Կիպրոսի նախագահ Նիքոս Անասթասիատես երէկ առաւօտեան քառօրեայ այցելութեամբ մը հասաւ Լիբանան:
Նախագահ Անասթասիատեսը պաշտօնապէս դիմաւորելէ ետք, ան իր կնոջ հետ ուղղուեցաւ Պէյրութի իր կեցութեան վայրը` «Ֆենիսիա» պանդոկ:
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն այսօր կէսօրին նախագահական պալատին մէջ պիտի ընդունի Անասթասիատեսը, որուն հետ հանդիպելէ ետք, անոնց պիտի միանայ Կիպրոսի նախագահին ընկերակցող կիպրական պատուիրակութիւնը:
Ընդարձակ հանդիպումէն ետք նախագահներ Աուն եւ Անասթասիատես մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը ընթացքին պիտի յայտարարեն հանդիպումին արդիւնքները:
Կը նախատեսուի, որ Անասթասիատես դառնայ նախագահական պալատի ճաշի հիւրը:
Միւս կողմէ, Անասթասիատես հանդիպումներ պիտի ունենայ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ պետական այլ անձնաւորութիւններու հետ:



