Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Զէնքն Ու Իշխանութիւնը Պետութեան Հակակշիռին Տակ Պէտք Է Ըլլան» Շեշտեց Վարչապետ Հարիրի

Յունիս 12, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ Թոնի Ֆրենժիէի նահատակութեան առիթով թուիթըրեան գրառում մը կատարեց` ողջունելով Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէն եւ Ֆրենժիէ ընտանիքը, որ իր պետական այրերով ծառայած է Լիբանանին:

Միւս կողմէ, շաբաթավերջին վարչապետ Հարիրի Շթորայի մէջ ներկայ գտնուեցաւ իֆթարի մը, որ կազմակերպուած էր Պեքաայի եւ Պաալպեքի մէջ Մուսթաքպալ հոսանքի պատասխանատուներուն կողմէ:

Իֆթարին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ վարչապետը ընդգծեց, որ եթէ Լիբանանի մէջ կան շրջաններ, որոնց բնակիչները կառչած կը մնան ապահովական կայունութեան եւ քաղաքացիական անվտանգութեան, ապա անոնք կեդրոնական եւ հիւսիսային Պեքաայի շրջաններն են:

«Այդ շրջանները ազգային միասնականութեան եւ համերաշխութեան շրջաններ են բոլոր համայնքներուն եւ յարանուանութիւններուն համար, հակառակ անոր որ անոնք Սուրիոյ պատերազմին թէժ վայրերէն քիչ մը անդին կը գտնուին», ըսաւ ան:

Հարիրի ընդգծեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն շրջանին բարգաւաճման եւ աշխատանքի առիթներ ապահովելու համար: Ան նշեց, որ ինք տարիներէ ի վեր այդ հարցը կը հետապնդէ եւ անհրաժեշտ կը նկատէ Լիթանիի ապականումին վերջ տալու աշխատանքը:

Անդրադառնալով ապահովական մարտահրաւէրին` վարչապետ Հարիրի շեշտեց, որ առանց ապահովութեան կայունութիւն, բարգաւաճում, տնտեսութիւն եւ աշխատանքի առիթներ չկան: Ան շեշտեց, որ լիբանանեան բանակը, ապահովութեան ուժերն ու պետական կառոյցները իրենց պարտականութիւնները կը կատարեն` աւելցնելով, որ այս բոլորը սակայն բաւարար չեն քաղաքացիներուն անվտանգութիւնը ապահովելու, որովհետեւ օրինազանցներ եւ խուլիկաններ կան շրջանին մէջ:

Հարիրի կարեւոր նկատեց, որ զէնքն ու իշխանութիւնը պետութեան հակակշիռին տակ ըլլան` նշելով, որ ապահովութիւնը երկուութեամբ կարելի չէ երաշխաւորել:

Նախորդը

Ֆրենժիէ. «Մենք Մեր Դաշնակիցներուն Դէմ Չենք Պատերազմիր Եւ Գործակցութեան Ձեռք Կ՛երկարենք Բոլորին»

Յաջորդը

Ընտրական Օրէնքին Շուրջ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Հաւանականութիւնը Դարձեալ Կը Բարձրանայ

RelatedPosts

Մինչ Քաց Օրթէյկըսի Հետ Լիբանանի  Սահմանին Վրայ Կը Շրջի.   Նեթանիահու. «Իսրայէլ Կազայի Կամ Լիբանանի Մէջ Թիրախներ Հարուածելու Համար Ոեւէ Մէկուն Արտօնութեան Կարիքը Չունի»
Գլխաւոր լուրեր

Մինչ Քաց Օրթէյկըսի Հետ Լիբանանի Սահմանին Վրայ Կը Շրջի. Նեթանիահու. «Իսրայէլ Կազայի Կամ Լիբանանի Մէջ Թիրախներ Հարուածելու Համար Ոեւէ Մէկուն Արտօնութեան Կարիքը Չունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Պըրրի. «Ինծի Լիբանանցիներուն Միջեւ Միասնականութիւն Տուր, Եւ Քեզի Իսրայէլի Դէմ Հաստատ Յաղթանակ Կու Տամ»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Սալամ Վատիկանի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Լեւոն ԺԴ. Պապի Հետ
Լիբանանեան

Սալամ Վատիկանի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Լեւոն ԺԴ. Պապի Հետ

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?