Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ներքին Ապահովութեան Ուժերու Հիմնադրութեան 156-ամեակի Նշում

Յունիս 10, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հովանաւորութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, երէկ Ներքին ապահովութեան ուժերու Տըպպայէի կեդրոնին «Ուիսամ Հասան»-ի անուան զօրանոցին մէջ տեղի ունեցաւ Ներքին ապահովութեան ուժերու հիմնադրութեան 156-ամեակի նշում:

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութիւններու հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուք, որ կը ներկայացնէր նախագահ Աունը, ծաղկեպսակ մը զետեղեց Ներքին ապահովութեան ուժերու նահատակներուն նուիրուած յուշարձանին:

Ապա Մաշնուք արտասանեց նախագահ Աունի խօսքը. «Աւելի քան մէկուկէս դարէ ի վեր ձեր աշխատանքին մէջ եղած էք յանձնառու եւ արհեստավարժ: Ձեր շարքերուն մէջ արձանագրուած են նահատակներ` պահանջուած ահաբեկիչները հալածելու պահուն: Անոնք իրենց նահատակութեամբ պաշտպանած են պետական հաստատութիւնները:

Եթէ մենք Լիբանանի մէջ ապահովական կայունութիւն կը վայելենք, ապա ատիկա ձեր ուժին եւ հսկողութեան շնորհիւ է: Ձեր առաքելութիւնը առաւելագոյն չափով գնահատելի է եւ ողջունելի: Մնացէ՛ք հայրենիքին խիղճը, ամրապնդեցէ՛ք պետութեան անվտանգութիւնը եւ անխնայ հարուածեցէ՛ք ահաբեկիչները»:

Մաշնուք իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Լիբանանի մէջ գոյութիւն ունեցող ապօրինի զէնքին` հաստատելով, որ այս իմաստով պետութեան հասցէին կատարուած մեղադրանքը նեղացուցիչ է: Ան նշեց, որ անցնող վեց շաբաթներուն ընթացքին Լիբանանի մէջ գործուած է 7 ոճիր, սակայն ինչ որ կը մոռցուի կամ կ՛անտեսուի այն է, թէ ապահովութեան ուժերը 7 յանցագործներէն 5-ը ձերբակալած են եւ զանոնք յանձնած համապատասխան դատական իշխանութիւններուն:

Մաշնուք յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ ապօրինի զէնքի գոյութեան չափ ապօրինի կերպով գործող ուղեղներ կան, «հետեւաբար կոչ կ՛ուղղեմ դիտաւորեալ սպանութիւն գործող ոճրագործներուն դէմ մահապատիժի օրէնքի գործադրութեան», ըսաւ ան:

Իր կարգին, Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսման նշեց, որ հանրապետութեան նախագահին կողմէ այս ձեռնարկին հովանաւորութիւնը պատիւ է եւ յաւելեալ արժեւորում` Ներքին ապահովութեան ուժերու ճիգերուն, ինչպէս նաեւ հաստատում, որ պետութիւնը կրնայ իր ոտքերուն վրայ կանգնիլ միայն իր հաստատութիւններով:

Օսման շեշտեց, որ օրէնքի գործադրութիւնը կարիքը ունի կարգ մը շրջաններուն պարագային գոյութիւն ունեցող քաղաքական հովանաւորութեան վերջ տալու քայլերուն, որպէսզի կարելի ըլլայ տուեալ շրջաններուն մէջ ապահովութիւն եւ օրէնք պարտադրել:

Օսման իր խօսքը եզրափակեց կոչ ուղղելով Ներքին ապահովութեան ուժերուն մնալու պատրաստ` դէմ դնելու համար բոլոր մարտահրաւէրներուն:

Նշենք, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի այս առիթով կատարեց թուիթըրեան հետեւեալ գրառումը. «Մեր երկրին դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն դիմաց միշտ փաստեցիք, որ իրաւունքին կողքին էք եւ իրաւունքի տէր էք»:

Ընդհանուր Ապահովութեան Եւ Ներքին Ապահովութեան Ուժերուն
Կանխարգիլած Ահաբեկչական Գործողութիւններուն Ցանկը

Միւս կողմէ, Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը երէկ հրապարակեց իր եւ Ներքին ապահովութեան ուժերուն միջեւ գործակցութեամբ կանխարգիլուած ահաբեկչական գործողութիւններու հետեւեալ ցանկը.

1) Եմէնցի չորս ահաբեկիչներու կողմէ հանրային վայրի մը մէջ գործուելիք ահաբեկչական գործողութիւն մը, որուն հիման վրայ առաջինը ձեռնառումբ մը պիտի նետէր, իսկ երկրորդը ձայնարգելով օժտուած գնդացիրով մը աջ ու ձախ կրակէր եւ ապա չորսը միասին անձնասպանական գործողութիւն պիտի կատարէին, որպէսզի կարելի եղածին չափ մեծ թիւով զոհեր արձանագրուէին:

2) Պաղեստինցի Մ.Մ.Օ.Խ.-ին պարտականութիւն պիտի տրուէր սպաննել բանակայիններ եւ ապահովութեան ուժերու ոստիկաններ, ինչպէս նաեւ լիբանանեան քաղաքական ուժերու պատասխանատուներ` պաղեստինեան Շաթիլայի եւ Պըրժ Պարաժնէի գաղթակայաններուն շրջակայքը:

3) Պաղեստիեան Այն Հելուէ գաղթակայանէն պայթուցիչներ ապահովել, որպէսզի զանոնք կարելի ըլլայ օգտագործել Քոլայի շրջանին մէջ ականներ պայթեցնելու համար:

4) Ահաբեկիչ Խ. Մ.-ի կողմէ 4 ականներ պատրաստել, իւրաքանչիւրը 3 քկ «Թի. Էն. Թի.» կշիռով, եւ իւրաքանչիւրը կապել բջիջային հեռաձայնի մը, որպէսզի կարելի ըլլայ զանոնք հեռուէն պայթեցնել: Այդ ականներէն մէկը պիտի պայթէր Թրիփոլիի մէջ, երկուքը` Նապաթիէի, իսկ վերջինը` Հարաւային արուարձաններու Ռիհապ շրջանին մէջ:

5) Պէյրութի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի անդամ ահաբեկիչներու խմբաւորում մը յառաջացնել` Լիբանանի տարածքին պայթումներ ծրագրելու նպատակով:

6) Անձնասպանական գործողութեան հեղինակ մը ինքզինք պիտի պայթեցնէր հարաւային Լիբանանի մէջ բնակող հոգեւորականի մը բնակարանին դիմաց, երբ ան դուրս գար իր բնակարանէն` զայն սպաննելու նպատակով:

7) Անձնասպանական գործողութիւն մը, որ պիտի գործադրուի եմէնցի ահաբեկիչ Ա. Ս. Օ. Ս.-ի կողմէ` թիրախ դարձնելով Պէյրութի Հարաւային արուարձաններուն ճաշարաններէն կամ ընկերային հաստատութիւններէն մէկը եւ կամ բազմութիւն մը` իֆթարի կամ սուհուրի ժամուն: Անձնասպանական գործողութեան հեղինակը պիտի կրէ 5 քկ «Թի. Էն. Թի.» պարունակող ականուած գօտի մը, որ պիտի պատրաստուի Այն Հելուէի մէջ, պաղեստինցի Խ. Մ.-ին կողմէ, ինչպէս նաեւ ձեռնառումբ մը: Իսկ գործողութիւնը պիտի կատարուէր պաղեստինեան Շաթիլա գաղթակայանին մէջ գտնուող Մ. Մ. Օ. Խ. եւ Օ. Հ. Օ. Ր. պաղեստինցիներուն հետ:

 

Նախորդը

Մերեհպի Քաակի Եւ Քորտոնիի Հետ Շրջեցաւ Նահր Պարետ Գաղթակայանին Մէջ

Յաջորդը

Իտալական Ֆութպոլ. Պենեւենթօ Առաջին Անգամ Ըլլալով Բարձրացաւ Ա. Դասակարգ

RelatedPosts

Պարրաքի Յայտարարութեան  Լիբանանեան Արձագանգներ
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանան Շրջանային Ուժերու Ձեռքը Իյնալու Վտանգը Կը Դիմագրաւէ, Պէտք Է Զէնքի Հարցը Լուծէ, Այլապէս Գոյութենական Վտանգ Կը Դիմագրաւէ»

Յուլիս 14, 2025
Պարրաքի Յայտարարութեան  Լիբանանեան Արձագանգներ
Լիբանանեան

Պարրաքի Յայտարարութեան Լիբանանեան Արձագանգներ

Յուլիս 14, 2025
«Պատրաստ Ենք Ոչ Ահաբեկչական Խնդիրներով  Բանտարկուածները Յանձնելու Համար Սուրիոյ Հետ  Համաձայնագիր Կնքելու»  Կ՛ըսէ Արդարադատութեան Նախարարը
Լիբանանեան

«Պատրաստ Ենք Ոչ Ահաբեկչական Խնդիրներով Բանտարկուածները Յանձնելու Համար Սուրիոյ Հետ Համաձայնագիր Կնքելու» Կ՛ըսէ Արդարադատութեան Նախարարը

Յուլիս 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?