Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումին շրջագիծին մէջ Միքաթի հաստատեց, որ Պըրրի կառչած կը մնայ երեսփոխանական ընտրութիւններուն կայացումին` հիմնուելով ընտրական նոր օրէնքին վրայ:
Միւս կողմէ, շրջանաւարտ սպաներու աստիճանի բարձրացումի թղթածրարին մասին Միքաթի յայտնեց, որ այդ շրջաբերականը ամբողջովին սխալ է: Միքաթի նշեց, որ աստիճանի բարձրացումը կը շնորհուի իսկական վաստակ ունեցող զինուորականներու եւ ոչ թէ ամբողջ զօրամասի մը` յարգելով այդ զօրամասն ու անոր մատուցած զոհողութիւնները:
Միքաթի նշեց, որ նման աստիճանի բարձրացում ի վերջոյ պիտի յանգի նիւթական հատուցումներու, հետեւաբար ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլի ստորագրութիւնը այդ իմաստով անհրաժեշտ է:
Միքաթի դիտել տուաւ, որ Խալիլի կողմէ ստորագրութիւնը համայնքայնութիւն պէտք չէ նկատել, այլ` սահմանադրութեան եւ Թաէֆի համաձայնագիրի գործադրութիւն:
Միւս կողմէ, Ամալ շարժումը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ հաստատուեցաւ, որ Պըրրի բազմիցս շեշտած է, թէ Լիբանանի մէջ թշնամանք գոյութիւն չունի` աւելցնելով, որ երբեմն քաղաքական հակառակորդներու դրութեան պարագաներ կ՛արձանագրուին: