Կիտանեան Քննարկեց Հասպայայի Մէջ Փառատօն Ծրագրելու Կարելիութիւնները
Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց երեսփոխան Անուար Խալիլը, որուն ընկերակցեցաւ Հասպայայէն պատուիրակութիւն մը: Քննարկուեցան ամրան ընթացքին Հասպայայի մէջ փառատօն մը կազմակերպելու կարելիութիւնները: Խալիլ ընդգծեց փառատօներու կազմակերպումին զօրակցելու զբօսաշրջութեան նախարարութեան հզօր դերակատարութիւնը` շեշտելով, որ նման նախաձեռնութիւններ կը նպաստեն լիբանանցին իր հողին կառչած պահելու:



















