Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ Ռապիէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը, նախագահութեամբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար Ժըպրան Պասիլի:
Նիստէն ետք Պասիլ յայտնեց, որ իրենք քաղաքական երկաթեայ կամքով կրցած են լիբանանցիներուն համար երաշխաւորել 1960-ի ընտրական օրէնքին հիման վրայ երեսփոխանական ընտրութիւններու կայացումին, խորհրդարանին նստաշրջանի երկարաձգումի եւ խորհրդարանի թափուր դրութեան արգիլումը:
Պասիլ շեշտեց, որ ընտրական օրէնքի լաւագոյն տարբերակը կը մնայ համամասնական դրութիւնը` աւելցնելով, որ իրենք կ՛ուզեն բարելաւել նաեւ հանրապետութեան նախագահին իրաւասութիւնները, որոնց շրջագիծին մէջ կ՛իյնայ խորհրդարանը արտակարգ նստաշրջանի հրաւիրելու իրաւասութիւնը:
«Այո՛, համամասնական այն դրութեան, զոր պահանջեցինք Պքերքէի մէջ: Կը փափաքինք Ազգային ուխտին համապատասխանող ընտրական օրէնք մը ունենալ` ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն ապահովելու համար», ըսաւ Պասիլ` նշելով, որ իրենք կը պահանջեն յարգել ժողովուրդին կամքը, համայնքներուն իրաւունքը եւ իւրայատկութիւնները:
Պասիլ հաստատեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն իրականացնելու համար ընտրական օրէնքին շուրջ համաձայնութիւնը, նաեւ ընտրական օրէնքին կցելով բարեկարգումներու շարք մը:
Անդրադառնալով երեսփոխաններուն եւ աթոռներու փոխադրութեան` Պասիլ շեշտեց, որ իրենք կառչած կը մնան Թաէֆի համաձայնութեան եւ կը պահանջեն գործադրել զայն, խորհրդարանին թիւը108 երեսփոխանի վերածելու վերադառնալով:
«Կան երեսփոխաններ, որոնք մեզմէ խլուած են, եւ մենք կը պահանջենք զանոնք վերադարձնել իրենց համայնքներուն», ըսաւ ան:
Պասիլ ընդգծեց նաեւ, որ իրենք անշեղ կը մնան Ծերակոյտ մը հիմնելու պահանջէն:
Դատական Հարցի Յարուցում
Արդարութեան նախարար Սելիմ Ժրայսաթի երէկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ յանձնառու մնալով Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի որոշումին, որուն համաձայն, ուժանիւթի նախարար Սեզար Ապի Խալիլի դէմ արձանագրուած որեւէ վարկաբեկիչ յայտարարութեան եւ ամբաստանութեան պարագային, խնդրոյ առարկաներուն դէմ դատական հարց պիտի յարուցուի, նախարարը ընկերակցութեամբ երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանի դիմած է այդ քայլին:
Աւելի ուշ «Էլ. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ, իր տեղեկութիւններուն համաձայն, դատական հարցեր յարուցուած են երեսփոխան Պութրոս Հարպի, Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլի եւ նախկին նախարար Աշրաֆ Ռիֆիի դէմ:
Իր կարգին, Հարպ պատասխանեց Ապի Խալիլի` շեշտելով, որ քաղաքական իր գործունէութեան ընթացքին ասիկա իր վկայած ամէնէն անհեթեթ քայլն է, որ առնուած է պատասխանատու անձնաւորութեան մը կողմէ:
Հարպ խոստացաւ հատու պատասխան մը տալ օրէնքի սահմանները շրջանցող այս արարքին: