ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախկին նախագահ Հիւսէյն Հիւսէյնի լաւատեսութիւն յայտնեց Լիբանանը 15 ընտրաշրջանի բաժնող համամասնական ընտրական օրէնքին առնչութեամբ` ողջունելով այդ օրէնքի պաշտօնապէս վաւերացումին մօտալուտ ըլլալը: Հիւսէյնի այս օրէնքը նկատեց միակ ճշգրիտ եւ օրինական ծրագիրը` աւելցնելով, որ եթէ այդ օրէնքը մինչեւ 20 յունիս կարելի չըլլայ վաւերացնել, ապա խորհրդարանը թափուր դրութեան պիտի մատնուի:
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահութեան հարցերու պետական նախարար Փիեռ Ռաֆֆուլ շեշտեց, որ խորհրդարանը արտակարգ նստաշրջանի հրաւիրելը կը նշանակէ, թէ ընտրական օրէնքը մօտիկ ապագային կրնայ վաւերացուիլ:
ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏ, առողջապահութեան նախարար Ղասսան Հասպանի շեշտեց, որ լաւատեսութիւնը հետզհետէ տիրական կը դառնայ` ընտրական նոր օրէնքին շուրջ համախոհութիւն գոյացնելու առումով:
ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Մարուան Համատէ յայտնեց, որ ինք լրջօրէն կը հետեւի պետական քննութիւններու պատրաստութեան աշխատանքներուն: Ան հաստատեց, որ պետական ամավարկին ու աշխատավարձի յաւելումներուն թղթածրարները պիտի վաւերացուին ընտրական նոր օրէնքին վաւերացումէն ետք:
ՆԱԽԿԻՆ փոխվարչապետ Իսամ Ֆարես հաստատեց, որ պէտք է իրականացնել արդար, իրաւացի եւ արդի ընտրական օրէնք մը, որ կը ջնջէ ամէն տեսակի անիրաւութիւն:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ շեշտեց, որ խորհրդարանի նոր նիստ մը պիտի ճշդուի` յառաջիկայ ժամերուն յստականալիք որոշ տուեալներէն ետք:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ահմետ Քարամէ շեշտեց, որ Թրիփոլիէն մարոնի համայնքի երեսփոխանի աթոռին փոխադրութիւնը դաշնակցային նպատակներ կը թաքցնէ:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան փոխնախագահ, նախկին նախարար Սելիմ Սայեղ յայտնեց, որ իրենք տեղեկութիւններ ունին, թէ 2017-ին երեսփոխանական ընտրութիւններ պիտի չկատարուին լիբանանեան ներքին պատճառներով:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպումի երեսփոխան Ուաէլ Ապու Ֆաուր շեշտեց, թէ տուեալ օրէնքին հիման վրայ առաջին անգամ ըլլալով է, որ երեսփոխանները պիտի ընտրեն ի նպաստ իրենց քուէարկողները:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան փոխնախագահ, երեսփոխան Ժորժ Ատուան շեշտեց, որ այժմ իրենք հանգիստ սրտով կրնան ըսել, թէ ընտրական նոր օրէնք մը պիտի ունենան:
«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի մօտիկ աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ տարբեր տեսակէտներ եւ կեցուածքներ ունենալ չի նշանակեր տարակարծիք ըլլալ:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով ապահովական աղբիւրներէ, կը գրէ, թէ Այն Հելուէի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի էմիրութիւն յայտարարելու ծրագիր մը կարելի եղած է բացայայտել: