Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց ամերիկեան ծովուժի կեդրոնական հրամանատարութեան ղեկավար դերծովակալ Ճոն Աքուիլինոն եւ անոր ընկերակցող զինուորական ընդարձակ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեց նաեւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտ:
Հանդիպումին ընթացին քննարկուեցան լիբանանեան եւ ամերիկեան բանակներուն միջեւ յարաբերութիւնները, յատկապէս ծովուժի մարզումներուն շրջագիծին մէջ երկկողմանի գործակցութեան հեռանկարները:
Հանդիպումին մասին Լիբանանի մէջ ամերիկեան դեսպանատունը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, թէ Աքուիլինօ զօր. Աունի հետ քննարկած է նաեւ Իտալիոյ մէջ տեղի ունենալիք «Հռոմ 2» խորհրդաժողովին վերաբերող մանրամասնութիւններ:
Նշենք, որ «Հռոմ 2» խորհրդաժողովին նպատակն է լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն միջազգային օժանդակութիւն ապահովել:
Ըստ հաղորդագրութեան, դերծովակալ Աքուիլինօ Լիբանանի մէջ հանդիպումներ ունեցած է նաեւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու պատասխանատու զինուորականներուն հետ:
Հաղորդագրութեան մէջ ընդգծուեցաւ, որ Ուաշինկթըն կառչած կը մնայ կայուն, ապահով, ժողովրդավարական եւ բարգաւաճ Լիբանանին: