Լիբանանեան

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն  Այցելեց Նախագահ Աունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Այցելեց Նախագահ Աունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեցին Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, երէկ այցելեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի քաղաքական բեմը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ մայիսին կատարուելիք երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին կեցուածքը: Հանդիպումէն ետք երեսփոխան Բագրատունի նախագահական պալատէն յայտնեց, որ Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւնը նախագահ...

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Ընդունեց  Հըզպալլայի Լեռնալիբանանի  Պատասխանատուն Եւ Մուսթաֆա Համտանը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Ընդունեց Հըզպալլայի Լեռնալիբանանի Պատասխանատուն Եւ Մուսթաֆա Համտանը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Կեդրոնական կոմիտէի ընկերներ եւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան երէկ «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեցին Հըզպալլայի կեդրոնական խորհուրդի անդամ եւ Լեռնալիբանանի պատասխանատու շէյխ Շաուքի Զաայթերը, որ Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով փոխանցեց իր շնորհաւորութիւնները: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Կեդրոնական կոմիտէն ընդունեց նաեւ Անկախ Նասըրականներու - Մուրապիթուն շարժումի...

ՀՅԴ Պատուիրակութեան Հետ Ներդրումային Ծրագիրներու Քննարկում` Վարչապետարանին Մէջ

ՀՅԴ Պատուիրակութեան Հետ Ներդրումային Ծրագիրներու Քննարկում` Վարչապետարանին Մէջ

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի 21 հոգիներէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը երէկ վարչապետարանին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Հարիրիի տնտեսական խորհրդատուներուն հետ, որոնք ներկայացուցին յառաջիկայ ութը տարիներուն վրայ իրագործուելիք տնտեսական ներդրումային ծրագիրը իր մանրամասնութիւններով: Տարբեր կուսակցութիւններու հետ հանդիպումներու շրջագիծին մէջ, Դաշնակցութեան ներկայացուցիչներուն հետ կատարուած խորհրդակցութիւնները կը միտին ընդհանուր համաձայնութիւն գոյացնել երկրի տնտեսական կացութիւնը բարելաւելու եւ ենթակառոյցի բարեկարգումներ կատարելու առումով: Պատուիրակութեան մաս կը...

«Երեսփոխանական Ընտրութիւնները  Պիտի Կատարուին Ճշդուած Թուականին  Եւ Ընտրական Նոր Օրէնքին Համաձայն»   Շեշտեց Նախագահ Աուն

«Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Պիտի Կատարուին Ճշդուած Թուականին Եւ Ընտրական Նոր Օրէնքին Համաձայն» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց ֆրանսացի ծերակուտական Պրունօ Ռէօթայոն` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշէի: Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ յառաջիկայ շաբաթներուն ընթացքին տեղի ունենալիք երեք խորհրդաժողովները կը միտին օժանդակել Լիբանանին եւ նեցուկ կանգնիլ անոր` տարբեր մարզերու մէջ: Ան շեշտեց, որ Լիբանան իր կարեւոր դերակատարութիւնը ունի միջազգային եւ շրջանային առումով: Նախագահ Աուն մաղթեց, որ այդ...

Պըրրի. «Կառչած Կը Մնանք Երեսփոխանական  Ընտրութիւններուն Կայացման»

Պըրրի. «Կառչած Կը Մնանք Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն Կայացման»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, որուն ընթացքին հաստատեց, որ իրենք կառչած կը մնան երեսփոխանական ընտրութիւններու կայացման, որքան ալ կարգ մը քաղաքական կողմեր փորձեն այդ ընտրութիւնները ջնջելու միտող հարցեր ստեղծել: Անդրադառնալով «մեկասենթըր»-ներ հիմնելու հարցին` Պըրրի յայտնեց, որ ինք առաջիններէն էր, որ պահանջած էր նախապէս անուններու արձանագրութեան դրութիւնը, մինչդեռ անոնք, որոնք այսօր կը ներկայացնեն...

Վարչապետ Հարիրի Նախագահեց  Տնտեսական Նիստի Մը

Վարչապետ Հարիրի Նախագահեց Տնտեսական Նիստի Մը

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց տնտեսական նիստի մը, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ կառավարութեան կողմէ գործադրուելիք տնտեսական ռազմավարութիւնը: Նիստին ներկայ գտնուեցան նախարարներ Ռաէտ Խուրի, Աւետիս Կիտանեան, Ժըպրան Պասիլ, Հիւսէյն Հաժ Հասան, Մարուան Համատէ եւ Սեզար Ապի Խալիլ, ինչպէս նաեւ նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Ֆուատ Ֆլէյֆել: Նշենք, որ կառավարութիւնը այսօր վարչապետարանին մէջ պիտի գումարէ իր ընթացիկ նիստը, որուն ընթացքին պիտի քննարկուի...

Ֆրանչիսկոս Պապը Տունդարձի  Կոչ Կ՛ուղղէ Սուրիացի Տեղահանուածներուն

Ֆրանչիսկոս Պապը Տունդարձի Կոչ Կ՛ուղղէ Սուրիացի Տեղահանուածներուն

Ֆրանչիսկոս պապը երէկ կոչ ուղղեց, որ Սուրիոյ դրացի երկիրները, յատկապէս Լիբանան հասած սուրիացի տեղահանուածները վերադառնան Սուրիա: Ֆրանչիսկոս պապը ընդգծեց Սուրիոյ մէջ խաղաղութեան հաստատումի նախաձեռնութիւններու դիմելու կարեւորութիւնը: Ան շեշտեց, որ Յորդանանի, Թուրքիոյ եւ յատկապէս Լիբանանի մէջ գտնուող սուրիացի տեղահանուածները պէտք է մտածեն տունդարձի մասին:

Ասմար. «Սեփական Մարզի Աշխատաւորներուն  Աշխատավարձերը Սրբագրելու Արշաւը Սկսած Է»

Ասմար. «Սեփական Մարզի Աշխատաւորներուն Աշխատավարձերը Սրբագրելու Արշաւը Սկսած Է»

Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Պշարա Ասմար երէկ մեկնարկը կատարեց սեփական մարզի աշխատաւորներուն աշխատավարձերը սրբագրելու եւ յաւելումները պահանջելու արշաւին: Ան շեշտեց, որ այդ արշաւին իբրեւ արդիւնք մէկ միլիոն աշխատաւոր պիտի սկսի արդար աշխատավարձ ստանալ, անոնց վրայ առանց ուսումնասիրութեան եւ հաշիւի բարդուած տուրքերուն երկար ժամանակ տոկալէ ետք: Ասմար նշեց, որ աշխատավարձի յաւելումներուն կողքին պիտի իրագործուի նաեւ փաթեթ մը, որ կ՛ընդգրկէ ընտանեկան հատուցում,...

Մաշնուք Քարտելի Հետ Քննարկեց Երեսփոխանական  Ընտրութիւններուն Նախապատրաստութիւնները

Մաշնուք Քարտելի Հետ Քննարկեց Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն Նախապատրաստութիւնները

Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի գրասենեակը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչի տեղակալ Պըրնելլա Տէյլըր Քարտել երէկ հանդիպում մը ունեցած է ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուքի հետ: Քննարկուած են մայիսին տեղի ունենալիք երեսփոխանական ընտրութիւններն ու անոնց նախապատրաստութիւնները: Քարտել ողջունած է Մաշնուքի աշխատանքը` երեսփոխանական ընտրութիւններուն կայացումը երաշխաւորելու իմաստով, ինչպէս նաեւ դրուատած է անցեալ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Մըլհեմ Ռիաշի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Չաղաթայ Էրճիեշը: Այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ: ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Եուսեֆ Ֆընիանոս Պէյրութի միջազգային օդակայանի ընդարձակումի ծրագիրը քննարկեց Միջազգային դրամատան փոխադրութեան եւ հաղորդակցութեան հարցերու պատասխանատու Զիատ Նաքաթի հետ: ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարար Սեզար Ապի Խալիլ յայտնեց, որ նաւթի արտահանումին համաձայնագիրները պիտի ստորագրուին ընթացիկ ամսուան աւարտին: ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց...

Ընտրական Օրէնքի Գործադրութեան  Եղանակի Քննարկման Յատուկ Նիստ

Ընտրական Օրէնքի Գործադրութեան Եղանակի Քննարկման Յատուկ Նիստ

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց ընտրական օրէնքի գործադրութեան եղանակը քննարկելու յատուկ նիստի մը: Նիստին ներկայ գտնուեցան ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք, ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ, գաղթականներու հարցերու նախարար Թալալ Արսլան, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ, խորհրդարանական հարցերու պետական նախարար Ալի Քանսօ, մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ, ընկերային հարցերու նախարար Փիեռ Ապի Ասի, հանրօգուտ շինութեանց եւ...

Նախագահ Աուն Սալամէի Հետ Քննարկեց Երկրին  Դրամական Եւ Տնտեսական Իրավիճակը

Նախագահ Աուն Սալամէի Հետ Քննարկեց Երկրին Դրամական Եւ Տնտեսական Իրավիճակը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէն, որուն հետ քննարկեց երկրին դրամական եւ տնտեսական իրավիճակը: Այս շրջագիծին մէջ Սալամէ նախագահ Աունին ըսաւ, թէ Լիբանանի ելեւմտական կացութիւնը բաւական լաւ վիճակի մէջ է` աւելցնելով, որ լիբանանեան թղթոսկին կայուն կը մնայ, իսկ Կեդրոնական դրամատունը կը շարունակէ որդեգրել այնպիսի միջոցառումներ, որոնք կը զօրակցին Լիբանանի ազգային տնտեսութեան:...

«Յունուարի Աւարտին Նախագահական Պալատէն  Պիտի Յայտարարենք 2018-ի Կրօնական  Զբօսաշրջութեան Ծրագիրը»   Շեշտեց Նախարար Կիտանեան

«Յունուարի Աւարտին Նախագահական Պալատէն Պիտի Յայտարարենք 2018-ի Կրօնական Զբօսաշրջութեան Ծրագիրը» Շեշտեց Նախարար Կիտանեան

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան «Լը Կրէյ» պանդոկին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի զբօսաշրջութեան բնագաւառի պատասխանատուներուն հետ: Հանդիպումին ընթացքին նախարար Կիտանեան զբօսաշրջութեան սեփական մարզը ներառեց Լիբանանի զբօսաշրջութեան բնագաւառի բարելաւման ռազմավարութեան մէջ: Այս առիթով «Վիզիթ Լեպանոն» ընկերութեան նախագահ Նետիմ Ժորժ Ֆրէյհա արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ անդրադարձաւ զբօսաշրջութեան բնագաւառին մէջ նոր շուկաներ բանալու կարելիութեան: Ապա խօսք առաւ նախարար Կիտանեան, որ յայտնեց, թէ...

Պըրրի. «Այսօր Մեր Դիմագրաւած  Կարեւորագոյն Հարցը Փտածութիւնն Է»

Պըրրի. «Այսօր Մեր Դիմագրաւած Կարեւորագոյն Հարցը Փտածութիւնն Է»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի ներկայ իրադարձութիւնները: Պըրրիի այցելեց նաեւ Դրամական հարցերու գերագոյն ատեանի ընդհանուր դատախազ Ալի Իպրահիմը, որուն ընկերակցեցաւ դատաւորներու պատուիրակութիւն մը: Հանդիպումին ընթացքին Պըրրի շեշտեց, որ Դրամական հարցերու գերագոյն ատեանին դերակատարութիւնը լուրջ պէտք է ըլլայ, որովհետեւ այսօր Լիբանանի դիմագրաւած կարեւորագոյն հարցը փտածութիւնն է:...

Ասմար. «Ելեկտրականութեան Ընկերութեան  Թղթածրարին Ամբողջական  Լուծում Տրամադրելու Կարիք Կայ»

Ասմար. «Ելեկտրականութեան Ընկերութեան Թղթածրարին Ամբողջական Լուծում Տրամադրելու Կարիք Կայ»

Ելեկտրականութեան ընկերութեան սարակները երէկ գործադրեցին նստացոյց մը, որուն ընթացքին անոնք պահանջեցին վճարել իրենց իրաւունքները` ուշացած աշխատավարձերը: Նստացոյցին ներկայ գտնուեցաւ Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Պշարա Ասմար, որ շեշտեց, թէ նախանցեալ օր ելեւմուտքի եւ ուժանիւթի ու ջուրի հարցերու նախարարներ Ալի Հասան Խալիլի եւ Սեզար Ապի Խալիլի գումարած նիստին ընթացքին քննարկուած են նաեւ սարակներուն հարցերը: Ասմար յայտնեց, որ Ելեկտրականութեան ընկերութեան թղթածրարին ամբողջական լուծում...

Պասիլ. «Համախմբումը Պատրաստ Է Արագացնելու  Պետական Ամավարկի Վաւերացումը, Պայմանով  Որ Անիկա Բարեկարգումի Նշոյլներ Ցոյց Տայ»

Պասիլ. «Համախմբումը Պատրաստ Է Արագացնելու Պետական Ամավարկի Վաւերացումը, Պայմանով Որ Անիկա Բարեկարգումի Նշոյլներ Ցոյց Տայ»

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ նախագահեց Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ընթացիկ նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան երկիրը յուզող շարք մը հարցեր: Նիստէն ետք Պասիլ յայտնեց, որ ընտրական նոր օրէնքին մէջ որդեգրուած հիմնական բարեկարգումը այն էր, որ լիբանանցին պիտի կարենար քուէարկել իր ապրած շրջանին մէջ` նկատի ունենալով ստեղծուելիք քուէարկութեան կեդրոնները: «Ընտրական օրէնքի գործադրութեան առումով այսօր գումարուած...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց Ժողովրդավարական հանդիպում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ղազի Արիտին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Զուիցերիոյ, Շուէտի եւ Քուէյթի դեսպաններուն հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները: ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Եուսեֆ Ֆընիանոս յայտնեց, որ քաղաքացիական օդանաւորդութեան սլաքավարի պաշտօնին...

Շրջանաւարտ Սպաներու Հարց.  Նախագահ Աուն Յանձնառութիւն Կը Յայտնէ  Համաձայն Գտնուելու Դատական  Իշխանութիւններուն Կարծիքին

Շրջանաւարտ Սպաներու Հարց. Նախագահ Աուն Յանձնառութիւն Կը Յայտնէ Համաձայն Գտնուելու Դատական Իշխանութիւններուն Կարծիքին

Նախագահական պալատի տեղեկատուական գրասենեակը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ ընդգծուեցաւ, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն յանձնառութիւն կը յայտնէ համաձայն գտնուելու դատական իշխանութիւններուն կարծիքին` շրջանաւարտ սպաներուն մասին իր հրապարակած շրջաբերականին վերաբերեալ: Նախագահ Աուն նշեց, որ դատական իշխանութիւնները միակ առողջ հեղինակութիւնն են ճշդելու, թէ շրջաբերականները օրինակա՞ն են, թէ՞ ոչ: Նոյն հաղորդագրութեամբ նախագահ Աուն մաղթեց, որ շրջանաւարտ սպաներուն թղթածրարին կապուած տեղեկութիւնները...

Իշխանութեան Երեք Պետերը  Շնորհաւորեցին Հայկական Ս. Ծնունդը

Իշխանութեան Երեք Պետերը Շնորհաւորեցին Հայկական Ս. Ծնունդը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն 6 յունուարին շնորհաւորեց հայկական Ս. Ծնունդը` մաղթելով, որ այդ օրհնեալ գիշերուան ընթացքին Բեթղեհէմի քարայրին խաղաղութիւնը ծագի ամբողջ Արեւելքին վրայ եւ վերջ տայ անոր արիւնահեղութեան: Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հետ եւ Ս. Ծննդեան տօնին առիթով անոր փոխանցեց իր շնորհաւորութիւնները: Նշենք, որ Ս. Ծննդեան տօնին առիթով...

Վարչապետ Հարիրի Զասիփքինի Հետ  Քննարկեց Երկկողմանի Յարաբերութիւնները

Վարչապետ Հարիրի Զասիփքինի Հետ Քննարկեց Երկկողմանի Յարաբերութիւնները

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքինը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները: Հանդիպումէն ետք Զասիփքին շեշտեց, որ վարչապետին հետ քննարկած է Լիբանանի եւ Ռուսիոյ միջեւ փոխադարձ գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ գարնան Մոսկուայի մէջ տեղի ունենալիք տնտեսական եւ մշակութային գործակցութեան վերաբերող խորհրդաժողովին նախապատրաստական աշխատանքները: Զասիփքին յայտնեց, որ...

Page 678 of 987 1 … 677 678 679 … 987

Արխիւներ