Լիբանանեան

Նախագահ Աուն Կառավարութենէն Պահանջեց  Արտակարգ Նիստ Մը Գումարել` Սերտելու Համար  Ուսուցիչներու Աշխատավարձերուն  Եւ Յաւելումներուն Թղթածրարը

Նախագահ Աուն Կառավարութենէն Պահանջեց Արտակարգ Նիստ Մը Գումարել` Սերտելու Համար Ուսուցիչներու Աշխատավարձերուն Եւ Յաւելումներուն Թղթածրարը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն շաբաթավերջին նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի սեփական դպրոցներուն մէջ ծնողական խորհուրդները ներկայացնող պատուիրակութիւն մը: Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն  յայտնեց, թէ ինք վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ համաձայնած է, որ կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Մարուան Համատէի գործակցութեամբ կառավարութիւնը գումարէ արտակարգ նիստ մը` սերտելու համար ուսուցիչներու աշխատավարձերուն եւ յաւելումներուն թղթածրարը` նկատի ունենալով սեփական դպրոցներուն մէջ կրթաթոշակի նկատառելի...

Մուխթարայի Մէջ .  Ժոմպլաթ Ռիչըրտի Հետ Քննարկեց  Ընդհանուր Իրադարձութիւնները

Մուխթարայի Մէջ . Ժոմպլաթ Ռիչըրտի Հետ Քննարկեց Ընդհանուր Իրադարձութիւնները

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ շաբաթավերջին Մուխթարայի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան, շրջանային եւ միջազգային իրադարձութիւնները: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ Ժոմպլաթի կինը` Նուրա Ժոմպլաթ եւ զաւակը` Ասլան Ժոմպլաթ: Ապա Ռիչըրտ դարձաւ Մուխթարայի ճաշի հիւրը: Միւս կողմէ, Թայմուր Ժոմպլաթ շաբաթ առաւօտեան Մուխթարայի պալատին մէջ ընդունեց ժողովրդային պատուիրակութիւններ` ներկայութեամբ Ժողովրդավարական հանդիպումի երեսփոխաններ...

Պաշիր Խտըր Ողջունեց Պաալպեք-Հերմելի  Ապահովական Գործողութիւննեը

Պաշիր Խտըր Ողջունեց Պաալպեք-Հերմելի Ապահովական Գործողութիւննեը

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն շաբաթավերջին ընդունեց Պաալպեք-Հերմելի նահանգապետ Պաշիր Խտըրը, որուն հետ քննարկեց շրջանին մէջ տիրող ապահովական կացութիւնը` «Բարձունքներու արշալոյս»-ը գործողութենէն ետք: Խտըր շնորհակալութիւն յայտնեց զօր. Աունին Պաալպեք-Հերմելի մէջ բանակին գործադրած ապահովական վերջին գործողութիւններուն համար, որոնց ընթացքին ձերբակալուած էին մեծ թիւով յանցագործներ: Ան հաստատեց նման գործողութիւնները շարունակելու կարեւորութիւնը, յատկապէս արեւելեան լեռնաշղթան ահաբեկչութենէ եւ ահաբեկիչներէ մաքրագործելէ ետք: Զօր. Աուն...

«Կը Մաղթենք, Որ ՄԱԿ Օժանդակէ Սուրիացի  Տեղահանուածներու Ապահով Տունդարձին»  Շեշտեց Նոհրա

«Կը Մաղթենք, Որ ՄԱԿ Օժանդակէ Սուրիացի Տեղահանուածներու Ապահով Տունդարձին» Շեշտեց Նոհրա

Հիւսիսային Լիբանանի նահանգապետ Ռամզի Նոհրա ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի մարդասիրական հարցերու պատասխանատու Ֆիլիփ Լազարինին, որուն հետ քննարկեց հիւսիսային Լիբանանի յատկապէս լքուած շրջաններուն մէջ երիտասարդներուն առիթներ մատուցելու ծրագիրին վերաբերող մանրամասնութիւններ: Նոհրա յայտնեց, որ Լիբանանը ընկերային եւ տնտեսական լուրջ տագնապ կը դիմագրաւէ` մեծ թիւով սուրիացի տեղահանուածներու գոյութեան պատճառով: Նոհրա կոչ ուղղեց Լիբանանի նուիրատու կազմակերպութիւններուն գործակցելու քաղաքապետութիւններուն եւ լիբանանեան հիւրընկալ շրջանակներուն հետ, որպէսզի...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ շեշտեց, որ շրջանաւարտ սպաներու թղթածրարը լուծելու առումով յուսալքում չկայ: Ան նշեց, որ այդ հարցը լուծելու առումով ջանքերը կը շարունակուին, եւ յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին կարելի է այդ մասին աւետիսներ լսել: ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքը շաբաթավերջին Մաժտալ Այնճարի մէջ ձերբակալեց սուրիացի Ա. Մ.-ն, որ դատապարտուած է ահաբեկչական կազմակերպութիւններու անդամակցելու, այդ կազմակերպութիւններուն զէնք ու...

Պաապտայի Մէջ .  «Նախագահ Աուն Երկրին Բարօրութիւնը,  Կայունութիւնն Ու Խաղաղութիւնը Կ՛ուզէ Պահպանել,  Իսկ Շրջանաւարտ Սպաներուն Թղթածրարը  Մօտիկ Ապագային Կարելի Է Լուծել»   Շեշտեց Ռայի Պատրիարքը

Պաապտայի Մէջ . «Նախագահ Աուն Երկրին Բարօրութիւնը, Կայունութիւնն Ու Խաղաղութիւնը Կ՛ուզէ Պահպանել, Իսկ Շրջանաւարտ Սպաներուն Թղթածրարը Մօտիկ Ապագային Կարելի Է Լուծել» Շեշտեց Ռայի Պատրիարքը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ յետմիջօրէին նախագահական պալատին մէջ ընդունեց մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ նախագահ Աուն երկրին բարօրութիւնը, կայունութիւնն ու խաղաղութիւնը կ՛ուզէ պահպանել, իսկ շրջանաւարտ սպաներու թղթածրարը մօտիկ ապագային կարելի է լուծել: «Երբ նման հարցերու մասին քաղաքական քաշքշուք սկսի, ապա մթնոլորտը կը լարուի` ստեղծելով կացութիւն մը,...

Այն Թինէի Մէջ .  «Մթնոլորտը Դրական Է, Եւ Շրջանաւարտ  Սպաներուն Հարցը Կ՛ուղղուի Դէպի Լուծում»  Շեշտեց Ղաթթաս Խուրի

Այն Թինէի Մէջ . «Մթնոլորտը Դրական Է, Եւ Շրջանաւարտ Սպաներուն Հարցը Կ՛ուղղուի Դէպի Լուծում» Շեշտեց Ղաթթաս Խուրի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց մշակոյթի նախարար Ղաթթաս Խուրին: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան մշակութային շարք մը հարցեր, յատկապէս հնութիւններու եւ հին կառոյցներու պահպանումին վերաբերող թղթածրարներ: Խուրի նշեց, որ քննարկուած են նաեւ քաղաքական որոշ հարցեր: Պատասխանելով շրջանաւարտ սպաներու թղթածրարին վերաբերող լրագրողներուն հարցումներուն` Խուրի ըսաւ. «Մթնոլորտը դրական է, եւ շրջանաւարտ սպաներուն հարցը կ՛ուղղուի դէպի լուծում»: Նշենք նաեւ, որ Պըրրի...

