ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց նախկին նախարար Աշրաֆ Ռիֆին, որ Նոր տարուան առիթով իր շնորհաւորութիւնները փոխանցեց պատրիարքին: Ռիֆի ընդգծեց, թէ լիբանանեան պետութեան մէջ փտածութիւնը հասած է անընդունելի համեմատութեան: «Պետութիւնը միակն է, որ պէտք է պայքարի այդ փտածութեան դէմ», ըսաւ ան:
ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Մըլհեմ Ռիաշի յայտնեց, որ Արեւմուտքին պէտք է ներկայացնել Արեւելքի ճշմարտութիւնը` աւելցնելով սակայն, որ Արեւելքը իսկական յարութեան կարիք ունի:
ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան շեշտեց, որ Եգիպտոս լիբանանեան արտածուող արտադրութիւններուն դիմաց արգելքներ կը զետեղէ:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա Երուսաղէմի հարցին եւ շրջանային զարգացումներուն նուիրուած համագումարի մը ընթացքին յայտնեց, որ Դիմադրութիւնը հիմնական դերակատարութիւն ունեցած է շրջանին մէջ արձանագրուած նուաճումներուն առումով:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Միշել Մուսա ընդգծեց, որ շրջանաւարտ սպաներու հարցին տակաւին կարելի չէ եղած լուծում մը գտնել: Ան նշեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն իր թեկնածութեան առաջադրումը շատ հաւանական է:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի նախագահ սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտին շեշտեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն Հըզպալլա պիտի ըլլայ Ամալ շարժումի դաշնակիցը: «Ընտրական մեր դաշինքը պիտի ըլլայ ամուր, իսկ ընտրացանկերը` միացեալ», ըսաւ սէյիտ Սաֆիէտտին:
ՍԱՅՏԱՅԻ ծովափին երէկ գտնուեցաւ կնոջ մը դիակը: Աւելի ուշ բացայայտուեցաւ, թէ կինը պաղեստինցի է. ան սպաննուած է իր ամուսնոյն կողմէ եւ թաղուած Աուալիի աւազներուն տակ:
ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ սեփականատէրերու միութեան նախագահ Ֆատի Ժեմայէլ շեշտեց, որ ճարտարարուեստը Լիբանանի տնտեսութեան հիմնական նեցուկը կը նկատուի:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Մըսպահ Ահտապ ընդգծեց, որ իրենք պատրաստ են երեսփոխանական ընտրութիւններուն ամբողջական ընտրացանկով մասնակցելու:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարիօ Աուն հաստատեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը ամէնէն աւելի կառչած կը մնայ երեսփոխանական ընտրութիւններու կայացման: