Նախագահական պալատին մէջ երէկ գիշեր տիրեց աննախընթաց դրական մթնոլորտ, որ դրսեւորուեցաւ ընտրական նոր օրէնքին մասին նախնական համաձայնութեան յայտարարութեամբ:
Նախքան Պաապտայի մէջ տեղի ունենալիք իֆթարը, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն ստորագրեց հրամանագիր մը, որուն լոյսին տակ խորհրդարանը հրաւիրեց արտակարգ նստաշրջանի մը, որ կ՛երկարի 7-20 յունիս:
Նախագահը արտակարգ նստաշրջանին իրաւասութիւնը սահմանափակեց ընտրական օրէնքի վաւերացումով:
Ապա նախագահ Աուն դռնփակ հանդիպում մը ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ:
Հանդիպումէն ետք իշխանութեան երեք պետերը ուղղուեցան իֆթարի սրահը, ուր նախագահ Աուն արտասանեց իր խօսքը` ներկայութեամբ նախկին նախագահներու, վարչապետներու, խորհրդարանի նախկին նախագահի, մեծ թիւով նախարարներու եւ երեսփոխաններու, հոգեւոր պետերու, դիւանագիտական ներկայացուցիչներու եւ լրագրողներու:
Նախագահ Աուն իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ 1970-ական թուականներէն եկող իրենց յիշողութիւնը կը զօրացնէ իրենց դիմադրողականութիւնը եւ զիրենք կը մղէ ազգային միասնականութեան կառչած մնալու:
«Մենք պէտք է առաջնորդուինք լիբանանեան ազգային միասնականութեամբ, եւ անընդունելի է, որ պատերազմի սպառնալիքներ լսենք, այլ պէտք է փրկենք լիբանանեան վարչակարգը` վերջ տալով անոր կրած բացթողումներուն», հաստատեց նախագահ Աուն:
Ան յայտնեց, որ երկրին նոր իշխանութեան հիմնական նպատակը վստահութեան վերահաստատումն է: «Պետութիւնը կարելի չէ վերականգնել եւ վստահութիւնը կարելի չէ վերահաստատել, բացի եթէ միասնականութեամբ գործելու նպատակ եւ կամեցողութիւն ըլլայ: Հզօր պետութիւնը անկեղծ պետութիւնն է, որ իր աշխատանքը հայրենիքին եւ քաղաքացիներուն ի խնդիր կը ծառայեցնէ: Իսկ յառաջիկայ քանի մը օրերուն ընթացքին ընտրական նոր օրէնքին վաւերացումը պիտի ըլլայ վստահութիւնը վերահաստատելու սկիզբը», հաստատեց նախագահ Աուն:
Իֆթարէն ետք նախագահական պալատէն մեկնումի պահուն Պըրրի նշեց, որ մթնոլորտը դրական է, եւ կարելի եղած է համաձայնութիւն գոյացնել Լիբանանը 15 ընտրաշրջաններու բաժնող համամասնական ընտրական օրէնքին շուրջ:
Պըրրի աւելցուց, որ առաջարկած է կազմել նախարարական յանձնախումբ մը, որ սերտէ օրէնքին կապուած թեքնիք հարցերը:
Իր կարգին, վարչապետ Հարիրի իֆթարէն մեկնումի պահուն ընդգծեց, որ Լիբանանը 15 ընտրաշրջանի բաժնող ընտրական համամասնական օրէնքին շուրջ համաձայնած են` աւելցնելով, որ կայ յանձնախումբ մը, որ պիտի վերջնականացնէ օրէնքին վերաբերող մանրամասնութիւնները, նախքան խորհրդարանի արտակարգ նստաշրջանին աւարտը:
Իսկ Պաապտայի մէջ նախագահ Աուն դռնփակ հանդիպում մը ունեցաւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ:
Հանդիպումէն ետք Ժոմպլաթ յայտնեց, որ նախագահ Աունի հետ բոլոր հանդիպումներն ալ անկեղծ են, իսկ մթնոլորտը` դրական:
«Մենք կը գտնուինք ընտրական նոր օրէնք մը վաւերացնելու սեմին: Փառք Աստուծոյ, խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը պիտի չերկարաձգուի եւ 1960-ի ընտրական օրէնքին հիման վրայ երեսփոխանական ընտրութիւն պիտի չկատարուի: Այս գիշեր օրհնութեան գիշեր է», հաստատեց Ժոմպլաթ:
Միւս կողմէ, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ նախագահական պալատէն մեկնելու ընթացքին յայտնեց, որ յառաջիկայ քանի մը օրուան ընթացքին կարելի է ընտրական նոր օրէնք մը վաւերացնել, որովհետեւ քաղաքական բոլոր ուժերը պատրաստ են համաձայնելու: