Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռամատանեան Մթնոլորտի Մէջ Ընտրական Օրէ՞նք

June 1, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այսօր բոլորին հայեացքը ուղղուած է Պաապտայի իֆթարին: Լիբանանի համար ընտրական նոր օրէնք մը վաւերացնելու բոլոր յոյսերը եւ լաւատեսութիւնը կեդրոնացած են այսօր գիշեր նախագահական պալատին մէջ, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի կողմէ սարքուելիք իֆթարին վրայ:

Անպաշտօն աղբիւրներ նախատեսեցին, որ նախքան իֆթարի սկսիլը, դռնփակ հանդիպում մը տեղի ունենայ նախագահ Աունի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի միջեւ:

Նոյն աղբիւրները նշեցին, որ ընտրական նոր օրէնք մը գոյացնելու իմաստով ընդհանուր լաւատեսութիւն գոյութիւն ունի երկրին մէջ, հակառակ շրջանառութեան մէջ դրուած այն յայտարարութիւններուն, թէ ընտրական օրէնքին վերաբերող բարդութիւններ գոյութիւն ունին:

Անկախ իշխանութեան երեք պետերուն միջեւ տեղի ունենալիք այսօրուան հանդիպումէն, քաղաքական տարբեր ուժերու միջեւ ընտրական օրէնքին մասին խորհրդակցութիւնները շարունակուեցան: Այդ խորհրդակցութիւններուն շրջագիծին մէջ կարելի է նշել երէկ յետմիջօրէին արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ տեղի ունեցած հանդիպումը` արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի եւ երեսփոխաններ Ալեն Աունի, Ժորժ Ատուանի եւ Իպրահիմ Քանաանի միջեւ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը 15 ընտրաշրջաններու բաժնող ընտրական օրէնքին վերաբերող մանրամասնութիւններ:

Միւս կողմէ, այս օրէնքին մասին ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք երէկ կառավարութեան գումարած նիստէն ետք լրագրողներուն հետ ունեցած իր զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ եթէ համամասնական դրութեան վրայ Լիբանանը 15 ընտրաշրջանի բաժնող ընտրական օրէնքը վաւերացուի, ապա երեք ամիսը անբաւարար է երեսփոխանական ընտրութիւնները կազմակերպելու:

Նախորդը

Պըրրի Կը Սպասէ Լիբանանը 15 Ընտրաշրջաններու Բաժնող Ընտրական Օրէնքին Մասին Խորհրդակցութիւններուն Արդիւնքներուն

Յաջորդը

Մինսքի Խմբակի Համանախագահները 19 Յունիսին Պիտի Այցելեն Պաքու

RelatedPosts

Վարչապետ Սալամ Տեսակցեցաւ  Փաքիստանի Իր Պաշտօնակիցին Հետ
Լիբանանեան

Վարչապետ Սալամ Տեսակցեցաւ Փաքիստանի Իր Պաշտօնակիցին Հետ

September 26, 2026
Սալամ. «Ոչ Ոք Բացի Կառավարութենէն  Կրնայ Խօսիլ Կամ Բանակցիլ Լիբանանի Անունով»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Ոչ Ոք Բացի Կառավարութենէն Կրնայ Խօսիլ Կամ Բանակցիլ Լիբանանի Անունով»

September 26, 2026
Նախագահ Աուն Բարձր Գնահատեց  Կարմիր Խաչի Եւ Կարմիր Մահիկի  Գործունէութիւնը
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն Բարձր Գնահատեց Կարմիր Խաչի Եւ Կարմիր Մահիկի Գործունէութիւնը

September 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.