Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժահժահ Ընդունեց Քանաանը, Խուրին Եւ Ժողովրդավարական Հանդիպում Պլոքի Երեսփոխանները

January 12, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ նախանցեալ կէս գիշերին ընդունեց Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանը, որ յայտնեց, թէ հանդիպումին մթնոլորտը դրական էր:

Քանաան նշեց, որ այդ հանդիպումը առիթ մըն էր քննարկելու Ազգային ազատ հոսանք եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւններուն միջեւ յարաբերութիւններն ու արժեւորել անցնող փուլը:

Քանաան շեշտեց, որ յառաջիկայ օրերուն երկու կուսակցութիւններու ղեկավարութիւններուն մակարդակով հանդիպումներ պիտի կատարուին, որպէսզի կարելի ըլլայ յաջորդ փուլին համար միացեալ պատկերացում մը կազմել:

Կառավարութեան երէկուան նիստէն ետք, տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշի եւ մշակոյթի նախարար Ղաթթաս Խուրի ուղղուեցան Մեհրապ:

Վարչապետ Սաատ Հարիրիի կողմէ Ժահժահի մօտ գործուղուած նախարար Խուրի հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ ո՛չ հինգ եւ ո՛չ ալ վեց կողմանի ընտրական դաշինքներ պիտի գոյանան` աւելցնելով, որ քաղաքական ոչ մէկ կողմ անիրաւութեան պիտի ենթարկուի:

Խուրի ընդգծեց, որ Ժահժահի հետ քննարկած են արձանագրուած իրադարձութիւնները, եւ իւրաքանչիւրը յայտնած է իր տեսակէտը:

«Նոր հաղորդակցութիւններու ընթացքին հին թղթածրարներու մասին խօսիլը ապարդիւն է», ըսաւ ան:

Խուրի վերահաստատեց, որ իրենք ամէն բանի մասին խօսած են, Ժահժահ իր կեցուածքները յայտնած է, իսկ ինք` Մուսթաքպալ հոսանքի կեցուածքները: «Խորհրդակցութիւնները պիտի շարունակուին», շեշտեց Խուրի:

Միւս կողմէ, երէկ յետմիջօրէին Ժահժահ ընդունեց Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի երեսփոխաններ Նաամէ Թոհմէն եւ Աքրամ Շեհայէպը` ներկայութեամբ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Շանթալ Սարգիսի:

Հանդիպումէն ետք Շեհայէպ ընդգծեց, որ Ժահժահի հետ քննարկած են երեսփոխանական ընտրութիւններուն վերաբերող մանրամասնութիւններ, ինչպէս նաեւ ընդգծած` սահմանադրութեան յանձնառու մնալու, քաղաքացիական անվտանգութիւնը պահպանելու եւ պետական հաստատութիւններուն դերակատարութիւնը ամրապնդելու իրենց սկզբունքները:

 

 

Նախորդը

Ասմար. «Սեփական Մարզի Աշխատաւորներու Աշխատավարձերու Յաւելումի Պահանջին Համար Կրնանք Փողոց Իջնել»

Յաջորդը

Պըրրի – Միքաթի Հանդիպում

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.