Կենսոլորտի Նախարարը Այցելեց Շեքքայի Եւ Անֆէի Գործարանները
Կենսոլորտի նախարար Թարեք Խաթիպ երէկ աշխատանքային այցելութիւն մը կատարեց դէպի Շեքքա եւ Անֆէ, ուր ան ստուգեց գործարանները, ընկերակցութեամբ կենսոլորտային ապականումի ազգային ծրագիրի տնօրէն Մարուան Ռըզքի: Խաթիպ ստուգեց գործարաններէն ուղղակիօրէն դէպի ծով թափող աղտերը, որոնք ապականում կը պատճառեն, ինչպէս նաեւ Շեքքայի կոյուղիներու զտարանը, որուն աշխատանքները տասնամեակ մը առաջ դադրած են, եւ որ անբան վիճակի մէջ կը մնայ, այդ պատճառով ալ կոյուղիներուն...



















