Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Հարիրի Անհրաժեշտ Նկատեց Լիբանանցի Քաղաքական Անձնաւորութիւններուն Միջեւ Գոյացած Համաձայնութիւնը

May 31, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Սաատ Հարիրի նախանցեալ գիշեր վարչապետարանին մէջ հրաւիրեց ռամատանեան իֆթարի մը, որուն ներկայ գտնուեցան մեծ թիւով քաղաքական անձնաւորութիւններ, որոնց շարքին`  խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով հոգեւորականներ, որոնց շարքին` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի ներկայացուցիչ Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, ինչպէս նաեւ Հայ կաթողիկէ համայնքի պատրիարքի ներկայացուցիչ` Հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեան, զինուորականներ, դիւանագէտներ, տնտեսական խորհուրդներու ներկայացուցիչներ եւ լրագրողներ:

Այս առիթով վարչապետ Հարիրի արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ ան անհրաժեշտ նկատեց լիբանանցի քաղաքական անձնաւորութիւններուն միջեւ գոյացած համաձայնութիւնը, զայն գնահատելով իբրեւ իսկական առիթ` փրկելու Լիբանանը եւ ամրապնդելու լիբանանցիներուն արժանապատուութիւնը` շրջանին դիմագրաւած այս զգայուն հանգրուանին:

Հարիրի հաստատեց, որ անցեալ շաբթուան ընթացքին Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի վերանշանակումը իմաստուն որոշում էր` Լիբանանին տնտեսական կայունութիւնը պահպանելու իմաստով:

Ան մաղթեց, որ նոյն համախոհութեամբ եւ իմաստուն կեցուածքով կարելի ըլլայ վաւերացնել նաեւ ընտրական նոր օրէնքը:

Միւս կողմէ, վարչապետ Հարիրի երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց նահանգներուն կարիքները հոգալու մարմինի նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան հարաւային Լիբանանի կարիքները:

Հարիրի ընդգծեց իւրաքանչիւր շրջանի անհրաժեշտութիւնները նշելու եւ անոր համապատասխան ծրագիրներ մշակելու կարեւորութիւնը:

Նշենք, որ վարչապետ Հարիրի երէկ շնորհաւորական հեռագիր մը յղեց Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի` անոր վերընտրութեան առիթով:

 

Նախորդը

Ֆնայտեքի Մէջ Բանակը Վնասազերծած Է Ականուած Գօտիներ

Յաջորդը

«Կը Փափաքինք Ազգային Ուխտին Համապատասխանող Համամասնական Ընտրական Օրէնք Մը Ունենալ` Ճշգրիտ Ներկայացուցչութիւն Ապահովելու Համար» Ընդգծեց Պասիլ

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.