Երէկ երեկոյեան նախկին նախագահ Սլէյման Ֆրենժիէի պալատին դիմաց տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն` նուիրուած Էհտենի սպանդին յիշատակին:
Այս առիթով Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ շեշտեց, որ իրենց համար հպարտութիւն է, որ 39 տարիէ ի վեր կը խօսին քաղաքական նոյն լեզուն:
«Մեր նահատակները գիտեն, թէ այն ուղեգիծը, որուն համար իրենք նահատակուեցան, կը մնայ անփոփոխ, սկզբունքները` աւելի ամրապնդուած, իսկ համոզումները` պահպանուած, զանոնք պահպանելու համար պայքարելու գնով», ըսաւ ան:
Ֆրենժիէ հաստատեց, որ պաշտօնները զիրենք չեն մղեր խոնարհելու` աւելցնելով, որ անհատներն են, որոնք պաշտօնները կ՛արժեւորեն եւ ոչ թէ հակառակը:
«Իսկական քրիստոնեան ան է, որ կը ներէ: Յիսուս մեզի սորվեցուց ներել, Պքերքէի մէջ ներեցինք, քաղաքականութեան մէջ ներեցինք, սակայն անոնք Պքերքէի մէջ գոյացած համաձայնութիւնը շրջեցին», ըսաւ ան` մեղադրելով Լեռնալիբանանի քրիստոնեաները սակարկութեան առարկայի վերածելը:
Ան նշեց, որ քրիստոնեաներն են չափաւորականութեան եւ դիմացինին նկատմամբ բաց քաղաքականութիւն վարելու ջատագովները:
Ֆրենժիէ նշեց, որ իրենք թեկնածուներ եւ դաշնակիցներուն զօրակցողներ պիտի ունենան` աւելցնելով, որ իրենք իրենց ուրոյն յաղթանակէն առաջ կը մաղթեն, որ իրենց դաշնակիցները յաղթեն:
«Մեր դաշինքները միշտ ալ հաստատ եղած են, ինչպէս մեր համոզումները: Մենք մեր դաշնակիցներուն դէմ չենք պատերազմիր եւ գործակցութեան ձեռք կ՛երկարենք բոլորին, իսկ ով որ մեզ կը փափաքի տեսնել, մեր հասցէին ծանօթ է», ընդգծեց Ֆրենժիէ:



