Դեսպան Մկրտչեան Այցելեց Նետիմ Ժեմայէլի
Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան երէկ այցելեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան պլոքի անդամ երեսփոխան Նետիմ Ժեմայէլի, որուն հետ քննարկեց Լիբանան-Հայաստան երկկողմանի յարաբերութիւնները: Ծանօթացման բնոյթ ունեցող հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ լիբանանցիներուն եւ հայ ժողովուրդին միջեւ գոյութիւն ունեցող հեզասահ յարաբերութիւնները ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը:



















