Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յունիս 1, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՐԱՊԱՐԱԿՈՒԱԾ է յատուկ որոշում մը, որուն հիման վրայ Քլոտին Աուն-Ռուքոզ պիտի նախագահէ Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդին:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սելիմ Հըսի հետ իր ունեցած հանդիպումէն ետք Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ շեշտեց, որ ընտրական օրէնքին հիմնական կէտերուն շուրջ համաձայնութիւն գոյացած է` աւելցնելով, որ կան որոշ կէտեր, որոնց շրջանցումը անհրաժեշտ է:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի մերժեց Թրիփոլիի մարոնի աթոռին փոխադրութիւնը` աւելցնելով, որ ընտրական նոր օրէնքը բաւական վտանգներ կ՛ընդգրկէ:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա ընդունեց Լիբանանի մէջ Աւստրալիոյ դեսպան Կլեն Մայլզը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-աւստրալիական յարաբերութիւնները:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Մըլհեմ Ռիաշի յայտնեց, որ պետական պատկերասփիւռի կայանի ժամանակաւոր վարչութեան գործունէութեան վերջ տալը անհրաժեշտ էր:

ՓՏԱԾՈՒԹԵԱՆ դէմ պայքարի պետական նախարար Նիքոլա Թուէյնի շեշտեց, որ Լիբանան կը գտնուի ընտրական նոր օրէնք մը վաւերացնելու սեմին:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան հրապարակած վառելանիւթի նոր սակացոյցին համաձայն,  95 օքթան պենզինի սակը 100 լ. ոսկիով նուազած է, իսկ մազութինը` 200 լ. ոսկիով:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա յայտնեց, որ Լիբանան կը գտնուի ընտրական նոր օրէնք մը ունենալու սեմին:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Միշել Մուսա անհրաժեշտ նկատեց խորհրդարանը արտակարգ նստաշրջանի մը հրաւիրելու որոշումը:

ԺԱՄԱԱ Իսլամիէի երեսփոխան Իմատ Հութ շեշտեց, որ բանակցութիւններուն առումով բոլոր ընտրանքները առկայ են` սպասելով ընտրական նոր օրէնքին:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նաամթալլա Ապի Նասըր յայտնեց, որ տեղահանուածներու նախարարութիւնն է, որ պէտք է ստանձնէ գաղթականներու տունդարձի պատասխանատուութիւնը:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ հաստատեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կեցուածքը ազգային է եւ անկէ կարելի չէ հրաժարիլ, նոյնիսկ եթէ կարելի չըլլայ ընտրական օրէնք մը վաւերացնել: Ան նշեց, որ երեսփոխաններու աթոռներուն փոխադրութիւնը կը խորացնէ երկփեղկումը` շեշտելով, որ իրենք կտրականապէս կը մերժեն այդ քայլը եւ ոչ թէ խուսանաւում կը կատարեն:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի հիւսիսային Լիբանանի պատասխանատու Մուսթաֆա Ալլուշ շեշտեց, որ ընտրական օրէնքը իրականութիւնը պիտի չփոխէ եւ Լիբանանը անհաւասարակշիռ պիտի պահէ:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ապտել Մեժիտ Սալեհ յայտնեց, որ ոմանք նոյնիսկ համամասնական դրութեան մէջ կը ցանկան յաւելեալ ներկայացուցչութիւն ձեռք ձգել, եւ այդ պատճառով հարցերը կը բարդանան:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ֆատի Քարամ շեշտեց, որ ընտրական նոր օրէնքին վաւերացման դիմաց ոչ մէկ հարց գոյութիւն ունի:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Մոհամետ Քապպանի շեշտեց, որ Ուաշինկթընի կողմէ հրապարակուելիք նիւթական պատժամիջոցները խիստ եւ ընդարձակ պիտի չըլլան:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Ֆատի Հապըր յայտնեց, որ Հըզպալլա զօր. Միշել Աունին յանձնեց նախագահութիւնը` անկէ խլելով հանրապետութիւնը:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան շեշտեց, որ ընտրական նոր օրէնք մը պիտի մշակուի` աւելցնելով, որ այդ օրէնքին մշակումին համար մինչեւ իրենց վերջին շունչը պիտի գործեն: Ան նշեց, որ խորհրդարանը արտակարգ նստաշրջանի մը հրաւիրելու որոշումը հանրապետութեան նախագահին կը պատկանի` աւելցնելով, որ իրենք կատարեալ վստահութիւն ունին հանրապետութեան նախագահին նկատմամբ:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ պլոք կուսակցութեան նախագահ Միրիամ Սքաֆ շեշտեց, որ Զահլէի մէջ երեսփոխաններու աթոռներուն փոխադրութիւնը Ժողովրդային պլոքի կուսակցութեան դէմ ոտնձգութիւն կը նկատուի:

ՀԱՄԱՅՆԱՎԱՐ կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Հաննա Ղարիպ շեշտեց, որ 15 ընտրաշրջաններէ բաղկացած ընտրական օրէնքը յարմարեցուած է իշխանութեան վրայ գտնուող քաղաքական ուժերուն չափով: Ան պահանջեց ամբողջական համամասնական դրութեան հիման վրայ գործել:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ շեշտեց, որ լիբանանեան արդի պետութիւնը կարելի է հիմնել գիտութեամբ, իմաստուն վարչութեամբ եւ ազատ պայմանագրութեամբ: Իպրահիմ ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Զուիցերիոյ դեսպան Ֆրանսուա Փարասը, որուն այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ:

ԱԶԱՏ Նասըրականներու «Մուրապիթուն» շարժումի ղեկավար խորհուրդի քարտուղար Մուսթաֆա Համտան շեշտեց, որ ընտրական օրէնքին գծով Լիբանանի մէջ կը տիրէ լաւատեսութեան մթնոլորտ` աւելցնելով, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները պիտի կատարուին 17 սեպտեմբերէն առաջ:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի այսօր` հինգշաբթի, 1 յունիսին պիտի ուղղուի նախագահական պալատ` ընդառաջելով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի կողմէ ուղղուած իֆթարի հրաւէրին:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն կը փափաքի, որ Պաապտայի մէջ տեղի ունենալիք իֆթարը համախմբող ըլլայ:

 

 

Նախորդը

Շըրնաք Նահանգին Մէջ. Թրքական Զինուորական Ուղղաթիռ Մը` Ջախջախուած. 13 Զինուորներ` Մեռած

Յաջորդը

Ֆրենժիէ Ընդունեց Աւստրիոյ Եւ Յունաստանի Դեսպանները

RelatedPosts

Այցելելով Պաապտայի Պալատ`  «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր,  Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն»  Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Պաապտայի Պալատ` «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր, Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն» Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը

Յուլիս 9, 2025
Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց  Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ  Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու
Լիբանանեան

Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու

Յուլիս 9, 2025
Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը  Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»
Լիբանանեան

Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?