Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Պշարա Ասմար երէկ յայտնեց, որ սեփական մարզի աշխատաւորներու աշխատավարձերու սրբագրումը, այլ խօսքով` յաւելումը բացարձակ իրաւունք է:
Ան նշեց, որ այդ իրաւունքը պահանջելու համար համադաշնակցութիւնը կրնայ ցոյցեր կազմակերպել եւ փողոց իջնել:
Ասմար հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ սեփական մարզի աշխատաւորներուն հաշուոյն անարդարութիւն կայ` աւելցնելով, որ անոնք օտար աշխատաւորներու յարձակումներուն կ՛ենթարկուին եւ անարդարօրէն աշխատանքէ կ՛արձակուին: «Անկարելի է նման անարդարութիւններուն նկատմամբ լուռ մնալ: Համադաշնակցութիւնը պիտի պաշտպանէ բոլորին իրաւունքները», ըսաւ Ասմար` պահանջելով նուազագոյն աշխատավարձը բարձրացնել հազար տոլարի: