Լիբանանեան

Վարչապետ Հարիրի Ցաւակցեցաւ Իտոյի  Ընտանիքին Եւ Ընդունեց Արաբ Դեսպաններ

Վարչապետ Հարիրի Ցաւակցեցաւ Իտոյի Ընտանիքին Եւ Ընդունեց Արաբ Դեսպաններ

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ այցելեց նահատակ երեսփոխան Ուալիտ Իտոյի բնակարանը եւ ցաւակցութիւն յայտնեց անոր ընտանիքին` Իտոյի սպանութեան 10-ամեակին առիթով: Միւս կողմէ, վարչապետ Հարիրի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու դեսպան Համատ Սայիտ Շամիսին, Եգիպտոսի դեսպան Նազիհ Նաժարին եւ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատան գործավար Սուլթան Սըպաային, որոնց հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Քաթարի շրջափակումին...

Պաշտպանութեան Նախարարութեան Մէջ  Գումարուեցաւ Ապահովական Բնոյթի Հանդիպում Մը

Պաշտպանութեան Նախարարութեան Մէջ Գումարուեցաւ Ապահովական Բնոյթի Հանդիպում Մը

Պաշտպանութեան նախարար Եաագուպ Սարրաֆ եւ ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք երէկ պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ գումարեցին ապահովական բնոյթի հանդիպում մը` ներկայութեամբ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի, Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի, Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսմանի, Պետական անվտանգութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Թոնի Սալիպայի, բանակի գաղտնի սպասարկութեան, ներքին ապահովութեան ուժերուն եւ ընդհանուր ապահովութեան ուժերուն տեղեկահաւաքի...

Պքերքէի Մէջ.  Ռայի Պատրիարքը Բացումը  Կատարեց Սիւնհոդոսին

Պքերքէի Մէջ. Ռայի Պատրիարքը Բացումը Կատարեց Սիւնհոդոսին

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ բացումը կատարեց մարոնի համայնքի յատուկ սիւնհոդոսին, որուն ընթացքին յայտնեց, թէ ինք մտահոգ է Լիբանանի ապագայով` նկատի ունենալով երկրին քաղաքական, տնտեսական, ընկերային եւ ապահովական մարզերուն մէջ ծառացող տագնապները: Ան նշեց, որ բոլոր այդ տագնապներուն վրայ աւելցած է նաեւ Լիբանան հասած սուրիացի երկու միլիոն տեղահանուածներու տագնապը` նկատի ունենալով, որ սուրիացի գաղթականները լիբանանցիներուն հետ կը...

Զօր. Ժոզեֆ Աուն ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերուն  Հրամանատարին Հետ Քննարկեց Փոխադարձ  Գործակցութեան Ամրապնդումը

Զօր. Ժոզեֆ Աուն ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերուն Հրամանատարին Հետ Քննարկեց Փոխադարձ Գործակցութեան Ամրապնդումը

Բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ Եարզէի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց երեսփոխաններ Անթուան Սաատը եւ Հանրի Հըլուն, ինչպէս նաեւ նախկին երեսփոխան Ժիհատ Սամատը, որոնց հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները: Զօր. Աունի այցելեց նաեւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Մայքըլ Պիրի: Քննարկուեցան հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող սահմանային իրավիճակն ու բանակին եւ միջազգային խաղաղապահ ուժերուն միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:

Իպրահիմ Զօր. Պիրիի Հետ Քննարկեց  Հարաւային Լիբանանի Իրավիճակը

Իպրահիմ Զօր. Պիրիի Հետ Քննարկեց Հարաւային Լիբանանի Իրավիճակը

Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ ընդունեց Հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Մայքըլ Պիրին, որուն հետ քննարկեց հարաւային Լիբանանի իրավիճակը, յատկապէս ինչ կը վերաբերի Հարաւի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն եւ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերուն միջեւ գործակցութեան: Իպրահիմ ընդունեց նաեւ պաղեստինեան Համաս շարժումի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Մուսա Ապու Մարզուքի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները,...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշեց, որ Պաալպեքի մէջ ձերբակալած է Ահմետ Հասան Ուեհպէն եւ Ալի Շաուքաթ Ուեհպէն, որոնք բանակին դէմ յարձակած են: Բանակը անոնց ինքնաշարժէն գրաւած է «Էր. Փէ. Ժէ.» տիպի 18 նռնականետ, 14 ձեռնառումբ, «Քալաշնիքով» տիպի 5 գնդացիրներ եւ այլ զինամթերք: ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Մարուան Համատէ հաստատեց, որ ընտրական օրէնքին գծով գնդակը այժմ...

Ընտրական Օրէնքին Շուրջ  Համաձայնութիւն  Գոյացնելու Հաւանականութիւնը  Դարձեալ Կը Բարձրանայ

Ընտրական Օրէնքին Շուրջ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Հաւանականութիւնը Դարձեալ Կը Բարձրանայ

Մինչ Ֆրանսա ընտրեց իր հանրապետութեան նախագահն ու երէկ կատարեց երեսփոխանական ընտրութիւնները, Լիբանանի մէջ ընտրական օրէնք մը վաւերացնելու շուրջ մերթ լաւատես, մերթ յոռետես տրամադրութիւնները տակաւին կը շարունակեն մնալ լիբանանեան քաղաքական անձնաւորութիւններու աշխատանքին առանցքը: Այս շրջագիծին մէջ, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին ընդունեց վարչապետ Սաատ Հարիրին, որուն հետ քննարկեց երկրին քաղաքական բեմը յուզող հարցերը, յատկապէս ընտրական նոր...

«Զէնքն Ու Իշխանութիւնը Պետութեան  Հակակշիռին Տակ Պէտք Է Ըլլան»  Շեշտեց Վարչապետ Հարիրի

«Զէնքն Ու Իշխանութիւնը Պետութեան Հակակշիռին Տակ Պէտք Է Ըլլան» Շեշտեց Վարչապետ Հարիրի

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ Թոնի Ֆրենժիէի նահատակութեան առիթով թուիթըրեան գրառում մը կատարեց` ողջունելով Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէն եւ Ֆրենժիէ ընտանիքը, որ իր պետական այրերով ծառայած է Լիբանանին: Միւս կողմէ, շաբաթավերջին վարչապետ Հարիրի Շթորայի մէջ ներկայ գտնուեցաւ իֆթարի մը, որ կազմակերպուած էր Պեքաայի եւ Պաալպեքի մէջ Մուսթաքպալ հոսանքի պատասխանատուներուն կողմէ: Իֆթարին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ վարչապետը ընդգծեց, որ...

Ֆրենժիէ. «Մենք Մեր Դաշնակիցներուն Դէմ  Չենք Պատերազմիր Եւ  Գործակցութեան  Ձեռք Կ՛երկարենք Բոլորին»

Ֆրենժիէ. «Մենք Մեր Դաշնակիցներուն Դէմ Չենք Պատերազմիր Եւ Գործակցութեան Ձեռք Կ՛երկարենք Բոլորին»

Երէկ երեկոյեան նախկին նախագահ Սլէյման Ֆրենժիէի պալատին դիմաց տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն` նուիրուած Էհտենի սպանդին յիշատակին: Այս առիթով Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ շեշտեց, որ  իրենց համար հպարտութիւն է, որ 39 տարիէ ի վեր կը խօսին քաղաքական նոյն լեզուն: «Մեր նահատակները գիտեն, թէ այն ուղեգիծը, որուն համար իրենք նահատակուեցան, կը մնայ անփոփոխ, սկզբունքները` աւելի ամրապնդուած, իսկ համոզումները` պահպանուած, զանոնք...

Կիպրոսի Նախագահը Քառօրեայ  Այցելութիւն Կու Տայ Լիբանան

Կիպրոսի Նախագահը Քառօրեայ Այցելութիւն Կու Տայ Լիբանան

Կիպրոսի նախագահ Նիքոս Անասթասիատես երէկ առաւօտեան քառօրեայ այցելութեամբ մը հասաւ Լիբանան: Նախագահ Անասթասիատեսը պաշտօնապէս դիմաւորելէ ետք, ան իր կնոջ հետ ուղղուեցաւ Պէյրութի իր կեցութեան վայրը` «Ֆենիսիա» պանդոկ: Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն այսօր կէսօրին նախագահական պալատին մէջ պիտի ընդունի Անասթասիատեսը, որուն հետ հանդիպելէ ետք, անոնց պիտի միանայ Կիպրոսի նախագահին ընկերակցող կիպրական պատուիրակութիւնը: Ընդարձակ հանդիպումէն ետք նախագահներ Աուն եւ Անասթասիատես մամլոյ...

Ռայի Պատրիարքը Մաղթեց, Որ Խորհրդարանի  Պաշտօնավարութեան Շրջանը Չերկարաձգուի  Եւ Թափուր Դրութիւն Չստեղծուի

Ռայի Պատրիարքը Մաղթեց, Որ Խորհրդարանի Պաշտօնավարութեան Շրջանը Չերկարաձգուի Եւ Թափուր Դրութիւն Չստեղծուի

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Հարիսայի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան պատարագին: Իր քարոզին մէջ Ռայի պատրիարքը մաղթեց, որ խորհրդարանի պաշտօնավարութեան շրջանը չերկարաձգուի եւ թափուր դրութիւն չստեղծուի` հաստատելով, որ այս երկուքը մերժելի են: Ռայի պատրիարքը ողջունեց ընտրական նոր օրէնքին շուրջ համաձայնութիւն մը գոյացնելու համար ի գործ դրուած ճիգերը` ընդգծելով, որ խորհրդարանի պաշտօնավարութեան շրջանի երկարաձգումը կամ խորհրդարանը թափուր դրութեան մատնելը Լիբանանի...

Մերեհպի. «Քաղաքապետարանները Տեղական  Սեղմ Կառավարութիւններ Են, Որոնք  Կը Գործեն Բնակիչներուն Բարօրութեան Նպատակով»

Մերեհպի. «Քաղաքապետարանները Տեղական Սեղմ Կառավարութիւններ Են, Որոնք Կը Գործեն Բնակիչներուն Բարօրութեան Նպատակով»

Տեղահանուածներու հարցերու պետական նախարար Մույին Մերեհպի ողջունեց վարչապետ Սաատ Հարիրիի Աքքար այցելութիւնը` զայն նկատելով ազգային հարսանիք: Ան շեշտեց, որ աքքարցիները կը գնահատեն վարչապետին ցուցաբերած զօրակցութիւնը իրենց արդար իրաւունքներուն, որոնց գործադրութեան համար երկար սպասած են: Աքքարի քաղաքապետարաններու պատասխանատուներուն հետ շրջանին բարգաւաճման ծրագիրներուն մասին խորհրդակցութիւններու ընթացքին Մերեհպի շեշտեց, որ քաղաքապետարանները տեղական սեղմ կառավարութիւններ են, որոնք կը գործեն բնակիչներուն բարօրութեան նպատակով:

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՆՏԻՈՔԻ եւ համայն Արեւելքի յոյն ուղղափառ համայնքի Եուհաննա Ժ. Եազիժի պատրիարքը երէկ պատարագի ընթացքին հարց տուաւ, թէ ու՞ր է այն խաղաղութիւնը, որ իւրաքանչիւր անհատ կը փափաքի տեսնել իր կեանքին մէջ: Ան շեշտեց, որ հակառակ շրջանին մէջ ընթացող պատերազմին, իրենք կառչած պիտի մնան հողին եւ հայրենիքին, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ, որպէսզի գոյատեւեն իբրեւ իրաւունքի վկաներ: ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏ, առողջապահութեան նախարար Ղասսան Հասպանի շեշտեց, որ...

Ներքին Ապահովութեան Ուժերու  Հիմնադրութեան 156-ամեակի Նշում

Ներքին Ապահովութեան Ուժերու Հիմնադրութեան 156-ամեակի Նշում

Հովանաւորութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, երէկ Ներքին ապահովութեան ուժերու Տըպպայէի կեդրոնին «Ուիսամ Հասան»-ի անուան զօրանոցին մէջ տեղի ունեցաւ Ներքին ապահովութեան ուժերու հիմնադրութեան 156-ամեակի նշում: Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութիւններու հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուք, որ կը ներկայացնէր նախագահ Աունը, ծաղկեպսակ մը զետեղեց Ներքին ապահովութեան ուժերու նահատակներուն նուիրուած յուշարձանին: Ապա Մաշնուք արտասանեց նախագահ Աունի խօսքը. «Աւելի քան մէկուկէս դարէ ի վեր ձեր...

Մերեհպի Քաակի Եւ Քորտոնիի Հետ  Շրջեցաւ Նահր Պարետ Գաղթակայանին Մէջ

Մերեհպի Քաակի Եւ Քորտոնիի Հետ Շրջեցաւ Նահր Պարետ Գաղթակայանին Մէջ

Տեղահանուածներու հարցերու պետական նախարար Մույին Մերեհպի երէկ` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Սիկրիտ Քաակի եւ Լիբանանի մէջ ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի ընդհանուր տնօրէն Քլաուտիօ Քորտոնիի, շրջեցաւ պաղեստինեան Նահր Պարետ գաղթակայանին մէջ` ստուգելով գաղթակայանի վերակառուցման աշխատանքը: Նահր Պարետ ուղղուած պատասխանատուներուն ընկերակցեցան նաեւ պաղեստինեան խմբաւորումներուն ներկայացուցիչները, որոնք այցելուներուն ներկայացուցին պաղեստինցի գաղթականներուն դիմագրաւած հարցերը` գաղթակայանի վերակառուցման աշխատանքներուն դանդաղ ընթացքին պատճառով: Անոնք նախարար Մերեհպիէն խնդրեցին...

Պասիլ Հունգարացի Իր Պաշտօնակիցին Հետ Քննարկեց Երկկողմանի Յարաբերութիւնները

Պասիլ Հունգարացի Իր Պաշտօնակիցին Հետ Քննարկեց Երկկողմանի Յարաբերութիւնները

Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Հունգարիոյ արտաքին գործոց նախարար Փիթըր Սիարթոն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանան հասած սուրիացի տեղահանուածներուն վերաբերող հարցեր: Հանդիպումէն ետք կատարուած մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը ընթացքին Պասիլ շնորհակալութիւն յայտնեց Հունգարիոյ` Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմելու եւ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը...

Արտաքին Գործոց Նախարարութեան  Կեդրոնին Մէջ Ընտրական Օրէնքը Քննարկող Նիստեր

Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Կեդրոնին Մէջ Ընտրական Օրէնքը Քննարկող Նիստեր

Երէկ երեկոյեան արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան փոխնախագահ, երեսփոխան Ժորժ Ատուան եւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ ունեցան հանդիպում մը, որուն ընթացքին շարունակեցին քննարկել ընտրական օրէնքը: Ուշ գիշերին, նոյն վայրին մէջ տեղի ունեցաւ երկրորդ հանդիպում մը Պասիլի, ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլի, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի քաղաքական հարցերու օգնական Հիւսէյն...

Միքաթի Ընդգծեց Ազգային Շահերը Ընտրական  Շահերէն Գերադասելու Կարեւորութիւնը

Միքաթի Ընդգծեց Ազգային Շահերը Ընտրական Շահերէն Գերադասելու Կարեւորութիւնը

Նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ շրջապտոյտ մը կատարեց Թրիփոլիի ներքին շուկաներուն մէջ, ուր հաստատեց, որ ամէն ջանք ի գործ կը դնէ Թրիփոլիի պատկերը բարելաւելու, զայն բարգաւաճեցնելու եւ անոր կարիքները ապահովելու իմաստով: «Մենք կը հասնինք հոն, ուր պետութիւնը բացթողումներ կ՛արձանագրէ, սակայն ի վերջոյ մենք պետութեան համազօր չենք կրնար նկատուիլ: Պետութիւնը պարտի իր կատարած խոստումներէն դուրս գալ եւ գործնական քայլերու նախաձեռնել` երաշխաւորելու...

Ռաատ. «Շրջանին Իրադարձութիւնները Կը Յուշեն  Այնպիսի Զարգացումներ, Որոնք Կը Մնան Հակակշիռի Տակ»

Ռաատ. «Շրջանին Իրադարձութիւնները Կը Յուշեն Այնպիսի Զարգացումներ, Որոնք Կը Մնան Հակակշիռի Տակ»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ զգուշացուց, որ ամբողջ շրջանը սպառնալիքի տակ կը գտնուի ո՛չ միայն իր ապագան ապահովելու իմաստով, այլեւ` ներքին ապահովական կայունութիւնը կորսնցնելու առումով: Ռաատ նշեց սակայն, որ շրջանին իրադարձութիւնները կը յուշեն այնպիսի զարգացումներ, որոնք կը մնան հակակշիռի տակ: «Մենք` իբրեւ Լիբանանի մէջ Դիմադրութիւն, պատրաստ ենք ամէն ինչի` պահպանելու համար մեր գոյութիւնը եւ երկիրը: Մենք ոչ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի նախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան կոչ ուղղեց լիբանանեան ներքին ապահովութեան սպառնացող անհատներուն դէմ երկաթեայ բազուկով ներկայանալու: ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Չաղաթայ Էրճիեշը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները: ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք ընդվզում յայտնեց երկրին մէջ արձանագրուող ոճիրներուն առնչութեամբ եւ շեշտեց, որ ինք յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին պաշտպանութեան նախարարութեան...

Page 733 of 987 1 … 732 733 734 … 987

Արխիւներ