Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանը, ընկերակցութեամբ Լիբանանի գեղեցկուհի Սենտի Թապեթի:
Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աունի ներկայացուեցաւ ամրան գործադրուելիք ծրագիրը, որ մշակուած էր զբօսաշրջութեան նախարարութեան կողմէ, եւ որուն նպատակն էր Լիբանանի զբօսաշրջական եղանակին շուկայադրումը:
Նախագահ Աունի ներկայացուեցաւ նաեւ լիբանանեան տարբեր շրջաններուն մէջ տեղի ունենալիք փառատօներուն մանրամասնութիւնները:
Իր կարգին, Թապեթ նախագահ Աունի ներկայացուց զբօսաշրջական, ընկերային եւ կրթական մարզերուն մէջ իր ունենալիք ներդրումը, ինչպէս նաեւ հաշմուածներուն եւ յատուկ կարիք ունեցող երեխաներուն համար գործադրելիք իր ծրագիրը, իբրեւ Լիբանանի գեղեցկուհի: