Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Հունգարիոյ արտաքին գործոց նախարար Փիթըր Սիարթոն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանան հասած սուրիացի տեղահանուածներուն վերաբերող հարցեր:
Հանդիպումէն ետք կատարուած մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը ընթացքին Պասիլ շնորհակալութիւն յայտնեց Հունգարիոյ` Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմելու եւ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը գործադրելու առումով:
Պասիլ նշեց, որ հունգարացի իր պաշտօնակիցին հետ քննարկած է նաեւ սուրիացի տեղահանուածներուն հարցը, ինչպէս նաեւ հետզհետէ ընդարձակուող հաւատադրժողական ահաբեկչութիւնը:
Պասիլ նշեց, որ Լիբանան միջազգային ընտանիքէն օժանդակութիւն պահանջած է` հոգալու համար սուրիացի տեղահանուածներուն կարիքները, նկատի ունենալով, որ Լիբանանի կարողութիւնները այդ իմաստով սպառած են:
Պասիլ շեշտեց, որ Լիբանան կը ներկայացնէ պատգամ մը, որուն անունն է քրիստոնէութեան եւ իսլամականութեան համակեցութիւն: «Լիբանան քաղաքակրթութիւններու եւ բազմազանութեան կեդրոնն է, որ մեր սահմանադրութեան հիմքը կը կազմէ», ըսաւ ան:
Ան յայտնեց, որ Հունգարիոյ կառավարութիւնը ստանձնած է Լիբանանի մէջ 30 եկեղեցիներու նորոգութիւնը` աւելցնելով, որ այս արտայայտութիւնը ամէնէն աւելի յոյս կը ներշնչէ` բռնարարքները հաւասարակշռելու իմաստով:
Պասիլ դիտել տուաւ, որ Հունգարիոյ մարդկային պաշարներու եւ արտաքին գործոց նախարարութեանց միացեալ նախաձեռնութիւնը կը միտի ամրացնել եկեղեցական այն կառոյցներն ու աղօթավայրերը, որոնք նախորդ դարերուն հիմնուած են:
Սիարթօ յայտնեց, որ իրենց համար Լիբանանը կարեւոր է անոր համար, որ ան կը նպաստէ Եւրոպայի ապահովութեան` հիւրընկալելով շուրջ երկու միլիոն տեղահանուած: «Այս պատճառով ալ մենք Եւրոպական Միութենէն կը պահանջենք բազմապատկել Լիբանանին կատարուած օժանդակութիւնը` յաւելեալ մէկ միլիոն եւրոյով: Մեզի համար անհրաժեշտ է Լիբանանի ապահովական կայունութեան պահպանումն ու տեղահանուածներուն հոգատարութիւնը», ըսաւ ան` մաղթելով, որ մօտիկ ապագային կարելի ըլլայ Սուրիոյ տագնապին լուծում մը գտնել եւ տեղահանուածներուն տունդարձը ապահովել:
Սիարթօ ընդգծեց նաեւ, որ Լիբանանը կարեւոր է, որովհետեւ ան կը ներկայացնէ Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներուն ճակատագիրը: «Այս առիթով կը յայտարարեմ, թէ Հունգարիոյ կառավարութիւնը մէկուկէս միլիոն եւրօ կը տրամադրէ Լիբանանին` անոր տարածքին գտնուող եկեղեցիները վերանորոգելու նպատակով», եզրափակեց ան:



