Լիբանանեան

Նախագահ Աուն Կոչ Ուղղեց Ամէնէն Ծանր  Պատժամիջոցներուն Ենթարկելու   Ռոյ Համուշը Սպաննողները

Նախագահ Աուն Կոչ Ուղղեց Ամէնէն Ծանր Պատժամիջոցներուն Ենթարկելու Ռոյ Համուշը Սպաննողները

նախագահ Աուն - երեսփոխան Էմիլ Ռահմէ Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ ողջունեց Ներքին ապահովութեան ուժերուն հիմնադրութեան 156-ամեակը` դրուատելով Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պահպանելու իմաստով անոնց դերակատարութիւնը: Նախագահ Աուն շեշտեց, որ եթէ երկրին ապահովութիւնը խոցելի դառնայ, ապա երկիրը կը դադրի բարգաւաճելէ, եւ ինքնաբերաբար կը վնասուին երկրին բոլոր մարզերը, իսկ քաղաքացին կը ստիպուի ինքզինք եւ իր ընտանիքը պաշտպանելու միջոցներու դիմել: Նախագահ Աուն...

Զօր. Ժոզեֆ Աուն Զօր. Վոթըլի  Ընկերակցութեամբ Այցելեց Արսալ

Զօր. Ժոզեֆ Աուն Զօր. Վոթըլի Ընկերակցութեամբ Այցելեց Արսալ

Բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն` ընկերակցութեամբ ամերիկեան բանակի կեդրոնական շրջանի հրամանատար զօր. Ճոզըֆ Վոթըլի եւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտի, այցելեց Արսալ` ստուգելու համար Լիբանանի արեւելեան սահմաններուն հսկող լիբանանեան բանակի դիրքերը, վկայելու համար ահաբեկչական որեւէ գործողութեան կամ ահաբեկիչներուն կողմէ դէպի Լիբանան որեւէ ներխուժումի դէմ դնելու լիբանանեան բանակի պատրաստակամութեան ու որդեգրած ապահովական միջոցներուն, ինչպէս նաեւ տեսնելու համար բանակին ռմբակոծած...

Կիտանեան Զասիփքինի Հետ Քննարկեց  Երկկողմանի Յարաբերութիւնները

Կիտանեան Զասիփքինի Հետ Քննարկեց Երկկողմանի Յարաբերութիւնները

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքինը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը, յատկապէս տնտեսական եւ զբօսաշրջական մարզերուն մէջ: Հանդիպումէն ետք Զասիփքին շեշտեց, որ նախարար Կիտանեանի հետ արդիւնաւէտ զրոյց մը ունեցած է Լիբանանի եւ Ռուսիոյ միջեւ զբօսաշրջիկներ փոխանակելու առումով: Ան շեշտեց, որ ամէն ջանք ի գործ պէտք է դնել ռուսական ընկերութեան...

Մայիս 15-Ի Ժամկէտին Ընդառաջ.  Հայեացքները Սեւեռած Են Հինգշաբթի Օրուան Կառավարութեան Նիստին

Իրանի Դէմ Գործուած Ահաբեկչական Գործողութիւնները Դատապարտող Կեցուածքներ

Լիբանան պաշտօնապէս դատապարտեց Իրանի խորհրդարանը հրացանաձգութեան եւ իմամ Խումէյնիի դամբարանը անձնասպանական գործողութեան թիրախ դարձուցած ահաբեկչական արարքները: Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն ցաւակցական հեռագիր մը յղեց Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի` խստիւ դատապարտելով ահաբեկչական գործողութիւնները: Նախագահ Աուն նշեց, որ այս երկու ահաբեկչութիւնները կը փաստեն, որ ահաբեկչութիւնը կրօն չունի եւ անմարդկային կերպով կը հարուածէ բոլորը: Նախագահ Աուն ցաւակցութիւն յայտնեց զոհերուն ընտանիքներուն եւ շուտափոյթ...

«Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Կատարելու  Առումով Ժամանակի Կարիքը Ունինք»   Շեշտեց Նուհատ Մաշնուք

«Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Կատարելու Առումով Ժամանակի Կարիքը Ունինք» Շեշտեց Նուհատ Մաշնուք

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետական հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուք հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարելու առումով ժամանակի կարիք ունին, յատկապէս եթէ նկատի ունենանք, թէ կան վեց հազար ընտրակեդրոններ, 18 հազար պաշտօնեաներ եւ մեծ թիւով դատաւորներ, որոնք վարժանքի պէտք է ենթարկուին: «Այս բոլորը կատարելը դիւրին պիտի չըլլայ, մասնաւորաբար երբ այս անձերը վարժանքի կարիք ունին: Հետեւաբար ես պահանջեցի խորհրդարանին պաշտօնավարութիւնը երկարաձգել`...

Օսման. «Պատրա՛ստ Եղէք  Դիմադրելու Որեւէ Սպառնալիքի»

Օսման. «Պատրա՛ստ Եղէք Դիմադրելու Որեւէ Սպառնալիքի»

Ներքին ապահովութեան ուժերու հիմնադրութեան 156-ամեակին առիթով` այդ ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսման շեշտեց, որ Ներքին ապահովութեան ուժերն են, որոնք երկրին ապահովութեան փարոսը կը նկատուին աւելի քան մէկուկէս դարէ ի վեր: Օսման բարձր գնահատեց Ներքին ապահովութեան ուժերուն զոհողութիւնները` կոչ ուղղելով այդ ուժերուն պատրաստ ըլլալու, դիմադրելու համար որեւէ սպառնալիքի: Օսման նաեւ ողջունեց Ներքին ապահովութեան ուժերուն ճիգերը` շեշտելով, որ պէտք է տապալել...

Ժրայսաթի. «Արդարութիւնը  Պիտի Պարտադրուի»

Ժրայսաթի. «Արդարութիւնը Պիտի Պարտադրուի»

Սայտայի մէջ չորս դատաւորներու սպանութեան 18-րդ տարելիցին առիթով` արդարութեան նախարար Սելիմ Ժրայսաթի երէկ յայտնեց, որ արդարութիւնը պիտի պարտադրուի եւ ոճրագործներուն դէմ պատժամիջոցներ պիտի որդեգրուին: Ան շեշտեց, որ դատական վճիռը արձակուելու սեմին է` աւելցնելով, որ յապաղած արդարութիւնը չի կրնար օրինակելի ըլլալ, «սակայն աւելի լաւ է ուշ, քան երբեք, յատկապէս երբ զոհերը արդարութեան ամպիոնին վրայ նահատակուած դատաւորներ են», ըսաւ ան: Ժրայսաթի հաստատեց,...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Սամիր Ազար երէկ մահացաւ, երկարատեւ հիանդութենէ ետք: ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը երէկ Արսալի մէջ ձերբակալեց սուրիացի Ֆայսալ Հիւսէյն Մեմլուքը, որ ահաբեկչական գործողութիւններ կատարած է եւ տարիներ առաջ Արսալի քաղաքապետարանին մօտ վիրաւորուած է` լիբանանեան բանակին հետ հրացանաձգութեան պահուն: ՊԱԱԼՊԵՔ-Հերմելի նահանգապետ Պաշիր Խտըր յայտնեց, որ Պաալպեքի մէջ ապահովական կայունութիւն հաստատելու համար կարելի չէ դասական ապահովական միջոցառումներ որդեգրել` աւելցնելով, որ ապահովութիւնը բոլորին պատասխանատուութիւնն...

Նախագահելէ Ետք Կառավարութեան Նիստին,  Վարչապետ Հարիրի Մեկնեցաւ Ժետտա

Նախագահելէ Ետք Կառավարութեան Նիստին, Վարչապետ Հարիրի Մեկնեցաւ Ժետտա

Նախարարաց խորհուրդը երէկ վարչապետարանին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի: Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշի յայտնեց, որ կառավարութիւնը քննարկած է 28 կէտերէ բաղկացող օրակարգ մը, որուն ընթացքին վարչապետ Հարիրի շեշտած է, թէ ընտրական օրէնքին դիմագրաւած խոչընդոտները մեծաւ մասամբ լուծուած են եւ մնացած է քանի մը մանրամասնութիւն, որուն յստակեցումին համար հանդիպումները աշխուժօրէն կը շարունակուին` ընտրական օրէնքը ամէնէն...

Նախագահ Աուն Շարունակեց Հետեւիլ  Ընտրական Օրէնքի Խորհրդակցութիւններուն

Նախագահ Աուն Շարունակեց Հետեւիլ Ընտրական Օրէնքի Խորհրդակցութիւններուն

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ շարունակեց հետեւիլ ընտրական օրէնքի խորհրդակցութիւններուն` հաստատելով ընտրական նոր օրէնքը վաւերացնելու կարեւորութիւնը: Նախագահ Աուն հետեւեցաւ նաեւ պետական քննութիւններուն ընթացքին` ողջունելով անոնց կազմակերպուած ու ապահովութեամբ կատարուած ըլլալու իրողութիւնը: Նախագահ Աուն` ներկայութեամբ Առաջին տիկին Նատիա Աունի, ընդունեց նաեւ  հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանը` իր կնոջ ընկերակցութեամբ: Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ Զահլէի միջազգային փառատօնը կազմակերպող մարմինը`...

Վարչապետ Հարիրի Ընդգծեց Ընտրական  Օրէնքը Վաւերացնելու Անհրաժեշտութիւնը

Վարչապետ Հարիրի Ընդգծեց Ընտրական Օրէնքը Վաւերացնելու Անհրաժեշտութիւնը

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ առաւօտեան վարչապետարանին մէջ ընդունեց աշխարհի մէջ լիբանանցի գործարարներու համախմբումը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ Ֆուատ Զըմքըհոլի: Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ Լիբանանի ելեկտրականութեան տագնապին հիմնական լուծում գտնելու կարեւորութիւնը: Վարչապետ Հարիրի ընդգծեց նաեւ ընտրական օրէնքը վաւերացնելու անհրաժեշտութիւնը: Նշենք, որ երեքշաբթիէն չորեքշաբթի լուսցող գիշերուան ընթացքին վարչապետ Հարիրի ընտրական օրէնքը խոչընդոտող կարգ մը կէտերու լուծման համար երկարատեւ հանդիպում մը ունեցաւ արտաքին գործոց...

Պըրրի. «Ընտրական Օրէնքին Շուրջ Պէտք Է  Անյապաղ Համաձայնութիւն Գոյացնել»

Պըրրի. «Ընտրական Օրէնքին Շուրջ Պէտք Է Անյապաղ Համաձայնութիւն Գոյացնել»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, որուն ընթացքին կոչ ուղղեց ընտրական օրէնքին շուրջ անյապաղ համաձայնութիւն գոյացնելու, որպէսզի կարելի ըլլայ զայն նաեւ խորհրդարանին կողմէ վաւերացնել: Միւս կողմէ, Պըրրի ցաւակցական հեռագիրներ յղեց Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա սէյիտ Ալի Խամենէիին, Իրանի նախագահ շէյխ Հասան Ռուհանիին եւ խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիժանիին` խստիւ դատապարտելով Իրանի դէմ գործուած...

Լասըն Այցելեց Արսալ Եւ Կոչ Ուղղեց  Կատարելու Արդար Եւ Թափանցիկ  Ընտրութիւններ

Լասըն Այցելեց Արսալ Եւ Կոչ Ուղղեց Կատարելու Արդար Եւ Թափանցիկ Ընտրութիւններ

Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Քրիսթինա Լասըն այցելեց Արսալ` ուղղուելով լիբանանեան արեւելեան լեռնաշղթային` Արսալի սահմանները հսկող լիբանանեան բանակի Թ. վաշտին դիրքերը: Լասընի այցելութեան նպատակն էր հետեւիլ ամէնօրեայ դրութեամբ բանակին դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն: Լասըն շեշտեց, որ Եւրոպական Միութիւնը կատարեալ զօրակցութիւն կը յայտնէ երկրին սահմանները պաշտպանելու նպատակով զոհողութիւններ մատուցող բանակին` հաստատելով, որ Եւրոպական Միութիւնը յանձնառու կը մնայ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին: Միւս կողմէ, Լասըն...

Զօր.  Ժոզեֆ Աուն. «Լիբանանի Խաղաղութեան  Պահպանումը Միջազգային Պահանջ Է, Իսկ Ապահովական  Որեւէ Խախտում Դիմագրաւելու Ծրագիրը Պատրաստ Է»

Զօր. Ժոզեֆ Աուն. «Լիբանանի Խաղաղութեան Պահպանումը Միջազգային Պահանջ Է, Իսկ Ապահովական Որեւէ Խախտում Դիմագրաւելու Ծրագիրը Պատրաստ Է»

Բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ Լիբանանի վայելած ապահովական կայունութիւնը բանակին ու երկրին ապահովական կառոյցներուն միջեւ գործակցութեան եւ անոնց իրագործած արտակարգ նուաճումներուն արդիւնքն է, ինչպէս նաեւ բանակին նկատմամբ ցուցաբերուած միջազգային օժանդակութեան եւ Լիբանանի խաղաղութիւնը պահպանելու միջազգային պահանջին: Զօր. Աուն շեշտեց, որ չկայ հարիւր առ հարիւր ապահովութիւն` աւելցնելով, որ զինուորական մակարդակով կատարուած բոլոր գործողութիւններուն մասին յայտարարութիւններ չեն...

Ռիաշի. «Պիտի Հովանաւորեմ Ընտրական  Օրէնքը Բացատրող Յայտագիր Մը»

Ռիաշի. «Պիտի Հովանաւորեմ Ընտրական Օրէնքը Բացատրող Յայտագիր Մը»

Տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշի հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ընտրական օրէնքին մասին որոշ անհամաձայնութիւններ գոյութիւն ունին եւ ոչ թէ տարակարծութիւններ` աւելցնելով, որ անոնք լուծման ճամբուն վրայ կը գտնուին: Անդրադառնալով այդ օրէնքին մասին շարունակուող երկարատեւ խորհրդակցութիւններուն` Ռիաշի ըսաւ, որ այդ քննարկումներն ու խորհրդակցութիւնները կը կեդրոնանան թեքնիք աշխատանքներուն, վարկանշային քուէն ուսումնասիրելու, ինչպէս նաեւ ընտրաշրջաններու բաժանումը ճշդելու հարցերուն վրայ: Ան նշեց, որ ինք...

24-ամեայ Ռոյ Համուշ Կը Դառնայ  Անարգ Ոճիրի Մը Զոհը

24-ամեայ Ռոյ Համուշ Կը Դառնայ Անարգ Ոճիրի Մը Զոհը

24-ամեայ լիբանանցի երիտասարդ, ճարտարապետութեան բաժանմունքի ուսանող Ռոյ Համուշ երեքշաբթիէն չորեքշաբթի լուսցող գիշերը զոհ դարձաւ անարգ ոճիրի մը: Իր տարեդարձին նշումէն ետք Ռոյ իր ընկերոջ` Ճոնի Նասսարի հետ տուն վերադարձի ճամբուն վրայ Ժունիէ-Քարանթինա մայրուղիին վրայ հարց մը կ՛ունենայ «Պի. Էմ. Տապըլեու.» տիպի ինքնաշարժի մը վարորդին հետ: Վիճաբանութենէ եւ իրարու դէմ արձակուած լուտանքներէն ետք «Պի. Էմ. Տապըլեու.» տիպի ինքնաշարժին մէջ գտնուողները կը...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ իր խօսքը ուղղեց երկրին իշխանութեան` շեշտելով, որ լիբանանցիներուն ապագան անոր ձեռքին խաղալիք մը չի կրնար ըլլալ: ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ միջազգային օրուան առիթով, Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ ընդգծեց կենսոլորտային դաստիարակութեան կարեւորութիւնն ու առաջնահերթութիւնը լիբանանեան ընկերութեան մօտ: ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն, 98 եւ 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը սղած...

«Բանակին Իրագործած Ապահովական  Կանխարգելիչ Գործողութիւնները  Ուղղակի Թիրախներ Արձանագրած Են»   Շեշտեց Նախագահ Աուն

«Բանակին Իրագործած Ապահովական Կանխարգելիչ Գործողութիւնները Ուղղակի Թիրախներ Արձանագրած Են» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն այսօր նախագահական պալատին մէջ պիտի նախագահէ կառավարութեան գումարելիք ընթացիկ նիստին: Միւս կողմէ, նախագահ Աուն երէկ յետմիջօրէին Պաապտայի մէջ ընդունեց ամերիկեան զինուած ուժերու կեդրոնական զօրամասի հրամանատար զօր. Ճոզըֆ Վոթըլը` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտի, ինչպէս նաեւ զինուորականներու պատուիրակութեան: Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց, որ Լիբանան վճռակամ է ահաբեկչական կազմակերպութիւնները հալածելու եւ անոնց դիմադրելու,...

«Կառչած Կը Մնանք Ամբողջ  Լիբանանի Տարածքին  Հաւասարակշռուած Բարգաւաճում  Իրականացնելու Ծրագիրին»   Շեշտեց Վարչապետ Հարիրի

«Կառչած Կը Մնանք Ամբողջ Լիբանանի Տարածքին Հաւասարակշռուած Բարգաւաճում Իրականացնելու Ծրագիրին» Շեշտեց Վարչապետ Հարիրի

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց հարաւային Լիբանանի կարիքներուն յատուկ նիստի մը, որուն ընթացքին մասնաւորապէս անդրադարձ կատարուեցաւ Նապաթիէի կարիքներուն: Հարիրի ընդգծեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը կառչած կը մնայ ամբողջ Լիբանանի տարածքին հաւասարակշռուած բարգաւաճում իրականացնելու իր ծրագիրին` նշելով, որ պէտք է անպայման լուծել ելեկտրականութեան, ջուրի եւ հաղորդակցութեան միջոցներու հարցերն ու տագնապները, որովհետեւ անոնք անհրաժեշտ խնդիրներ են եւ կառավարութեան առաջնահերթութիւններէն կը նկատուին:...

«Գաւառներուն Մէջ Վարկանշային Քուէի  Դրութիւնը Առողջ Եւ Ճշգրիտ  Ներկայացուցչութիւն Կ՛երաշխաւորէ»  Ընդգծեց Քանաան

«Գաւառներուն Մէջ Վարկանշային Քուէի Դրութիւնը Առողջ Եւ Ճշգրիտ Ներկայացուցչութիւն Կ՛երաշխաւորէ» Ընդգծեց Քանաան

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ Ռապիէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար Ժըպրան Պասիլի: Նիստէն ետք համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան շեշտեց, որ համամասնական ընտրական օրէնքին կողքին կան որոշ երաշխիքներ, որոնք կը վերաբերին թէ՛ իսլամական եւ թէ՛ քրիստոնէական շրջանակներուն, ինչպէս նաեւ կայ Թաէֆի համաձայնագիրը յարգելու անհրաժեշտութիւնը` նկատի ունենալով, որ Թաէֆի համաձայնագիրն է, որ քաղաքացիներուն...

Page 734 of 987 1 … 733 734 735 … 987

Արխիւներ