Նախարար Կիտանեան Ուատիհ Քանաանի Հետ  Քննարկեց «2018` Կրօնական Զբօսաշրջութեան Տարի»  Յայտարարելու Նախապատրաստութիւնները

Նախարար Կիտանեան Ուատիհ Քանաանի Հետ Քննարկեց «2018` Կրօնական Զբօսաշրջութեան Տարի» Յայտարարելու Նախապատրաստութիւնները

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ պանդոկներու սեփականատէրերու սենտիքայի ընդհանուր քարտուղար Ուատիհ Քանաանը, որուն հետ քննարկեց «2018` կրօնական զբօսաշրջութեան տարի» յայտարարելու նախապատրաստութիւնները եւ այդ նախաձեռնութիւնը յաջողցնելու հեռանկարները:

«Կառավարութեան Մէջ Հըզպալլայի  Ներկայութիւնը Երկրին Մէջ Քաղաքական  Կայունութիւն Կը Ստեղծէ»  Շեշտեց Վարչապետ Հարիրի

«Կառավարութեան Մէջ Հըզպալլայի Ներկայութիւնը Երկրին Մէջ Քաղաքական Կայունութիւն Կը Ստեղծէ» Շեշտեց Վարչապետ Հարիրի

Վարչապետ Սաատ Հարիրի հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ինք չի մերժեր նախարարաց խորհուրդին մէջ Հըզպալլայի ներկայութիւնը` հաստատելով, որ Լիբանանը պէտք է հեռու պահել Իրանի եւ Սէուտական Արաբիոյ ճակատումէն: «Կառավարութեան մէջ Հըզպալլայի ներկայութիւնը երկրին մէջ քաղաքական կայունութիւն կը ստեղծէ, իսկ իմ գլխաւոր նպատակս Լիբանանի ապահովական կայունութեան եւ ազգային միասնականութեան պահպանումն է», ընդգծեց Հարիրի: Վարչապետ Հարիրի շեշտեց, որ Լիբանան իր շահերը ապահովելու...

Մաշնուք. «Լիբանանի Մէջ Սէուտական  Արաբիոյ Քաղաքականութիւնը Միշտ  Հաւասարակշռուած Եղած Է»

Մաշնուք. «Լիբանանի Մէջ Սէուտական Արաբիոյ Քաղաքականութիւնը Միշտ Հաւասարակշռուած Եղած Է»

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուք երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ նոր նշանակուած դեսպան Ուալիտ Եաագուպը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները: Մաշնուք շեշտեց, որ Լիբանանի նկատմամբ Սէուտական Արաբիոյ դերակատարութիւնը միշտ ալ հաւասարակշռուած եւ բաց եղած է` լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն հանդէպ: Մաշնուքի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան...

«Նախագահ Աունի Եւ Պըրրիի Միջեւ Տագնապը  Քաղաքական Է Եւ Ոչ Թէ Թեքնիք»  Շեշտեց Ապպաս Իպրահիմ

«Նախագահ Աունի Եւ Պըրրիի Միջեւ Տագնապը Քաղաքական Է Եւ Ոչ Թէ Թեքնիք» Շեշտեց Ապպաս Իպրահիմ

Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ ընդունեց Մամլոյ սենտիքայի նախագահ Աունի Քաաքին, որուն ընկերակցեցաւ սենտիքայի մէկ պատուիրակութիւնը: Քաաքի ողջունեց Ապպաս Իպրահիմի դերակատարութիւնը` Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը եւ տօնական օրերուն ընթացքին երկրին անդորրը պահպանելու առումով: Իր կարգին, Իպրահիմ հաստատեց, որ իրենք կը գործեն ի խնդիր ապահով եւ կայուն պետութեան կերտումին` աւելցնելով, որ լրագրողներուն խօսքը նոյնքան հզօր է, որքան իրենց...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ նախարար Թարեք Խաթիպ երէկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ կառավարութեան նախանցեալ օրուան որոշումը եւ հետապնդուած աշխատանքը կը միտի Լիբանանի մէջ աղբի տագնապին արմատական վերջ մը ճշդել: ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Եուսեֆ Ֆընիանոս Մլիթայի մէջ գտնուող Հըզպալլայի թանգարանը կատարած այցելութենէն ետք յայտնեց, որ շրջանին մէջ հիւսուող բոլոր դաւադրութիւններուն դիմաց իրենք կառչած կը մնան Դիմադրութեան: ՄԱՐՄՆԱԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ երիտասարդութեան...

Կառավարութիւնը Որոշեց Քոսթապրաւայի  Թափօններու Թաղման Վայրը Ընդարձակել

Կառավարութիւնը Որոշեց Քոսթապրաւայի Թափօններու Թաղման Վայրը Ընդարձակել

Կառավարութիւնը երէկ վարչապետարանին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի: Նիստին ընթացքին վարչապետ Հարիրի շեշտեց, որ կառավարութիւնը հիմնական երեք մեծ հարցեր ունի լուծելիք: Անոնք են` երեսփոխանական ընտրութիւնները, աղբի տագնապն ու ելեկտրականութեան հարցը: Հարիրի յայտնեց, որ ընտրական օրէնքը հսկայ նուաճում մըն է, անկախ անոր մասին արձանագրուած կարգ մը դիտողութիւններէն եւ մերժողական կեցուածքներէն: Հարիրի յայտնեց, որ ինք համաձայն է ամէն...

Նախագահ Աուն Կոչ Ուղղեց Արաբական  Երկիրներուն Միջեւ Քաղաքական Համախոհութեան  Եւ Հարցերը Երկխօսութեամբ Լուծելու Կարեւորութեան

Նախագահ Աուն Կոչ Ուղղեց Արաբական Երկիրներուն Միջեւ Քաղաքական Համախոհութեան Եւ Հարցերը Երկխօսութեամբ Լուծելու Կարեւորութեան

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Արաբ ատամնաբուժներու սենտիքայի պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Լիբանանի ատամնաբուժներու սենտիքայի նախագահ Ժամալ Հաժի: Հաժ շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Աունին Արաբ ատամնաբուժներու սենտիքայի խորհրդաժողովը հովանաւորելուն առիթով: Ան նշեց, որ խորհրդաժողովին կը մասնակցին ատամնաբուժներ, որոնք եկած են Սուրիայէն, Պաղեստինէն, Իրաքէն, Թունուզէն, Յորդանանէն, Սուտանէն եւ Եգիպտոսէն: Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն կոչ ուղղեց արաբական երկիրներուն միջեւ քաղաքական...

Պըրրի – Միքաթի Հանդիպում

Պըրրի – Միքաթի Հանդիպում

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումին շրջագիծին մէջ Միքաթի հաստատեց, որ Պըրրի կառչած կը մնայ երեսփոխանական ընտրութիւններուն կայացումին` հիմնուելով ընտրական նոր օրէնքին վրայ: Միւս կողմէ, շրջանաւարտ սպաներու աստիճանի բարձրացումի թղթածրարին մասին Միքաթի յայտնեց, որ այդ շրջաբերականը ամբողջովին սխալ է: Միքաթի նշեց, որ աստիճանի բարձրացումը կը շնորհուի իսկական...

Ժահժահ Ընդունեց Քանաանը, Խուրին  Եւ Ժողովրդավարական Հանդիպում  Պլոքի Երեսփոխանները

Ժահժահ Ընդունեց Քանաանը, Խուրին Եւ Ժողովրդավարական Հանդիպում Պլոքի Երեսփոխանները

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ նախանցեալ կէս գիշերին ընդունեց Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանը, որ յայտնեց, թէ հանդիպումին մթնոլորտը դրական էր: Քանաան նշեց, որ այդ հանդիպումը առիթ մըն էր քննարկելու Ազգային ազատ հոսանք եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւններուն միջեւ յարաբերութիւններն ու արժեւորել անցնող փուլը: Քանաան շեշտեց, որ յառաջիկայ օրերուն երկու կուսակցութիւններու ղեկավարութիւններուն մակարդակով հանդիպումներ պիտի կատարուին,...

Ասմար. «Սեփական Մարզի Աշխատաւորներու  Աշխատավարձերու Յաւելումի  Պահանջին Համար Կրնանք Փողոց Իջնել»

Ասմար. «Սեփական Մարզի Աշխատաւորներու Աշխատավարձերու Յաւելումի Պահանջին Համար Կրնանք Փողոց Իջնել»

Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Պշարա Ասմար երէկ յայտնեց, որ սեփական մարզի աշխատաւորներու աշխատավարձերու սրբագրումը, այլ խօսքով` յաւելումը բացարձակ իրաւունք է: Ան նշեց, որ այդ իրաւունքը պահանջելու համար համադաշնակցութիւնը կրնայ ցոյցեր կազմակերպել եւ փողոց իջնել: Ասմար հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ սեփական մարզի աշխատաւորներուն հաշուոյն անարդարութիւն կայ` աւելցնելով, որ անոնք օտար աշխատաւորներու յարձակումներուն կ՛ենթարկուին եւ անարդարօրէն աշխատանքէ կ՛արձակուին: «Անկարելի է նման...

Զօր. Աուն Դերծովակալ Աքուլինոյի Հետ  Քննարկեց Երկկողմանի  Գործակցութեան Հեռանկարները

Զօր. Աուն Դերծովակալ Աքուլինոյի Հետ Քննարկեց Երկկողմանի Գործակցութեան Հեռանկարները

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց ամերիկեան ծովուժի կեդրոնական հրամանատարութեան ղեկավար դերծովակալ Ճոն Աքուիլինոն եւ անոր ընկերակցող զինուորական ընդարձակ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեց նաեւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտ: Հանդիպումին ընթացին քննարկուեցան լիբանանեան եւ ամերիկեան բանակներուն միջեւ յարաբերութիւնները, յատկապէս ծովուժի մարզումներուն շրջագիծին մէջ երկկողմանի գործակցութեան հեռանկարները: Հանդիպումին մասին Լիբանանի մէջ ամերիկեան դեսպանատունը հրապարակեց հաղորդագրութիւն...

Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան Պլոք.  «Համամասնական Ընտրական Օրէնքը Սահմանադրական  Առումով Օրինակելի Ընտրական Օրէնք Կը Նկատուի»

Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան. «Հըզպալլա Կը Շարունակէ Իր Պարտականութիւնը` Լիբանանի Ապահովական Կայունութիւնը Պահպանելու Եւ Որեւէ Սպառնալիքի Դիմադրելու Առումով»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ երէկ նախագահեց պլոքի ընթացիկ նիստին, որուն ընթացքին պլոքը ողջունեց եւ շնորհաւորեց Իրանը` թշնամիներուն դէմ անոր արձանագրած յաղթանակին առիթով: Նիստէն ետք պլոքի անդամ, երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա դրուատեց եմէնցիներուն առասպելական դիմադրութիւնը: Ֆատլալլա շեշտեց, որ Հըզպալլա կը շարունակէ իր պարտականութիւնը` Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պահպանելու եւ որեւէ սպառնալիքի դիմադրելու առումով: Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքը յոյս յայտնեց, որ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց նախկին նախարար Աշրաֆ Ռիֆին, որ Նոր տարուան առիթով իր շնորհաւորութիւնները փոխանցեց պատրիարքին: Ռիֆի ընդգծեց, թէ լիբանանեան պետութեան մէջ փտածութիւնը հասած է անընդունելի համեմատութեան: «Պետութիւնը միակն է, որ պէտք է պայքարի այդ փտածութեան դէմ», ըսաւ ան: ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Մըլհեմ Ռիաշի յայտնեց, որ Արեւմուտքին պէտք է ներկայացնել Արեւելքի ճշմարտութիւնը` աւելցնելով սակայն, որ Արեւելքը...

Page 677 of 987 1 … 676 677 678 … 987

Արխիւներ