Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մերեհպի Քաակի Եւ Քորտոնիի Հետ Շրջեցաւ Նահր Պարետ Գաղթակայանին Մէջ

Յունիս 10, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Տեղահանուածներու հարցերու պետական նախարար Մույին Մերեհպի երէկ` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Սիկրիտ Քաակի եւ Լիբանանի մէջ ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի ընդհանուր տնօրէն Քլաուտիօ Քորտոնիի, շրջեցաւ պաղեստինեան Նահր Պարետ գաղթակայանին մէջ` ստուգելով գաղթակայանի վերակառուցման աշխատանքը:

Նահր Պարետ ուղղուած պատասխանատուներուն ընկերակցեցան նաեւ պաղեստինեան խմբաւորումներուն ներկայացուցիչները, որոնք այցելուներուն ներկայացուցին պաղեստինցի գաղթականներուն դիմագրաւած հարցերը` գաղթակայանի վերակառուցման աշխատանքներուն դանդաղ ընթացքին պատճառով:

Անոնք նախարար Մերեհպիէն խնդրեցին պաղեստինցի գաղթականներուն դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին զեկուցել կառավարութեան` նկատի ունենալով ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի կողմէ պաղեստինցի գաղթականներուն տրամադրուած ծառայութիւնները սեղմելու քայլը:

Պատասխանատուները ուղղուեցան նաեւ ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի դպրոցները, ուր անոնք վկայեցին պաղեստինցի աշակերտներուն ապրած ծանր պայմաններուն:

Քաակ իր յայտարարութեան մէջ անհրաժեշտ նկատեց գաղթակայանի վերակառուցման թափին արագացումը` շեշտելով, որ այդ նպատակով համապատասխան գումարներն ու ֆինանսաւորումը պէտք է անմիջապէս ապահովուին:

Քաակ նշեց, որ ինք այդ մասին ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի հետ պիտի խորհրդակցի` ընդգծելով Լիբանանի ապահովական կայունութիւնն ու բարգաւաճումը պահպանելու կարեւորութիւնը: Ան նշեց լիբանանցիներուն օժանդակելու անհրաժեշտութիւնը, յատկապէս նկատի ունենալով, որ Լիբանան մեծ թիւով սուրիացի տեղահանուածներ կը հիւրընկալէ:

Քաակ շեշտեց ծայրայեղականութեան դէմ պայքարելու անհրաժեշտութիւնը` աւելցնելով, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին ներկայացնելիք իր տեղեկագիրին մէջ Նահր Պարետ գաղթակայանին վերակառուցումը պիտի նկատէ առաջնահերթ:

Իր կարգին, Մերեհպի շեշտեց, որ Նահր Պարետի վկայած պատերազմէն տասնամեակ մը ետք ՈՒՆԵՐՈՒԱ ստանձնեց գաղթակայանին վերակառուցումը` մաղթելով, որ ան կը տրամադրէ վերակառուցման համար անհրաժեշտ գումարին մնացեալ 31 առ հարիւրը, որպէսզի կարելի ըլլայ աւարտել այդ աշխատանքը:

Ան հաստատեց, որ իրենք դէմ են պաղեստինցիներու բնակեցումին եւ կը հաւատան տունդարձի անոնց արդար իրաւունքին:

Մերեհպի իր խօսքը աւարտեց ողջունելով լիբանանեան բանակի եւ գաղթակայանի նահատակներուն յիշատակը, ինչպէս նաեւ ողջունեց պաղեստինցի գաղթականները` ահաբեկչութեան դէմ անոնց ցուցաբերած պայքարին համար:

Քորտոնի իր կարգին կոչ ուղղեց թափանցիկութեամբ վարուելու գաղթակայանի բնակչութեան հետ` ընդգծելով ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի հետ կապուած բոլոր գործառնութիւնները յստակ պահելու կարեւորութիւնը: Ան նշեց, որ պաղեստինցի գաղթականներուն պահանջները պիտի ներկայացնէ առ որ անկ է, յատկապէս հոգալու համար առողջական մարզին եւ գաղթակայանին վերակառուցման ծախսերը:

 

Նախորդը

Պասիլ Հունգարացի Իր Պաշտօնակիցին Հետ Քննարկեց Երկկողմանի Յարաբերութիւնները

Յաջորդը

Ներքին Ապահովութեան Ուժերու Հիմնադրութեան 156-ամեակի Նշում

RelatedPosts

Օրթէյկըս Հանդիպումներ Ունեցաւ Աունի,  Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Օրթէյկըս Հանդիպումներ Ունեցաւ Աունի, Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Նախագահ Աուն Ընդունեց Արաբական  Լիկայի Ընդհանուր Քարտուղարը
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն Ընդունեց Արաբական Լիկայի Ընդհանուր Քարտուղարը

Հոկտեմբեր 29, 2025
Խորհրդարանը Նիստ Չգումարեց  Օրինաթիւի Չգոյացման Պատճառով
Լիբանանեան

Խորհրդարանը Նիստ Չգումարեց Օրինաթիւի Չգոյացման Պատճառով

Հոկտեմբեր 29, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?