Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց երեսփոխաններ Ղազի Արիտին եւ Հանրի Հըլուն, որոնք գործուղուած էին Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի կողմէ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը, յատկապէս երկրին քաղաքական բեմը յուզող հարցեր:
Հանդիպումէն ետք Արիտի յայտնեց, որ քաղաքական ուժերուն միջեւ ընթացող բանակցութիւններն ու խորհրդակցութիւնները` ընտրական նոր օրէնք մը գոյացնելու նպատակով, ողջունելի են:
Արիտի շեշտեց խորհրդարանին գումարելիք արտակարգ նստաշրջանին ընթացքին ընտրական նոր օրէնք մը վաւերացնելու կարեւորութիւնը:
Ռայի պատրիարքին այցելեց նաեւ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ, որուն հետ քննարկուեցաւ Լիբանանի ներկայ իրավիճակը:
Նշենք, որ Ռայի պատրիարքը անցեալ կիրակի օրուան Ս. պատարագին ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ շեշտեց, որ ընտրական նոր օրէնք մը չվաւերացնելու իմաստով լիբանանեան քաղաքական իշխանութիւններուն կեցուածքը դարձած է անընդունելի: