ԱՆՏԻՈՔԻ եւ համայն Արեւելքի յոյն ուղղափառ համայնքի Եուհաննա Ժ. Եազիժի պատրիարքը երէկ պատարագի ընթացքին հարց տուաւ, թէ ու՞ր է այն խաղաղութիւնը, որ իւրաքանչիւր անհատ կը փափաքի տեսնել իր կեանքին մէջ:
Ան շեշտեց, որ հակառակ շրջանին մէջ ընթացող պատերազմին, իրենք կառչած պիտի մնան հողին եւ հայրենիքին, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ, որպէսզի գոյատեւեն իբրեւ իրաւունքի վկաներ:
ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏ, առողջապահութեան նախարար Ղասսան Հասպանի շեշտեց, որ յառաջիկայ օրերուն կարելի պիտի ըլլայ ընտրական նոր օրէնքի մը վաւերացումը` աւելցնելով, որ խորհրդարանի թափուր դրութեան մատնուիլը անհաւանական է
ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, որ Լիբանան կարիքը ունի քաղաքական իսկական բուժումի` աւելցնելով, որ իրենք կա՛մ պիտի յաջողին ապահովել Լիբանանի դարմանը, կա՛մ ալ պիտի ձախողին:
ԾՐԱԳՐԱՒՈՐՈՒՄԻ պետական նախարար Միշել Ֆարաոն հաւանական նկատեց, որ Լիբանան քանի մը օրէն ընտրական նոր օրէնք մը ունենայ:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպումի երեսփոխան Ուաէլ Ապու Ֆաուր մաղթեց, որ մօտիկ ապագային կարելի ըլլայ ընտրական նոր օրէնքին շուրջ համաձայնութիւն մը գոյացնել:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար կոչ ուղղեց Շհիմի թաղապետներուն պատրաստուելու երեսփոխանական ընտրութիւններուն` այն տրամադրութեամբ, որ այդ ընտրութիւնները պիտի կատարուին վաղն իսկ:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպումի երեսփոխան Ալաէտտին Թըրրօ շեշտեց, որ արաբները կը դիմագրաւեն հսկայ տագնապ մը` աւելցնելով, որ Լիբանանի պարագային ընտրական օրէնքին շուրջ համաձայնութիւնը տակաւին անհաւանական է:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ղասսան Մուխայպեր հաստատեց, որ յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին կարելի պիտի ըլլայ ընտրական նոր օրէնքի մը յանգիլ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Մոհամետ Քապպանի յայտնեց, որ ընտրական օրէնքի համամասնական դրութեան պատճառով նոր դաշինքները անխուսափելի են:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա Ժիպէյլ – Աննայա մայրուղին նկատեց մահուան ուղի մը` կոչ ուղղելով պատասխանատուներուն, յատկապէս հանրօգուտ շինութեանց նախարարութեան, հետեւելու այդ հարցին եւ անմիջական միջոցառումները որդեգրելու` քաղաքացիներուն ապահովութեան համար:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ շեշտեց, որ յաջորդող օրերը ճակատագրական պիտի ըլլան` ընտրական նոր օրէնք մը վաւերացնելու իմաստով:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Աշրաֆ Ռիֆի հաւանական նկատեց 1960-ի ընտրական օրէնքին վերադարձը` շեշտելով, որ ոմանք որոշած են լիբանանցիները խաբելու քաղաքականութիւնը շարունակել:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Շեքիպ Քըրթպաուի կոչ ուղղեց թմրեցուցիչի վաճառականներուն դէմ պատերազմ մղելու` զայն կոչելով սուրբ պատերազմ մը, ինչպէս նաեւ զէնք կրելը քրէական ոճիր նկատելու:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Սելիմ Աուն շեշտեց, որ կառավարութիւնը պիտի վաւերացնէ ընտրական նոր օրէնք մը, որուն մանրամասնութիւնները կը յստականան յառաջիկայ չորեքշաբթի օր:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Թալալ Մերեհպի մտավախութիւն յայտնեց 1960-ի ընտրական օրէնքին վերադառնալու առումով:
ԹԱՅՄՈՒՐ Ժոմպլաթ շաբաթավերջին Մուխթարայի մէջ ընդունեց ժողովրդային պատուիրակութիւններ, որոնց հետ քննարկեց բարգաւաճման, կենցաղային եւ ընկերային շարք մը հարցեր: Պատուիրակութիւնները հաստատեցին իրենց զօրակցութիւնը Թայմուրի որդեգրած քաղաքական եւ բարգաւաճման ուղեգիծին:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով ապահովական աղբիւրներէ, կը գրէ, թէ Արսալի` ահաբեկչութենէ մաքրագործումը մօտալուտ է: Նոյն օրաթերթին համաձայն, զինուորական աղբիւրներ կը հաստատեն, որ Ռաս Պաալպեքի բարձունքներուն վրայ գտնուող «ՏԱՀԵՇ»-ի զինեալներուն կացութիւնը բաւական վատթարացած է:
«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, ընտրական օրէնքին վերաբերող բարդ կէտերը ուղղակիօրէն կապուած են վարկանշային քուէին:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը կը գրէ, թէ այս շաբթուան ընթացքին ապահովական հսկայ իրագործումի մը մասին յայտարարութիւն պիտի կատարուի:


