Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Պիտի Կատարուին Համամասնական Դրութեան Հիման Վրայ, Քաղաքական Ուժերուն Միջեւ Համաձայնութիւն Գոյացնելէ Ետք» Շեշտեց Նախագահ Աուն

May 31, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Նախագահ Աուն – Ժոզեֆ Թարապէյ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց քաղաքական, տնտեսական, բարգաւաճման, զբօսաշրջական եւ այլ մարզերը ներկայացնող անձնաւորութիւններ, ինչպէս նաեւ քաղաքապետական եւ ժողովրդային պատուիրակութիւններ:

Իր այցելուներուն ներկայութեան նախագահ Աուն դարձեալ հաստատեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները պիտի կատարուին համամասնական դրութեան հիման վրայ` քաղաքական ուժերուն միջեւ համաձայնութիւն գոյացնելէ ետք:

Նախագահ Աուն վերահաստատեց իր լաւատեսութիւնը` այդ հարցին շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելու առումով:

Նախագահ Աուն ընդգծեց նաեւ լիբանանեան տարբեր շրջաններուն մէջ, յատկապէս սահմանամերձ, բարգաւաճման ծրագիրներ իրագործելու կարեւորութիւնը` հաստատելով հաւասարակշռուած բարգաւաճման անհրաժեշտութիւնը:

Այս շրջագիծին մէջ ան շեշտեց, որ մշակման ընթացքին մէջ գտնուող տնտեսական ամբողջական ծրագիրը մօտիկ ապագային պիտի յայտարարուի:

Միւս կողմէ, նախագահ Աուն ընդունեց Լիբանանի դրամատուներու միութեան նախագահ Ժոզեֆ Թարապէյը: Քննարկուեցան ամերիկեան ելեւմտական պատժամիջոցներուն դիմադրելու իմաստով կատարուած հաղորդակցութիւններուն եւ ի գործ դրուած ջանքերուն մանրամասնութիւնները:

Թարապէյ նշեց, որ այդ նպատակով Միացեալ Նահանգներ ուղղուած լիբանանեան պատուիրակութիւնը դրական արդիւնքներով վերադարձած է:

Իր կարգին, նախագահ Աուն ողջունեց այս իմաստով գործող Լիբանանի դրամատուներու միութիւնը` աւելցնելով, որ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ ամերիկեան վարչակազմին հետ մնայուն կապի մէջ պիտի ըլլայ` հետեւելու համար այդ հարցին վերաբերող զարգացումներուն:

 

 

 

 

Նախորդը

Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունին Եւ Այնճարի Քաղաքապետը Այցելեցին Մշակոյթի Նախարարին

Յաջորդը

Աղուան Վարդանեան. «Կը Խախտենք Խաղին Կանոնները, Որ Պիտի Դառնայ Բացառութիւն, Յետոյ` Ուրիշ Բացառութիւն Մը»

RelatedPosts

Մըրքոս. «Բանակը Աշխատանք Պիտի Տանի  Լիթանի Գետէն Հիւսիս Զինաթափումի Ծրագիրի  Պատրաստութեան Վրայ Եւ Զայն Փետրուարին  Ներկայացնէ Կառավարութեան»
Լիբանանեան

Մըրքոս. «Բանակը Աշխատանք Պիտի Տանի Լիթանի Գետէն Հիւսիս Զինաթափումի Ծրագիրի Պատրաստութեան Վրայ Եւ Զայն Փետրուարին Ներկայացնէ Կառավարութեան»

January 9, 2026
Նեթանիահու. «Լիբանանեան Կառավարութեան  Եւ Բանակին Ջանքերը Բաւարար Չեն»
Լիբանանեան

Նեթանիահու. «Լիբանանեան Կառավարութեան Եւ Բանակին Ջանքերը Բաւարար Չեն»

January 9, 2026
Լիբանանեան Բանակը Ձերբակալեց Թրիփոլիի  Տօնածառը Հրկիզելու Դէպքին Մեղսակիցները
Լիբանանեան

Բանակը Զէնքի Մենաշնորհման Ծրագիրի Առաջին Փուլի Նպատակներու Իրագործումը Յայտարարեց

January 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.