Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

January 15, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ շեշտեց, որ շրջանաւարտ սպաներու թղթածրարը լուծելու առումով յուսալքում չկայ: Ան նշեց, որ այդ հարցը լուծելու առումով ջանքերը կը շարունակուին, եւ յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին կարելի է այդ մասին աւետիսներ լսել:

ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքը շաբաթավերջին Մաժտալ Այնճարի մէջ ձերբակալեց սուրիացի Ա. Մ.-ն, որ դատապարտուած է ահաբեկչական կազմակերպութիւններու անդամակցելու, այդ կազմակերպութիւններուն զէնք ու զինամթերք հայթայթելու, առեւանգումի, պետական փաստաթուղթեր կեղծելու եւ կրակելու յանցանքներով:

ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏ, պաշտպանութեան նախարար Ղասսան Հասպանի շեշտեց, որ քաղաքական այլ ուժի մը հետ տեսակէտի տարբերութիւններ ունենալու պարագային կարելի չէ դիմացինը դասալքութեամբ ամբաստանել եւ հարուածել:

ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարար Ռաէտ Խուրի յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը կառչած կը մնայ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան հետ իր համաձայնութեան` աւելցնելով, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն պարագային Ազգային ազատ հոսանքը միայն մէկ քաղաքական ուժի հետ պիտի չդաշնակցի:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ալի Հասան Խալիլ շեշտեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Լիբանանի յոյսն է` նկատի ունենալով, որ ան իր իմաստուն քաղաքականութեամբ եւ Դիմադրութեան ուղեգիծին կառչածութեամբ կառավարած ու պաշտպանած է երկիրը:

ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ հարցերու նախարար Թալալ Արսլան պահանջեց, որ կառավարութեան յատուկ նիստ մը գումարուի զուտ գաղթականներու օրակարգով:

ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարար Ղաթթաս Խուրի շաբաթավերջին ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքինը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ մշակութային համաձայնագիրներու ստորագրութեան նախապատրաստութիւնները` նկատի ունենալով, որ այդ համաձայնագիրները պիտի ստորագրուին վարչապետ Սաատ Հարիրիի Ռուսիա կատարելիք պաշտօնական այցելութեան ընթացքին:

ՏԵՂԱՀԱՆՈՒԱԾՆԵՐՈՒ հարցերու պետական նախարար Մույին Մերեհպի յայտնեց, որ շրջանաւարտ սպաներու թղթածրարը կը լուծուի երկխօսութեան միջոցով եւ սահմանադրութեան վրայ հիմնուելով: Անդրադառնալով Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ նոր նշանակուած դեսպան Ուալիտ Եաագուպի Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահին կատարած այցելութեան` Մերեհպի ըսաւ, որ անիկա բնական է` նկատի ունենալով, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը ազգային ուժ կը նկատուի: Մերեհպի շեշտեց նաեւ, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի լաւապէս կը պահպանէ երկրին կառավարութիւնը:

ԾՐԱԳՐԱՒՈՐՈՒՄԻ պետական նախարար Միշել Ֆարաոն շեշտեց, որ իրենք կը մերժեն երեսփոխանական ընտրութիւններուն յետաձգումը եւ ցաւով կը գուժեն ընտրական օրէնքի կարգ մը բարեկարգումները:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման զգուշացուց սահմանադրութեամբ ճշդուած առաջադրանքները ջնջելու կամ յետաձգելու վտանգներէն:

 

Նախորդը

Ապպաս. «Իսրայէլ Վերջ Տուաւ Օսլոյի Համաձայնագիրին Եւ Անիկա Այլեւս Գոյութիւն Չունի»

Յաջորդը

«Կը Մաղթենք, Որ ՄԱԿ Օժանդակէ Սուրիացի Տեղահանուածներու Ապահով Տունդարձին» Շեշտեց Նոհրա

RelatedPosts

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական  Գործակցութեան Նախարարը`  Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու  Լուծման Համար Դիւանագիտական  Լուծումներուն Կը Կառչինք»
Լիբանանեան

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական Գործակցութեան Նախարարը` Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու Լուծման Համար Դիւանագիտական Լուծումներուն Կը Կառչինք»

October 30, 2026
Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ  Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում

October 30, 2026
Ֆրանսական Խորհրդարանական  Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց  Պէյրութի Նաւահանգիստ
Լիբանանեան

Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Պէյրութի Նաւահանգիստ

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.