Լիբանանեան

Զօր. Աուն Շեշտեց, Որ Բանակին Գումակային Եւ Զինուորական Կարողութիւնները Հետզհետէ Կը Զօրանան

Զօր. Աուն Շեշտեց, Որ Բանակին Գումակային Եւ Զինուորական Կարողութիւնները Հետզհետէ Կը Զօրանան

Բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ այցելեց Քֆարշիմայի մէջ գտնուող բանակին գումակային զօրամասը, ուր  ստուգեց զօրանոցը: Ապա զօր. Աուն ժողով մը գումարեց այդ զօրանոցին սպաներուն ու զինուորականներուն հետ եւ անոնց ուղղեց համապատասխան ցուցմունքները: Զօր. Աուն ընդգծեց բանակին գումակային, վարչական, զինուորական եւ այլ բաժանմունքներու գործակցութեան անհրաժեշտութիւնը` յաջողցնելու համար բանակին ստանձնած ապահովական եւ պաշտպանութեան պարտականութիւնները: Ան հաստատեց, որ լիբանանեան բանակին գումակային եւ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախկին նախագահ Հիւսէյն Հիւսէյնի լաւատեսութիւն յայտնեց Լիբանանը 15 ընտրաշրջանի բաժնող համամասնական ընտրական օրէնքին առնչութեամբ` ողջունելով այդ օրէնքի պաշտօնապէս վաւերացումին մօտալուտ ըլլալը: Հիւսէյնի այս օրէնքը նկատեց միակ ճշգրիտ եւ օրինական ծրագիրը` աւելցնելով, որ եթէ այդ օրէնքը մինչեւ 20 յունիս կարելի չըլլայ վաւերացնել, ապա խորհրդարանը թափուր դրութեան պիտի մատնուի: ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահութեան հարցերու պետական նախարար Փիեռ Ռաֆֆուլ շեշտեց, որ խորհրդարանը արտակարգ նստաշրջանի...

Ընտրական Նոր Օրէնքին Շուրջ Նախնական  Համաձայնութիւնը Յայտարարուեցաւ,  Իսկ Խորհրդարանը Արտակարգ Նստաշրջանի Հրաւիրուեցաւ

Ընտրական Նոր Օրէնքին Շուրջ Նախնական Համաձայնութիւնը Յայտարարուեցաւ, Իսկ Խորհրդարանը Արտակարգ Նստաշրջանի Հրաւիրուեցաւ

Նախագահական պալատին մէջ երէկ գիշեր տիրեց աննախընթաց դրական մթնոլորտ, որ դրսեւորուեցաւ ընտրական նոր օրէնքին մասին նախնական համաձայնութեան յայտարարութեամբ: Նախքան Պաապտայի մէջ տեղի ունենալիք իֆթարը, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն ստորագրեց հրամանագիր մը, որուն լոյսին տակ խորհրդարանը հրաւիրեց արտակարգ նստաշրջանի մը, որ կ՛երկարի 7-20 յունիս: Նախագահը արտակարգ նստաշրջանին իրաւասութիւնը սահմանափակեց ընտրական օրէնքի վաւերացումով: Ապա նախագահ Աուն դռնփակ հանդիպում մը ունեցաւ խորհրդարանի...

Բագրատունի Ընդունեց  Մեծն Բրիտանիոյ Դեսպանը

Բագրատունի Ընդունեց Մեծն Բրիտանիոյ Դեսպանը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Շաղզոյեան» կեդրոնի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի մէջ Մեծն Բրիտանիոյ դեսպան Հիւկօ Շորթըրի: Մէկ ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին քննութեան նիւթ դարձան երեսփոխանական ընտրութիւնները եւ ընտրական օրէնքի հարցը, Լիբանանի եւ շրջանային կացութիւնը, սուրիացի գաղթականներու խնդիրը, ինչպէս նաեւ հայ համայնքի ընդհանուր իրավիճակը Լիբանանի մէջ:

Նախկին Վարչապետ Ռաշիտ Քարամէի  Նահատակութեան 30-ամեակին  Առիթով Արձանագրուած Կեցուածքներ

Նախկին Վարչապետ Ռաշիտ Քարամէի Նահատակութեան 30-ամեակին Առիթով Արձանագրուած Կեցուածքներ

Նախկին վարչապետ Ռաշիտ Քարամէի նահատակութեան 30-ամեակին առիթով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն շեշտեց, որ Քարամէի կեցուածքները երաշխաւորած են լիբանանեան համերաշխութիւնը եւ չափաւորականութիւնը` արգիլելով Լիբանանի բաժանումը: Նախագահ Աուն կոչ ուղղեց բոլորին ամրապնդելու Ռաշիտ Քարամէի ազգային աւանդը, որպէսզի լիբանանցիները ունենան իրենց ձգտումներուն համապատասխանող հայրենիք: Վարչապետ Սաատ Հարիրի հաստատեց, որ նախկին վարչապետ Ռաշիտ Քարամէն Լիբանանի ազգային միասնականութիւնը պահպանող սիւներէն մէկը եղած է: Հանրապետութեան...

Ա. Կիտանեան Զբօսաշրջութեան  Յատուկ Համագումարին Մասնակցող Հաստատութիւններու  Ներկայացուցիչներուն  Ընկերակցութեամբ Այցելեց Նախագահ Աունի

Ա. Կիտանեան Զբօսաշրջութեան Յատուկ Համագումարին Մասնակցող Հաստատութիւններու Ներկայացուցիչներուն Ընկերակցութեամբ Այցելեց Նախագահ Աունի

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանը` ընկերակցութեամբ Զբօսաշրջութեան եւ խորհրդաժողովներու համաշխարհային Ա. համագումարը  կազմակերպող յանձնախումբի պատուիրակութեան: Նշենք, որ պատուիրակութեան անդամները կը ներկայացնեն լիբանանեան այն ընկերութիւնները, որոնք անցեալ շաբթուան ընթացքին «Լը Ռուայալ» պանդոկին մէջ կազմակերպած էին  համագումար մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին զբօսաշրջական 150 ընկերութիւններ ու հաստատութիւններ` նպատակ ունենալով դէպի Լիբանանի մէջ զբօսաշրջական...

Նախագահական Պալատին Մէջ.  «Պեքաայի Մէջ Ապահովական Ծրագիրը Ձախողած Է,  Իսկ Տիրող Ապահովական Թոյլ Վիճակը Խիստ Մերժելի Է»  Շեշտեց Նուհատ Մաշնուք

Նախագահական Պալատին Մէջ. «Պեքաայի Մէջ Ապահովական Ծրագիրը Ձախողած Է, Իսկ Տիրող Ապահովական Թոյլ Վիճակը Խիստ Մերժելի Է» Շեշտեց Նուհատ Մաշնուք

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ ներքին գործոց եւ քաղաքապետական հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուքի հետ: Հանդիպումէն ետք Մաշնուք յայտնեց, որ նախագահ Աունին յանձնած է երեսփոխանական ընտրութիւնները համամասնական դրութեան հիման վրայ կատարելու պարագային ՄԱԿ-ի պատրաստած տեղեկագիրին մանրամասնութիւնները: Մաշնուք նշեց, որ կարելի չէ երեք ամսուան ընթացքին երեսփոխանական ընտրութիւն կազմակերպել, եթէ այդ ընտրութիւնները պիտի կատարուին համամասնական դրութեան...

Ռամատանեան Մթնոլորտի Մէջ Ընտրական Օրէ՞նք

Ռամատանեան Մթնոլորտի Մէջ Ընտրական Օրէ՞նք

Այսօր բոլորին հայեացքը ուղղուած է Պաապտայի իֆթարին: Լիբանանի համար ընտրական նոր օրէնք մը վաւերացնելու բոլոր յոյսերը եւ լաւատեսութիւնը կեդրոնացած են այսօր գիշեր նախագահական պալատին մէջ, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի կողմէ սարքուելիք իֆթարին վրայ: Անպաշտօն աղբիւրներ նախատեսեցին, որ նախքան իֆթարի սկսիլը, դռնփակ հանդիպում մը տեղի ունենայ նախագահ Աունի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի միջեւ: Նոյն աղբիւրները նշեցին,...

Պըրրի Կը Սպասէ Լիբանանը 15 Ընտրաշրջաններու Բաժնող Ընտրական Օրէնքին Մասին Խորհրդակցութիւններուն Արդիւնքներուն

Պըրրի Կը Սպասէ Լիբանանը 15 Ընտրաշրջաններու Բաժնող Ընտրական Օրէնքին Մասին Խորհրդակցութիւններուն Արդիւնքներուն

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ կէսօրին Այն Թինէի մէջ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, որուն ընթացքին նշեց, որ ինք կը սպասէ Լիբանանը 15 ընտրաշրջաններու բաժնող ընտրական օրէնքին մասին խորհրդակցութիւններուն արդիւնքներուն: Հանդիպումէն ետք երեսփոխանները յայտնեցին, որ Պըրրի կը մաղթէ ընտրական օրէնքին մասին ամէնէն մօտիկ ապագային համաձայնութիւն գոյացնել: Միւս կողմէ, Պըրրիի այցելեց նաեւ նախկին նախարար Ռաշիտ Տըրպաս` ընկերակցութեամբ Թաուֆիք Սուլթանի: Տըրպաս Պըրրիի...

Կառավարութեան Նիստին Ընթացքին.   «Լաւատես Եմ Ընտրական Օրէնքին Շուրջ Գոյացուելիք Համաձայնութեան Հաւանականութեամբ»  Շեշտեց Վարչապետ Հարիրի

Կառավարութեան Նիստին Ընթացքին. «Լաւատես Եմ Ընտրական Օրէնքին Շուրջ Գոյացուելիք Համաձայնութեան Հաւանականութեամբ» Շեշտեց Վարչապետ Հարիրի

Նախագահութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի, կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ առաջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ ճշդուած օրակարգը, որուն բովանդակած կէտերուն մեծ մասը վաւերացուեցաւ: Նիստէն ետք մշակոյթի նախարար Ղաթթաս Խուրի յայտնեց, որ նիստին ընթացքին վարչապետ Հարիրի ըսած է հետեւեալը. «19 օր ունինք համաձայնելու ընտրական օրէնքի մը շուրջ: Ես լաւատես եմ ընտրական օրէնքին շուրջ գոյացուելիք համաձայնութեան հաւանականութեամբ, եւ այդ օրէնքը իրագործելու նպատակով...

Ֆրենժիէ Ընդունեց Աւստրիոյ Եւ Յունաստանի Դեսպանները

Ֆրենժիէ Ընդունեց Աւստրիոյ Եւ Յունաստանի Դեսպանները

Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ Պնաշյիի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Աւստրիոյ դեսպան Մարիան Ալեքսանտր Ուերպան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները: Ֆրենժիէի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Յունաստանի դեսպան Թէոտոր Փասաս: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ Պութրոս եւ Ճէյմի Ֆրենժիէ: Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՀՐԱՊԱՐԱԿՈՒԱԾ է յատուկ որոշում մը, որուն հիման վրայ Քլոտին Աուն-Ռուքոզ պիտի նախագահէ Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդին: ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սելիմ Հըսի հետ իր ունեցած հանդիպումէն ետք Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ շեշտեց, որ ընտրական օրէնքին հիմնական կէտերուն շուրջ համաձայնութիւն գոյացած է` աւելցնելով, որ կան որոշ կէտեր, որոնց շրջանցումը անհրաժեշտ է: ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի մերժեց Թրիփոլիի մարոնի աթոռին փոխադրութիւնը`...

«Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Պիտի Կատարուին Համամասնական Դրութեան Հիման Վրայ, Քաղաքական Ուժերուն Միջեւ Համաձայնութիւն Գոյացնելէ Ետք»  Շեշտեց Նախագահ Աուն

«Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Պիտի Կատարուին Համամասնական Դրութեան Հիման Վրայ, Քաղաքական Ուժերուն Միջեւ Համաձայնութիւն Գոյացնելէ Ետք» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Նախագահ Աուն - Ժոզեֆ Թարապէյ Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց քաղաքական, տնտեսական, բարգաւաճման, զբօսաշրջական եւ այլ մարզերը ներկայացնող անձնաւորութիւններ, ինչպէս նաեւ քաղաքապետական եւ ժողովրդային պատուիրակութիւններ: Իր այցելուներուն ներկայութեան նախագահ Աուն դարձեալ հաստատեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները պիտի կատարուին համամասնական դրութեան հիման վրայ` քաղաքական ուժերուն միջեւ համաձայնութիւն գոյացնելէ ետք: Նախագահ Աուն վերահաստատեց իր լաւատեսութիւնը` այդ հարցին շուրջ...

Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունին Եւ Այնճարի Քաղաքապետը Այցելեցին Մշակոյթի Նախարարին

Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունին Եւ Այնճարի Քաղաքապետը Այցելեցին Մշակոյթի Նախարարին

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խոշեան եւ Այնճարի քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ այցելեցին մշակոյթի նախարար Ղաթթաս Խուրիի: Հանդիպումին ընթացքին երեսփոխան Բագրատունի եւ քաղաքապետ Խոշեան շնորհակալութիւն յայտնեցին Խուրիի Այնճար այցելութեան եւ Այնճարի բերդին մէջ փոքր պալատի մը բացումը կատարելուն համար, ինչպէս նաեւ Այնճարի հնութիւնները պահպանելու իմաստով մշակոյթի նախարարութեան ունեցած ներդրումին առիթով:

Ա. Կիտանեան Այցելեց Նախագահ Աունի

Ա. Կիտանեան Այցելեց Նախագահ Աունի

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանը, ընկերակցութեամբ Լիբանանի գեղեցկուհի Սենտի Թապեթի: Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աունի ներկայացուեցաւ ամրան գործադրուելիք ծրագիրը, որ մշակուած էր զբօսաշրջութեան նախարարութեան կողմէ, եւ որուն նպատակն էր Լիբանանի զբօսաշրջական եղանակին շուկայադրումը: Նախագահ Աունի ներկայացուեցաւ նաեւ լիբանանեան տարբեր շրջաններուն մէջ տեղի ունենալիք փառատօներուն մանրամասնութիւնները: Իր կարգին, Թապեթ նախագահ Աունի ներկայացուց զբօսաշրջական,...

«Կը Փափաքինք Ազգային Ուխտին Համապատասխանող Համամասնական Ընտրական Օրէնք Մը Ունենալ` Ճշգրիտ Ներկայացուցչութիւն Ապահովելու Համար»  Ընդգծեց Պասիլ

«Կը Փափաքինք Ազգային Ուխտին Համապատասխանող Համամասնական Ընտրական Օրէնք Մը Ունենալ` Ճշգրիտ Ներկայացուցչութիւն Ապահովելու Համար» Ընդգծեց Պասիլ

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ Ռապիէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը, նախագահութեամբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար Ժըպրան Պասիլի: Նիստէն ետք Պասիլ յայտնեց, որ իրենք քաղաքական երկաթեայ կամքով կրցած են լիբանանցիներուն համար երաշխաւորել 1960-ի ընտրական օրէնքին հիման վրայ երեսփոխանական ընտրութիւններու կայացումին, խորհրդարանին նստաշրջանի երկարաձգումի եւ խորհրդարանի թափուր դրութեան արգիլումը: Պասիլ շեշտեց, որ ընտրական օրէնքի լաւագոյն տարբերակը կը մնայ համամասնական դրութիւնը`...

Վարչապետ Հարիրի Անհրաժեշտ Նկատեց Լիբանանցի Քաղաքական Անձնաւորութիւններուն Միջեւ Գոյացած Համաձայնութիւնը

Վարչապետ Հարիրի Անհրաժեշտ Նկատեց Լիբանանցի Քաղաքական Անձնաւորութիւններուն Միջեւ Գոյացած Համաձայնութիւնը

Վարչապետ Սաատ Հարիրի նախանցեալ գիշեր վարչապետարանին մէջ հրաւիրեց ռամատանեան իֆթարի մը, որուն ներկայ գտնուեցան մեծ թիւով քաղաքական անձնաւորութիւններ, որոնց շարքին`  խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով հոգեւորականներ, որոնց շարքին` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի ներկայացուցիչ Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, ինչպէս նաեւ Հայ կաթողիկէ համայնքի պատրիարքի ներկայացուցիչ` Հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս....

Ֆնայտեքի Մէջ Բանակը Վնասազերծած Է Ականուած Գօտիներ

Ֆնայտեքի Մէջ Բանակը Վնասազերծած Է Ականուած Գօտիներ

Լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութեան ուժերը հիւսիսային Լիբանանի Ֆնայտեք գիւղաքաղաքին բարձունքներուն վրայ վնասազերծած են երկու ականուած գօտիներ` ձերբակալուած ՏԱՀԵՇ-ի անդամներուն խոստովանութիւններուն լոյսին տակ: Միւս կողմէ, լիբանանեան բանակը երէկ ստանձնած է մեծ քանակով սպառազինում` զրահապատներ, հրթիռներ եւ զինամթերք, ինչպէս նաեւ ականներ յայտնաբերելու մարզուած շուներ, որոնք տրամադրուած էին ֆրանսական իշխանութիւններուն կողմէ: Նշենք, որ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց Մուսթաքպալ...

Ռայի Պատրիարքը Ընդունեց Ժոմպլաթի Գործուղած Երեսփոխանները

Ռայի Պատրիարքը Ընդունեց Ժոմպլաթի Գործուղած Երեսփոխանները

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց երեսփոխաններ Ղազի Արիտին եւ Հանրի Հըլուն, որոնք գործուղուած էին Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի կողմէ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը, յատկապէս երկրին քաղաքական բեմը յուզող հարցեր: Հանդիպումէն ետք Արիտի յայտնեց, որ քաղաքական ուժերուն միջեւ ընթացող բանակցութիւններն ու խորհրդակցութիւնները` ընտրական նոր օրէնք մը գոյացնելու նպատակով, ողջունելի են: Արիտի շեշտեց խորհրդարանին գումարելիք...

Ժահժահ. «Ընտրական Օրէնքին Շուրջ Գոյացած Համաձայնութեան Համեմատութիւնը 95 Առ Հարիւրի Հասած Է»

Ժահժահ. «Ընտրական Օրէնքին Շուրջ Գոյացած Համաձայնութեան Համեմատութիւնը 95 Առ Հարիւրի Հասած Է»

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ երէկ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, թէ որքան ալ բարդ ըլլան հարցերն ու խնդիրները եւ նոյնիսկ եթէ քաղաքական բախումներ արձանագրուին, 1960-ի ընտրական օրէնքին պիտի չվերադառնան: Ընտրական նոր օրէնքին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ժահժահ շեշտեց, որ այդ մասին գոյացած համաձայնութեան համեմատութիւնը հասած է 95 առ հարիւրի` աւելցնելով, որ տակաւին կայ 5 առ հարիւրի փոքր համեմատութիւն մը,...

Page 736 of 987 1 … 735 736 737 … 987

Արխիւներ