Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Կառավարութենէն Պահանջեց Արտակարգ Նիստ Մը Գումարել` Սերտելու Համար Ուսուցիչներու Աշխատավարձերուն Եւ Յաւելումներուն Թղթածրարը

January 15, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն շաբաթավերջին նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի սեփական դպրոցներուն մէջ ծնողական խորհուրդները ներկայացնող պատուիրակութիւն մը:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն  յայտնեց, թէ ինք վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ համաձայնած է, որ կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Մարուան Համատէի գործակցութեամբ կառավարութիւնը գումարէ արտակարգ նիստ մը` սերտելու համար ուսուցիչներու աշխատավարձերուն եւ յաւելումներուն թղթածրարը` նկատի ունենալով սեփական դպրոցներուն մէջ կրթաթոշակի նկատառելի կերպով սղելուն իրականութիւնը:

Նախագահ Աուն նշեց, որ ինք մեծ թիւով պատասխանատուներու հետ արծարծած է այդ թղթածրարն ու կրթական մարզին վրայ անոր ունենալիք հետեւանքները, եւ ըստ այնմ լուծման տարբերակներ առաջադրած:

Նախագահ Աուն նաեւ յոյս յայտնեց, որ կառավարութեան գումարելիք արտակարգ նիստը արմատական լուծումներով դուրս գայ` լուծելով թղթածրարին բոլոր անլոյծ կէտերը:

Պքերքէի Մէջ

Իր կարգին, մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը կիրակի օրուան պատարագէն ետք, Պքերքէի մէջ ընդունեց սեփական դպրոցներու ծնողական խորհուրդներու մէկ պատուիրակութիւնը, որուն ներկայութեան հաստատեց, որ լիբանանեան պետութիւնը պէտք է վերջնականացնէ սեփական դպրոցներու ուսուցիչներու աշխատավարձերու յաւելումներուն թղթածրարը, «առանց գնդակը նետելու ուսուցիչներուն, ծնողներուն կամ դպրոցին կողմը»:

Ռայի պատրիարքը ընդգծեց ընտանիքը պահպանելու կարեւորութիւնը` հաստատելով, որ առանց ընտանիքին ո՛չ ընկերութիւն կայ, ո՛չ եկեղեցի եւ ո՛չ ալ հայրենիք: «Հետեւաբար պէտք է լիբանանցի ընտանիքին տնտեսական բարօրութիւնը ապահովել, որպէսզի ան իր զաւակներուն կրթաթոշակը վճարելու իմաստով հարցեր չունենայ, այլ ապրի առատութեան մէջ», ըսաւ ան:

Ռայի պատրիարքը աւելցուց նաեւ, որ ճիշդ չէ ծնողներուն եւ ուսուցիչներու իրաւունքներուն միջեւ խտրութիւն դնել` աւելցնելով, որ ուսուցիչներուն իրաւունքը իր կարգին արդար է: Այս իմաստով ան ողջունեց հանրապետութեան նախագահը եւ բոլոր անոնք, որոնք կը ջանան այս թղթածրարին բարւօք լուծում գտնել:

 

 

Նախորդը

Մուխթարայի Մէջ . Ժոմպլաթ Ռիչըրտի Հետ Քննարկեց Ընդհանուր Իրադարձութիւնները

Յաջորդը

Սայտայի Մէջ Ականուած Ինքնաշարժի Պայթում. Համասի Պատասխանատուներէն Մահմուտ Համտան Մահափորձի Կ՛ենթարկուի

RelatedPosts

Հաստատ Մնալով Դիմադրութիւնը Ապազինելու  Կառավարութեան Որոշումին Վրայ.  Լիբանան Կ՛ընդլայնէ Դիւանագիտական  Շփումներու Ծիրը
Գլխաւոր լուրեր

Հաստատ Մնալով Դիմադրութիւնը Ապազինելու Կառավարութեան Որոշումին Վրայ. Լիբանան Կ՛ընդլայնէ Դիւանագիտական Շփումներու Ծիրը

March 10, 2026
Լիբանանեան Խորհրդարանը Երկու Տարիով  Երկարաձգեց Իր Պաշտօնավարութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանեան Խորհրդարանը Երկու Տարիով Երկարաձգեց Իր Պաշտօնավարութիւնը

March 10, 2026
Հայեացքը Արեւելեան Լեռնաշղթային Ուղղելով`  Իսրայէլ Կը Սաստկացնէ Իր Հարուածները`  Թիրախաւորելով Յատկապէս Ենթակառոյցները
Լիբանանեան

Հայեացքը Արեւելեան Լեռնաշղթային Ուղղելով` Իսրայէլ Կը Սաստկացնէ Իր Հարուածները` Թիրախաւորելով Յատկապէս Ենթակառոյցները

March 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.