Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յունիս 13, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշեց, որ Պաալպեքի մէջ ձերբակալած է Ահմետ Հասան Ուեհպէն եւ Ալի Շաուքաթ Ուեհպէն, որոնք բանակին դէմ յարձակած են: Բանակը անոնց ինքնաշարժէն գրաւած է «Էր. Փէ. Ժէ.» տիպի 18 նռնականետ, 14 ձեռնառումբ, «Քալաշնիքով» տիպի 5 գնդացիրներ եւ այլ զինամթերք:

ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Մարուան Համատէ հաստատեց, որ ընտրական օրէնքին գծով գնդակը այժմ կը գտնուի Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան դաշտին վրայ:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, որ ընտրական օրէնքին շուրջ գոյանալիք համաձայնութիւնը կարիք ունի որոշ բարեկարգումներու:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ շեշտեց, որ անհրաժեշտ է յառաջիկայ օրերուն ընտրական նոր օրէնք մը մշակել, որպէսզի կարելի ըլլայ յաջողութեամբ դուրս գալ երկրին դիմագրաւած քաղաքական տագնապէն:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան փոխնախագահ, երեսփոխան Ժորժ Ատուան յայտնեց, որ Լիբանան կը գտնուի երկու կարելիութիւններու դիմաց: «Կա՛մ այն է, որ կը վաւերացուի ընտրական նոր օրէնքը եւ երկիրը կ՛ուղղուի դէպի կայունութիւն, կա՛մ ալ Լիբանանը կը վերածուի խենթանոցի», ըսաւ Ատուան:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Սելիմ Սալհապ նշեց, որ Լիբանան անդունդին եզերքը կը գտնուի` աւելցնելով, որ պէտք է ընտրական օրէնքին շուրջ համաձայնութեան մը յանգիլ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ֆատի Քարամ յայտնեց, որ ետդարձ կարելի չէ կատարել` աւելցնելով, որ շատ հաւանաբար ընտրական օրէնքը փոխադարձ համաձայնութեամբ վաւերացուի:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Եասին Ժապեր շեշտեց, որ կարելի չէ լիբանանցիներուն զգացումներուն հետ խաղալ` ընտրական նոր օրէնքին հարցով:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ամալ Ապու Զէյտ յայտնեց, որ համամասնական դրութիւնը առիթ կու տայ խորհրդարանին մէջ փոփոխութիւններ յառաջացնելու` առանց ոեւէ մէկը ջնջելու:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Քապպանի յայտնեց, որ ամերիկեան դրամական պատժամիջոցները ամբողջ Լիբանանը պիտի հարուածեն եւ ոչ թէ միայն Հըզպալլան:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ շեշտեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի քաղաքական բոլոր անձնաւորութիւնները հրաւիրած է պատասխանատուութիւն ստանձնելու` աւելցնելով, որ պահանջներու առաստաղը բարձրացնելը անիմաստ է:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ուալիտ Սըքքարիէ նշեց, որ ընտրական օրէնքին նպատակն է ապագայ Լիբանանի պատկերը գծել:

ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսման երէկ ընդունեց կենսոլորտի նախարար Թարեք Խաթիպը եւ նախկին նախարար Մարուան Շարպելը, որոնք շնորհաւորեցին Օսմանը` Ներքին ապահովութեան ուժերուն հիմնադրութեան 156-ամեակին առիթով, ինչպէս նաեւ քննարկեցին երկրին ապահովական կացութեան վերաբերող հարցեր:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ազգային կուսակցութիւններու եւ անձնաւորութիւններու հանդիպումը երէկ կոչ ուղղեց արագացնելու ընտրական նոր օրէնքին վաւերացումը, որպէսզի կարելի ըլլայ սահմանադրական ժամկէտի շրջագիծին մէջ երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարել:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի ձեռնածալ պիտի չմնայ, եթէ լաւատեսութիւնը ընտրական օրէնքի կարելի չըլլայ վերածել:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի մօտիկ աղբիւրներէն, շեշտեց, որ ընտրական օրէնքին վերաբերող մնացեալ մանրամասնութիւնները պիտի չարգելակեն ընտրական նոր օրէնքին վաւերացումը:

 

Նախորդը

«Թուրքիա Հզօր Ճնշումի Կ՛ենթարկուի Քաթարին Աջակցելուն Պատճառով» Կ՛ըսէ Ունալ

Յաջորդը

Իպրահիմ Զօր. Պիրիի Հետ Քննարկեց Հարաւային Լիբանանի Իրավիճակը

RelatedPosts

Դատական Իշխանութիւնը Փուլ Կու Գա՞յ
Գլխաւոր լուրեր

Դատական Իշխանութիւնը Փուլ Կու Գա՞յ

Յունուար 27, 2023
Ֆրենժիէ Եւ Պասիլ Յաջորդաբար  Այցելեցին Ռայի Պատրիարքին
Լիբանանեան

Ֆրենժիէ Եւ Պասիլ Յաջորդաբար Այցելեցին Ռայի Պատրիարքին

Յունուար 27, 2023
Դեսպան Աթաբէկեան  Այցելեց Ժըպրան Պասիլի
Լիբանանեան

Դեսպան Աթաբէկեան Այցելեց Ժըպրան Պասիլի

Յունուար 27, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In