Բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ Եարզէի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց երեսփոխաններ Անթուան Սաատը եւ Հանրի Հըլուն, ինչպէս նաեւ նախկին երեսփոխան Ժիհատ Սամատը, որոնց հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները:
Զօր. Աունի այցելեց նաեւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Մայքըլ Պիրի: Քննարկուեցան հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող սահմանային իրավիճակն ու բանակին եւ միջազգային խաղաղապահ ուժերուն միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները: