Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մաշնուք. «Լիբանանի Մէջ Սէուտական Արաբիոյ Քաղաքականութիւնը Միշտ Հաւասարակշռուած Եղած Է»

January 13, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուք երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ նոր նշանակուած դեսպան Ուալիտ Եաագուպը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Մաշնուք շեշտեց, որ Լիբանանի նկատմամբ Սէուտական Արաբիոյ դերակատարութիւնը միշտ ալ հաւասարակշռուած եւ բաց եղած է` լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն հանդէպ:

Մաշնուքի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Հիւկօ Շորթըր, որ Բրիտանիոյ կառավարութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեց ներքին գործոց նախարարութեան, որ ամէն ջանք ի գործ դրած է եւ գտած Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպանատան մէջ աշխատող բրիտանացի կին պաշտօնեան, որ սպաննուած էր:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն օժանդակութեան նուիրուած «Հռոմ 2» խորհրդաժողովին վերաբերող մանրամասնութիւնները:

Շորթըր ընդգծեց, որ Բրիտանիա պատրաստ է լիբանանեան ապահովական բոլոր կառոյցներուն զինուորական օժանդակութիւն տրամադրելու:

Քննարկուեցաւ նաեւ ներքին գործոց նախարարութեան կողմէ երեսփոխանական ընտրութիւնները կազմակերպելու աշխատանքը:

Միւս կողմէ, Մաշնուք նախանցեալ գիշեր հովանաւորեց Պէյրութի թաղապետներուն ի պատիւ սարքուած ընթրիքի երեկոն, որուն ընթացքին հաստատեց, որ արաբները չեն կրնար Պէյրութէն հրաժարիլ` աւելցնելով, որ ինք քանի մը օր առաջ ունեցած է սէուտցի, իմարաթցի, պահրէյնցի եւ քուէյթցի պաշտօնական հիւրեր, որոնք ընդգծած են, թէ իրենք չեն կրնար հրաժարիլ Պէյրութէն, որ լայն սրտով կը հիւրընկալէ բոլորը եւ բոլորէն կը զատորոշուի իր իւրայատկութեամբ:

Մաշնուք նշեց, որ իշխանութեան երեք պետերուն միջեւ հեզասահ գործակցութեան շնորհիւ է, որ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը կը պահպանուի: Այդ գործակցութեան կը պարտինք նաեւ դիւանագիտական անձնակազմի եւ դատական իշխանութեան նշանակումները, նոյնիսկ եթէ բոլոր նշանակումներուն համաձայն չենք:

Մաշնուք շեշտեց, որ իշխանութեան երեք պետերու ջանքերուն շնորհիւ է, որ կարելի եղած է նաւթի պեղման մեկնարկը կատարել եւ բազմաթիւ այլ նուաճումներ իրագործել:

«Մենք կը հաւատանք նախագահական համաձայնութեան եւ յանձնառու կը մնանք ապահովական կայունութեան պահպանումին: Վարչապետ Սաատ Հարիրի միշտ շինիչ առաջարկներ եւ ծրագիրներ կը ներկայացնէ` լուծելու համար հարցերը, իսկ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի միջեւ գործակցութիւնը արդիւնաւէտ է: Թէեւ այս օրերուն Ապու Մուսթաֆա (Նեպիհ Պըրրի) նեղուած է, սակայն ան լայն սիրտ ունի եւ պիտի շրջանցէ այս փուլը», ըսաւ ան:

Մաշնուք շեշտեց, որ զինք շրջափակող հրդեհներուն մէջ Լիբանան կը գոյատեւէ եւ կը լուծէ իր հարցերը` ըլլան անոնք ապահովական, քաղաքական, թէ նիւթական:

 

Նախորդը

«Նախագահ Աունի Եւ Պըրրիի Միջեւ Տագնապը Քաղաքական Է Եւ Ոչ Թէ Թեքնիք» Շեշտեց Ապպաս Իպրահիմ

Յաջորդը

«Կառավարութեան Մէջ Հըզպալլայի Ներկայութիւնը Երկրին Մէջ Քաղաքական Կայունութիւն Կը Ստեղծէ» Շեշտեց Վարչապետ Հարիրի

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.