Ուահապ. «Ֆրենժիէ Ընտանիքը Կը Մնայ Հաւատարմութեան Խորհրդանիշ»
Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ երէկ ընդունեց Թաուհիտ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապը` ներկայութեամբ իր զաւկին` Թոնի Ֆրենժիէի: Հանդիպումէն ետք Ուահապ ընկերային ցանցին մէջ տեղադրեց լուսանկար մը` անոր կցելով հետեւեալ գրառումը. «Ֆրենժիէ ընտանիքը կը մնայ հաւատարմութեան, անկեղծութեան եւ սկզբունքներու նկատմամբ յանձնառութեան խորհրդանիշ»:




















