Լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութեան ուժերը հիւսիսային Լիբանանի Ֆնայտեք գիւղաքաղաքին բարձունքներուն վրայ վնասազերծած են երկու ականուած գօտիներ` ձերբակալուած ՏԱՀԵՇ-ի անդամներուն խոստովանութիւններուն լոյսին տակ:
Միւս կողմէ, լիբանանեան բանակը երէկ ստանձնած է մեծ քանակով սպառազինում` զրահապատներ, հրթիռներ եւ զինամթերք, ինչպէս նաեւ ականներ յայտնաբերելու մարզուած շուներ, որոնք տրամադրուած էին ֆրանսական իշխանութիւններուն կողմէ:
Նշենք, որ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց Մուսթաքպալ պլոքի երեսփոխան Հատի Հպէյշը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի մէջ տիրող իրադարձութիւնները:
Զօր. Աունի այցելեցին նաեւ Լիբանանի մէջ Միջազգային կարմիր խաչի ներկայացուցիչ Ֆապրիցիօ Քարպոնին, ընկերակցութեամբ Լիբանանեան կարմիր խաչի ընդհանուր քարտուղար Ժորժ Քըթթանէի:
Քննարկուեցան երկկողմանի գործակցութիւնը բարելաւելու հեռանկարները:
Զօր. Աունի այցելուներէն եղան նաեւ խմբագիրներու սենտիքայի մէկ պատուիրակութիւնը, գլխաւորութեամբ խմբագիրներու սենտիքայի նախագահ Էլիաս Աուն, ինչպէս նաեւ լիբանանցի ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերուն միութեան մէկ պատուիրակութիւնը, գլխաւորութեամբ միութեան նախագահ Ֆատի Ժեմայէլի: