Տեղահանուածներու հարցերու պետական նախարար Մույին Մերեհպի ողջունեց վարչապետ Սաատ Հարիրիի Աքքար այցելութիւնը` զայն նկատելով ազգային հարսանիք:
Ան շեշտեց, որ աքքարցիները կը գնահատեն վարչապետին ցուցաբերած զօրակցութիւնը իրենց արդար իրաւունքներուն, որոնց գործադրութեան համար երկար սպասած են:
Աքքարի քաղաքապետարաններու պատասխանատուներուն հետ շրջանին բարգաւաճման ծրագիրներուն մասին խորհրդակցութիւններու ընթացքին Մերեհպի շեշտեց, որ քաղաքապետարանները տեղական սեղմ կառավարութիւններ են, որոնք կը գործեն բնակիչներուն բարօրութեան նպատակով:



