Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանը` ընկերակցութեամբ Զբօսաշրջութեան եւ խորհրդաժողովներու համաշխարհային Ա. համագումարը կազմակերպող յանձնախումբի պատուիրակութեան:
Նշենք, որ պատուիրակութեան անդամները կը ներկայացնեն լիբանանեան այն ընկերութիւնները, որոնք անցեալ շաբթուան ընթացքին «Լը Ռուայալ» պանդոկին մէջ կազմակերպած էին համագումար մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին զբօսաշրջական 150 ընկերութիւններ ու հաստատութիւններ` նպատակ ունենալով դէպի Լիբանանի մէջ զբօսաշրջական պտոյտները աշխուժացնել, որպէսզի երկիրը վերադառնայ համաշխարհային զբօսաշրջութեան քարտէս:
Հանդիպումին ընթացքին պատուիրակութիւնը յայտնեց, որ համագումարին մասնակցող հաստատութիւններուն թիւը, ինչպէս նաեւ ստորագրուած համաձայնագիրներուն թիւը մեծ էր, ինչ որ ցուցանիշ է, թէ Լիբանան պիտի ունենայ աշխուժ ամառ մը: Պատուիրակութիւնը գնահատեց նաեւ Լիբանանի մէջ տիրող ապահովական կայունութիւնը, ինչպէս նաեւ հանրապետութեան նախագահի ընտրութենէն ետք քաղաքական կեանքին մէջ արձանագրուած կարգաւորուած իրավիճակը:
Իր կարգին, նախագահ Աուն շնորհաւորեց պատուիրակութիւնը` բարձր գնահատելով նախարար Կիտանեանի ջանքերն ու նախաձեռնութիւնները` ամրան ընթացքին զբօսաշրջութեան մարզը բարգաւաճեցնելու եւ աշխուժացնելու իմաստով:
Նախագահ Աուն մաղթեց, որ ծրագրաւորումն ու զբօսաշրջական մարզի տարբեր միաւորներուն միջեւ գործակցութիւնը ըլլան զբօսաշրջական ծրագիրները իրագործելու մնայուն ընտրանքները:
Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ զբօսաշրջութեան մարզը իր ուշադրութեան առարկան է` հաստատելով, որ անցեալ շաբթուան ընթացքին Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի գումարած նիստին ան ապահովական կառոյցներէն խնդրած է գործակցիլ` յաջողցնելու համար զբօսաշրջութեան մարզը:
Սայտայի 2017-ի Միջազգային Փառատօնի Մեկնարկ
Միւս կողմէ, զբօսաշրջութեան նախարարութեան ապակեայ սրահին մէջ, նախարար Կիտանեան` ընկերակցութեամբ մշակոյթի նախարար Ղաթթաս Խուրիի եւ ներկայութեամբ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի, երեսփոխան Պահիա Հարիրիի, Սայտայի նահանգապետ Մանսուր Տաուի, զբօսաշրջութեան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Նատա Սարտուքի, Սայտայի քաղաքապետ Ահմետ Սէուտիի եւ Սայտայի միջազգային փառատօնի նախագահ Նատին Քաայիի, մեկնարկը կատարեց 2017-ի Սայտայի միջազգային փառատօնին:
Այս առիթով նախարար Կիտանեան ողջունեց ներկաները, որոնց շարքին էր նաեւ դաշնակահար Կի Մանուկեան:
Նախարար Կիտանեան ըսաւ, որ նախարարի իր պաշտօնը սկսած է Սայտայէն` աւելցնելով, որ անիկա յաջող սկիզբ մը եղած է, եւ իր այցելութիւնը դրական արդիւնքներ ունեցած է:
«Իսկ ՄԱԿ-ի օրացոյցին հիման վրայ այսօր Զբօսաշրջութեան միջազգային օրն է եւ պէտք է կեդրոնանալ զբօսաշրջութեան մարզը բարգաւաճեցնելու ջանքերուն վրայ», ըսաւ ան:
Նախարար Կիտանեան հաստատեց, որ կան հիմնական չորս մարզեր, որոնք են ընկերային, տնտեսական, մշակութային եւ զբօսաշրջական մարզերը: «Երբ զբօսաշրջութիւնը բարգաւաճի եւ յառաջդիմէ, ապա տնտեսական կացութիւնը պիտի բարելաւուի եւ ժողովուրդը պիտի հանգստանայ, իսկ տնտեսական կացութեան բարելաւումով ընկերային կացութիւնը շատ աւելի լաւ պիտի դառնայ եւ քաղաքացին պիտի մղէ քաղաքական տարակարծութիւններով չզբաղելու», աւելցուց ան:
Նախարար Կիտանեան գնահատեց Կի Մանուկեանի արուեստը` շեշտելով, որ Զբօսաշրջութեան եւ խորհրդաժողովներու համաշխարհային Ա. համագումարին ընթացքին անոր ներկայացումը տպաւորած է ներկաները, որոնք ընկերային ցանցերուն վրայ շատ դրական գրառումներ կատարած են:
Ապա Քաային ներկայացուց Սայտայի 2017-ի միջազգային փառատօնին յայտագիրը:




