Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յունուար 13, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ նախարար Թարեք Խաթիպ երէկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ կառավարութեան նախանցեալ օրուան որոշումը եւ հետապնդուած աշխատանքը կը միտի Լիբանանի մէջ աղբի տագնապին արմատական վերջ մը ճշդել:

ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Եուսեֆ Ֆընիանոս Մլիթայի մէջ գտնուող Հըզպալլայի թանգարանը կատարած այցելութենէն ետք յայտնեց, որ շրջանին մէջ հիւսուող բոլոր դաւադրութիւններուն դիմաց իրենք կառչած կը մնան Դիմադրութեան:

ՄԱՐՄՆԱԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ յայտնեց, որ կառավարութեան պարզած իրավիճակը կայուն է: Ան շեշտեց, որ քաղաքական ոչ մէկ ուժէ լսած են կառավարութիւնը մասնատելու որոշում մը:

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Փիեռ Ապու Ասի շեշտեց, որ կառավարութեան մէջ համախոհութիւնը մասնակի է` աւելցնելով, որ կառավարութիւնը կը զլանայ որոշ կէտեր նկատի ունենալ իր քննարկած օրակարգին վրայ:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի կոչ ուղղեց բոլորին երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքին մրցակցելու յօգուտ Թրիփոլիի եւ ոչ թէ Թրիփոլիի դէմ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան անհրաժեշտ նկատեց, որ երկրին քաղաքական բոլոր ուժերը գործակցին` վաւերացնելու համար 2018-ի պետական ամավարկը, որ նոր շունչով մշակուած է եւ անակնկալներ կը բովանդակէ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր յայտնեց, որ քաղաքական տարակարծութիւնները պատճառ պիտի չդառնան երեսփոխանական ընտրութիւնները խոչընդոտելու:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա յայտնեց, որ բջիջային հեռաձայնի ընկերութիւններուն վերաբերող` հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Ժամալ Ժարրահի որոշումը ապօրինի է:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ամալ Ապու Զէյտ յայտնեց, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը կը փափաքին 6 մայիսին կատարել երեսփոխանական ընտրութիւնները` աւելցնելով, որ «մեկասենթըր»-ը մերժող կողմերը չեն ուզեր քուէարկողներուն համեմատութիւնը աւելցնել: Անդրադառնալով շրջանաւարտ սպաներու թղթածրարին` Ապու Զէյտ շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն նախագահական իր երդումը կատարելէ ետք չի կրնար հակասահմանադրական միջոցներու դիմել եւ Թաէֆի համաձայնագիրը ոտնակոխել:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի շեշտեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի եւ մշակոյթի նախարար Ղաթթաս Խուրիի միջեւ նախանցեալ օրուան հանդիպումը դրական էր եւ յաջողած էր սառցահալ կատարել:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Պութրոս Հարպ նշեց, որ համամասնական ընտրական օրէնքը վատագոյն ընտրական օրէնքն է եւ անոր նպատակը երեսփոխանական ընտրութիւնները յետաձգել է:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Հիքմաթ Տիպ ընդգծեց, որ շրջանաւարտ սպաներու թղթածրարին գծով նիւթական հատուցումի ոչ մէկ հարց գոյութիւն ունի:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ալեն Հաքիմ շեշտեց, որ անընդունելի է երեսփոխանական ընտրութիւնները վերածել վիճաբանութեան, կասկածի եւ համաձայնութիւններ գոյացնելու գործիքի:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր մաղթեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի շրջանաւարտ սպաներու թղթածրարին համար առաջադրուած լուծումը փոխանցէ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունին, որպէսզի կարելի ըլլայ լուծման յանգիլ:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Էմիլ Էմիլ Լահուտ յայտնեց, որ կառավարութեան աշխատանքին մէկ բաժինը վերածուած է անձնական շահեր ապահովելու հոլովոյթի:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդը երէկ գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ կուսակցութեան նախագահ Ժըպրան Պասիլի: Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը հաստատեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները յետաձգելու կամ ջնջելու իմաստով մտավախութիւններ չկան` աւելցնելով, որ իրենք կառչած կը մնան ընտրական օրէնքին առաջադրած բարեկարգումներուն:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Շանթալ Սարգիս յայտնեց, որ կուսակցութիւնը լուրջ բանակցութիւններու մէջ է` ընտրական դաշինքներ գոյացնելու առումով: Սարգիս հաստատեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքին եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետ Լիբանանեան ուժերուն յարաբերութիւնները սրբագրելու ճիգերը բաւական լուրջ են:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, մշակոյթի եւ տեղեկատուութեան նախարարներ Ղաթթաս Խուրի եւ Մըլհեմ Ռիաշի սկսած են մշակել քաղաքական համաձայնագիր մը, որ պիտի ստորագրուի վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի միջեւ:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը կը մղէ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի աթոռը անկէ խլելու պայքարը:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի մօտիկ աղբիւրներ հաստատեցին, որ ան Մուսթաքպալ հոսանքին հետ պիտի չդաշնակցի երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքին: Նոյն աղբիւրները աւելցուցին, որ Միքաթի վարչապետի պաշտօնին տիրանալու համար չի պայքարիր:

ԱՅՆ ԹԻՆԷԻ մօտիկ աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին յայտնեցին, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի յանձնառու է հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ իր յարաբերութիւններու պահպանումին:

 

Նախորդը

«Միացեալ Նահանգներ Թուրքիոյ Համբերութիւնը Կը Փորձեն» Կ՛ըսէ Էրտողան

Յաջորդը

«Նախագահ Աունի Եւ Պըրրիի Միջեւ Տագնապը Քաղաքական Է Եւ Ոչ Թէ Թեքնիք» Շեշտեց Ապպաս Իպրահիմ

RelatedPosts

Խօսքը Ուղղելով Կեդրոնական Դրամատան  Կառավարիչին Եւ Փոխկառավարիչներուն`  Նախագահ Աուն. «Դրամատնային Համակարգին Նկատմամբ  Ներքին Ու Արտաքին Վստահութեան Վերականգնման Մէջ Ձեր Պատասխանատուութիւնը Մեծ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Խօսքը Ուղղելով Կեդրոնական Դրամատան Կառավարիչին Եւ Փոխկառավարիչներուն` Նախագահ Աուն. «Դրամատնային Համակարգին Նկատմամբ Ներքին Ու Արտաքին Վստահութեան Վերականգնման Մէջ Ձեր Պատասխանատուութիւնը Մեծ Է»

Մայիս 9, 2025
Սալամ Հիւսիսային Պեքա Այցելութեան Ընթացքին  Արեւելեան Սահմանները Զննեց  Եւ Գնահատեց Բանակի Ջանքերը
Լիբանանեան

Սալամ Հիւսիսային Պեքա Այցելութեան Ընթացքին Արեւելեան Սահմանները Զննեց Եւ Գնահատեց Բանակի Ջանքերը

Մայիս 9, 2025
«Պէյրութի Մէջ Քրիստոնեայ-Իսլամ Հաւասարութիւնը  Պահպանելու Փորձեր Կան, Սակայն Մինչեւ  Այս Պահս Ոչինչ Երաշխաւորուած Է»  Կ՛ըսէ Պու Սաապ
Լիբանանեան

«Պէյրութի Մէջ Քրիստոնեայ-Իսլամ Հաւասարութիւնը Պահպանելու Փորձեր Կան, Սակայն Մինչեւ Այս Պահս Ոչինչ Երաշխաւորուած Է» Կ՛ըսէ Պու Սաապ

Մայիս 9, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?