Ընտրական Օրէնքին Գծով Քուլիսային Ճիգերը Կը Շարունակուին
նախագահ Աուն - Ալի Հասան Խալիլ Ընտրական հարցին գծով տրամադրութիւնները եւ կեցուածքները հետզհետէ կը յստականան` օր ըստ օրէ առնչակից կողմերու ցուցաբերած մօտեցումներու եւ ընտրական նախագիծերու լոյսին տակ: Այս գծով լրատուական կարգ մը աղբիւրներ անդրադարձան Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան պետ Ուալիտ Ժոմպլաթի պատրաստած ընտրական օրէնքի մէկ նախագիծին, զոր ան պիտի առաջարկէ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, երբ վերջինը Թեհրանէն վերադառնայ: Ըստ նոյն աղբիւրներուն,...




















