Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Հարիսայի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան պատարագին:
Իր քարոզին մէջ Ռայի պատրիարքը մաղթեց, որ խորհրդարանի պաշտօնավարութեան շրջանը չերկարաձգուի եւ թափուր դրութիւն չստեղծուի` հաստատելով, որ այս երկուքը մերժելի են:
Ռայի պատրիարքը ողջունեց ընտրական նոր օրէնքին շուրջ համաձայնութիւն մը գոյացնելու համար ի գործ դրուած ճիգերը` ընդգծելով, որ խորհրդարանի պաշտօնավարութեան շրջանի երկարաձգումը կամ խորհրդարանը թափուր դրութեան մատնելը Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն դէմ գործուած չարիքներ կը նկատուին:



