Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախկին Վարչապետ Ռաշիտ Քարամէի Նահատակութեան 30-ամեակին Առիթով Արձանագրուած Կեցուածքներ

June 2, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախկին վարչապետ Ռաշիտ Քարամէի նահատակութեան 30-ամեակին առիթով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն շեշտեց, որ Քարամէի կեցուածքները երաշխաւորած են լիբանանեան համերաշխութիւնը եւ չափաւորականութիւնը` արգիլելով Լիբանանի բաժանումը:

Նախագահ Աուն կոչ ուղղեց բոլորին ամրապնդելու Ռաշիտ Քարամէի ազգային աւանդը, որպէսզի լիբանանցիները ունենան իրենց ձգտումներուն համապատասխանող հայրենիք:

Վարչապետ Սաատ Հարիրի հաստատեց, որ նախկին վարչապետ Ռաշիտ Քարամէն Լիբանանի ազգային միասնականութիւնը պահպանող սիւներէն մէկը եղած է:

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ նախկին նախարար Ֆայսալ Քարամէի հետ` ցաւակցութիւն յայտնելով անոր հօրեղբօր նահատակութեան 30-ամեակին առիթով եւ հաստատելով, որ Քարամէ լիբանանեան ազգային միասնականութեան սիւներէն կը նկատուէր եւ նահատակուած է ի խնդիր լիբանանեան ազգային համերաշխութեան եւ իսլամ-քրիստոնեայ համակեցութեան ամրապնդումին:

Նոյն առիթով Ֆայսալ Քարամէ վերահաստատեց, որ Լիբանանին իշխող քաղաքական դասը անհեթեթ քայլով մը 2005-ին ներում շնորհեց Ռաշիտ Քարամէն սպաննած ոճրագործին` երկրորդ անգամ սպաննելով նահատակ վարչապետը:

Ֆայսալ Քարամէ յայտնեց, որ շնորհուած այդ ներումը կը վարկաբեկէ լիբանանեան բանակն ու դատական իշխանութիւնները:

Ֆայսալ Քարամէ հաստատեց, որ սպանութեան հիման վրայ կարելի չէ պետութիւն կերտել` աւելցնելով, որ իրենք պիտի չմոռնան այդ ոճիրը եւ պիտի չներեն ոճրագործը:

Ան ընդգծեց, որ ներման շնորհումը անպարտ հռչակուելուն համազօր չէ` շեշտելով, որ եթէ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ իսկապէս անմեղ է, թող պահանջէ, որ զինք վերստին դատավարութեան ենթարկեն:

Նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի Ռաշիտ Քարամէի նահատակութեան 30-ամեակին առիթով յայտնեց, որ ներկայ փուլին Լիբանան կարիքը կը զգայ Քարամէի իմաստուն կեցուածքներուն եւ Լիբանանը պաշտպանելու անոր հզօրութեան:

Իր կարգին, Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ շեշտեց, որ Ռաշիտ Քարամէ իր ամբողջ կեանքին ընթացքին գործած է ազգային սկզբունքներու հիման վրայ` հեռու համայնքային, յարանուանական եւ քաղաքական նեղլիկ հաշիւներէ:

Մարատա հոսանքի քաղաքական խորհուրդի անդամ Վերա Եամմին ընկերային ցանցերու վրայ կատարեց գրառում մը, թէ Ռաշիտ Քարամէի նման պետական այրերու կարօտը կը զգացուի այս ժամանակաշրջանին:

 

Նախորդը

Ա. Կիտանեան Զբօսաշրջութեան Յատուկ Համագումարին Մասնակցող Հաստատութիւններու Ներկայացուցիչներուն Ընկերակցութեամբ Այցելեց Նախագահ Աունի

Յաջորդը

Բագրատունի Ընդունեց Մեծն Բրիտանիոյ Դեսպանը

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.