Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

June 10, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի նախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան կոչ ուղղեց լիբանանեան ներքին ապահովութեան սպառնացող անհատներուն դէմ երկաթեայ բազուկով ներկայանալու:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Չաղաթայ Էրճիեշը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք ընդվզում յայտնեց երկրին մէջ արձանագրուող ոճիրներուն առնչութեամբ եւ շեշտեց, որ ինք յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ պիտի մասնակցի ապահովական կացութեան վերաբերող ժողովի մը, որուն ընթացքին պիտի քննարկուին բազմաթիւ հարցեր, որոնցմէ ամէնէն կարեւորը պիտի ըլլայ քաղաքացիներուն մօտ ապօրինի զէնքի գոյութիւնը:

ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Սելիմ Ժրայսաթի շեշտեց, որ ահաբեկչութեան դէմ ամէնէն հզօր հարուածը կարելի է հասցնել երաշտի մատնելով անոր գաղափարական եւ նիւթական աղբիւրները:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ հարցերու պետական նախարար Ալի Քանսօ շեշտեց, որ սահմանադրութեան փոփոխութիւն կատարելու ժամանակ չկայ` ընդգծելով, որ 15 ընտրաշրջաններու դրութիւնը մեծամասնական ընտրական օրէնքին աւելի մօտ է:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը երէկ առաւօտեան թռիչքներ եւ կեղծ յարձակումներ գործեց Նապաթիէի, Իքլիմ Թուֆահի եւ Պընթ Ժպէյլի վերեւ` խախտելով Լիբանանի գերիշխանութիւնը:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Սալհապ յայտնեց, որ գոյութիւն ունին ժողովրդային եւ ընտրական զրոյցներ` հաստատելով, որ ընտրական օրէնքին մասին գոյութիւն ունեցող տարակարծութիւնները էական չեն:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ ընտրական նոր օրէնք մը մշակելու իմաստով հարցը լուծուած կարելի է նկատել, իսկ այլ մանրամասնութիւններու յստակացումը կրնայ ժամերու հարցեր ըլլալ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Աուն շեշտեց, որ իրենք Հըզպալլայի, Մուսթաքպալ հոսանքի եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան հետ դաշնակից են` աւելցնելով, որ Զահլէի մէջ Ժողովրդային պլոք կուսակցութեան իրաւունքը պէտք է վերադարձնել:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Շեքիպ Քըրթպաուի հաստատեց, որ մինչեւ 20 յունիս պիտի կարենան ընտրական նոր օրէնքի մը շուրջ համաձայնութիւն գոյացնել:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան շեշտեց, որ ընտրական օրէնքին շուրջ քաղաքական տագնապ գոյութիւն չունի:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Մըսպահ Ահտապ շեշտեց, որ Թրիփոլիի մէջ ապօրինի զէնքի գոյութիւնը անհանդուրժելի դարձած է:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Աշրաֆ Ռիֆի զօրակցութիւն յայտնեց Սէուտական Արաբիոյ` ահաբեկչութեան եւ Իրանի կողմէ դէպի արաբական աշխարհ ներթափանցումի փորձերուն դէմ անոր մղած պատերազմին գծով:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Մուսթաքպալ հոսանքի աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ վարչապետ Սաատ Հարիրիի Սէուտական Արաբիա այցելութիւնը փաստ մըն է, որ ընտրական օրէնքին վերաբերող հարցերը պիտի լուծուին:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ Լիբանան քանի մը օրէն պիտի ունենայ ընտրական նոր օրէնք մը:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլա կը պատրաստուի ռամատանէն ետք արեւելեան լեռնաշղթային մէջ զինուորական լայն գործողութեամբ վերջ տալու հաւատադրժողական ահաբեկչութեան վտանգին:

 

 

Նախորդը

Սուրիական Բանակն Ու Անոր Դաշնակիցները Կը Հասնին Իրաքի Հետ Սահման

Յաջորդը

Ռաատ. «Շրջանին Իրադարձութիւնները Կը Յուշեն Այնպիսի Զարգացումներ, Որոնք Կը Մնան Հակակշիռի Տակ»

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.