Բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ այցելեց Քֆարշիմայի մէջ գտնուող բանակին գումակային զօրամասը, ուր ստուգեց զօրանոցը:
Ապա զօր. Աուն ժողով մը գումարեց այդ զօրանոցին սպաներուն ու զինուորականներուն հետ եւ անոնց ուղղեց համապատասխան ցուցմունքները:
Զօր. Աուն ընդգծեց բանակին գումակային, վարչական, զինուորական եւ այլ բաժանմունքներու գործակցութեան անհրաժեշտութիւնը` յաջողցնելու համար բանակին ստանձնած ապահովական եւ պաշտպանութեան պարտականութիւնները:
Ան հաստատեց, որ լիբանանեան բանակին գումակային եւ զինուորական կարողութիւնները հետզհետէ կը զօրանան:
Զօր. Աուն բարձր գնահատեց երկրին սահմանները, անդորրութիւնն ու քաղաքացին պաշտպանելու բանակին պատրաստակամութիւնը եւ զոհողութիւնները: