Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ընտրական Օրէնքին Շուրջ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Հաւանականութիւնը Դարձեալ Կը Բարձրանայ

June 12, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մինչ Ֆրանսա ընտրեց իր հանրապետութեան նախագահն ու երէկ կատարեց երեսփոխանական ընտրութիւնները, Լիբանանի մէջ ընտրական օրէնք մը վաւերացնելու շուրջ մերթ լաւատես, մերթ յոռետես տրամադրութիւնները տակաւին կը շարունակեն մնալ լիբանանեան քաղաքական անձնաւորութիւններու աշխատանքին առանցքը:

Այս շրջագիծին մէջ, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին ընդունեց վարչապետ Սաատ Հարիրին, որուն հետ քննարկեց երկրին քաղաքական բեմը յուզող հարցերը, յատկապէս ընտրական նոր օրէնքը վաւերացնելու իմաստով կատարուող խորհրդակցութիւններուն վերաբերող զարգացումները:

Մէկուկէս ժամ տեւած հանդիպումէն ետք վարչապետը յայտնեց, որ մթնոլորտը դրական է, եւ անհրաժեշտ նկատեց ընտրական օրէնքին շուրջ գոյանալիք համաձայնութիւնը:

Վարչապետ Հարիրի շեշտեց, որ ընտրական օրէնքին մշակումը պէտք է աւարտել չորեքշաբթի օրուան կառավարութեան նիստէն առաջ:

Նշենք, որ կառավարութեան յաջորդ նիստը պիտի գումարուի չորեքշաբթի, 14 յունիս 2017-ին, Պաապտայի մէջ:

Կառավարութեան քննարկելիք 47 կէտերէ բաղկացած օրակարգին առաջին կէտը պիտի ըլլայ ընտրական օրէնքը:

Իսկ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի որոշումով խորհրդարանի այսօրուան նիստը յետաձգուեցաւ ուրբաթ, 16 յունիս 2017-ին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին:

Պըրրիի մօտիկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ ընտրական օրէնքին շուրջ զգուշաւոր լաւատեսութիւն մը կը տիրէ, մինչեւ անոր շուրջ ամբողջական համաձայնութեան մը գոյացումը:

Միւս կողմէ, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան փոխնախագահ, երեսփոխան Ժորժ Ատուան շեշտեց, որ կայ ընտրական օրէնք մը, որ պիտի հրապարակուի մօտիկ ապագային` առանց ոեւէ մէկուն ընդդիմութեան:

Ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ հաստատեց, որ ընտրական օրէնքին շուրջ համաձայնութեան մը պիտի յանգին` աւելցնելով, որ խորհրդարանը թափուր դրութեան մատնելը արտօնուած չէ:

Իր կարգին, Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ շեշտեց, որ ընտրական նոր օրէնքը պիտի հրապարակուի` աւելցնելով, որ ետդարձ կատարելը անիմաստ է:

Նախորդը

«Զէնքն Ու Իշխանութիւնը Պետութեան Հակակշիռին Տակ Պէտք Է Ըլլան» Շեշտեց Վարչապետ Հարիրի

Յաջորդը

Մանչեսթըր Եունայթըտ Չերկարաձգեց Իպրահիմովիչի Պայմանագրութիւնը

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.