաւելումները պիտի քննարկեն երկրին քաղաքական բոլոր ուժերուն հետ: